İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւնները, դժբախտաբար, լարուածութիւն մը յառաջացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Վեհափառ Հայրապետը նախընթաց օր անդրադարձած էր Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ամենակնճռոտ հարցերէն մէկուն եւ օրակարգի վրայ բերած էր քորոնաժահրի համավարակի առկայ մթնոլորտին մէջ՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոփոխութեան ենթարկելու նիւթը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր բանտարկուած է։ Իր խափանման միջոցի փոփոխութեան հարցը պէտք է քննարկուէր դատական նիստի մը ընթացքին, որ երկար ժամանակէ ի վեր տեղի չ՚ունենար եւ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։ Այս իրավիճակին մէջ հնչած Նորին Սրբութեան յայտարարութեան պատասխանած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղարը՝ Մանէ Գէորգեան։ Թէեւ այդ յայտարարութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ պատշաճ յարգանքի ոգի չէր ցոլացներ, սակայն, պատասխանի իրաւունքի տեսակէտէ յամենայնդէպս հանդուրժելի գիծերու մէջ էր։ Իսկ երէկ, Մանէ Գէորգեանի այդ պաշտօնական յայտարարութենէն վերջ, ընկերային ցանցերու վրայ Վեհափառ Հայրապետին դէմ շատ տգեղ եւ անարգական յայտարարութիւններով հանդէս եկան Հայաստանի իշխանութեան յառաջատար դէմքերէն՝ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ Հանրային խորհուրդի նախագահ Ստիոպա Սաֆարեան։ Ծայրայեղական, մոլեռանդ եւ ընդվզեցուցիչ էին այս յայտարարութիւնները, որոնք բուռն հակազդեցութիւն եւ ցասում յառաջացուցին եկեղեցական շրջանակներէ ներս, նաեւ հաւատացեալներու մօտ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բազում միաբաններ ընկերային ցանցերու միջոցաւ յայտնեցին իրենց ամենախիստ բողոքը։ Միաբաններուն միացան նաեւ բազում հաւատացեալներ, որոնց շարքին էին հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ կամ մտաւորականներ։ Այս ամբողջին մէջ պահանջուեցաւ, որ Ալէն Սիմոնեան սրբագրէ իր գրառումը եւ ներողութիւն խնդրէ Վեհափառ Հայրապետէն։ Պահանջուեցաւ նաեւ, որ ան հեռանայ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի օրակարգին վրայ ռումբի ազդեցութիւն գործած Վեհափառ Հայրապետի յայտարարութիւնը ծնունդ տուաւ բանավէճի մը, որ կ՚ողողէ երկրի ամբողջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները։ Օտար աղբիւրներ ալ արձագանգ կը հանդիսանան ստեղծուած իրավիճակին։ Այսպէս, «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի մէջ արշաւ մը սկսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ։ Ստեղծուած տհաճ, անտեղի եւ խորապէս մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգը հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Ապրիլի 14-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ ի պատասխան news.am գործակալութեան հարցման կատարուած յայտարարութիւնը տեղի տուած է տարաբնոյթ, այդ շարքին նաեւ անտեղի ու անհարկի մեկնաբանութիւններու եւ գնահատականներու։ Հարկ կը նկատենք յայտնել հետեւեալը՝ Վեհափառ Հայրապետի կեցուածքը ամբողջապէս համահունչ է Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ մարդասիրական առաքելութեան ու դաւանած արժէքներուն։ Հետեւաբար, հարկ է չքաղաքականացնել Վեհափառ Հայրապետի դիրքորոշումը ու չտրուիլ անպտուղ բանավէճերու։ Ցաւօք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արտայայտած միտքերը կը ներկայացուին հատուածաբար, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին անդրադարձը՝ ամբողջէն կտրուած եւ այլափոխուած։ Նորին Սրբութեան յորդորին առընչուած բոլոր մեկնաբանութիւններն ու գնահատականները պէտք է կատարուին՝ խստօրէն հետեւելով թեքստի բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ դրսեւորել անհրաժեշտ պատշաճութիւն եւ բարեկրթութիւն՝ տեսակէտներ եւ կարծիքներ արտայայտելու ժամանակ, առաւել եւս երբ սա կը կատարուի պաշտօնատար դիրք զբաղեցնող անձերու կողմէ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորն է բոլորին՝ միասնութեան եւ համերաշխութեան ոգիով, ջանքերու մէկտեղումով լծուիլ համավարակի այս ծանր իրավիճակին մէջ հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման»։

Հանրային կարծիքին մօտ ստեղծուած ամբողջ թոհուբոհին եւ սուր բանավէճի մթնոլորտին մէջ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի Գերագոյն մարմինը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ մերժելի է Վեհափառ Հայրապետին եւ Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւը։ ՀՅԴ-ի Գերագոյն մարմինը Վեհափառ Հայրապետի կողմէ Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային օրակարգի վրայ բերուած յորդորը կը նկատէ զուտ մարդկային, բարեսիրական, բարոյական եւ միանգամայն արդարացուած։

«Ցաւօք, այդ մարդասիրական յորդորը տակաւին ոչ միայն պաշտօնական պատասխանի մը չէ արժանացած, այլեւ՝ կազմակերպուած կերպով սանձազերծուած է տգեղ եւ անբարոյական քարոզարշաւ մը Հայոց Հայրապետին եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ հերթական այս արշաւը անթոյլատրելի է ու խիստ վտանգաւոր։ Սա նենգ ու թշնամական հարուած մըն է պետութեան ու ժողովուրդին դէմ։ Իշխանութիւններէն կը պահանջենք յստակ դիրքորոշում յայտնել այս կապակցութեամբ եւ համապատասխան վերաբերմունք դրսեւորել նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերած քաղաքական, պետական, հանրային գործիչներու հանդէպ։ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու դէմ որեւէ ոտնձգութիւն մեր կողմէ պիտի արժանանայ համարժէք պատասխանի», նշուած է ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն մարմնի յայտարարութեան մէջ։

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) երէկ մեղադրանք առաջադրեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերէն մէկուն առաջնորդական փոխանորդին։ Ինչպէս ծանօթ է, ԱԱԾ վերջերս իրերայաջորդ ձեւով աղմկայարոյց թղթածրարներ կը բանայ եւ այդ գայթակղեցուցիչ երեւոյթներով հանրութեան օրակարգին վրայ կը բերուին երկրի նախկին իշխանութիւններու գործունէութիւններուն վերաբերեալ բազմաթիւ պնդումներ։ ԱԱԾ-ի կողմէ երէկ առաջադրուած մեղադրանքը, որքան որ ալ շատ կարեւոր նիւթի մը վերաբերի, շատ ուշագրաւ է իր ժամկէտին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ առնուած քայլ մըն է այս մէկը եւ ակամայ տեղի կու տայ զանազան մեկնաբանութիւններու։ ԱԱԾ-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ որեւէ անուն չէ նշուած, սակայն պատմուած է դէպքի մանրամասնութիւններ եւ մատնանշուած է գումարներու։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, համադրելով փաստերը՝ կարելի է եզրակացնել, որ հարցը կը վերաբերի տարիներ առաջ բացայայտուած եւ մեծ աղմուկ յառաջացուցած Կիպրոսի օֆշորի գայթակղութեան։ Այս խնդրի կիզակէտին յայտնուած էին Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Տիգրան Սարգսեան եւ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։ Գործարար Փայլակ Հայրապետեան զանոնք մեղադրած էր զինքը ունեզրկելու համար։ Նոյն գործով ամբաստանեալ ուրիշ գործարար մը՝ Աշոտ Սուքիասեան տարիներ առաջ յայտարարած էր, որ առանց Տիգրան Սարգսեանի եւ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի գիտակցութեան, փաստաբանի խորհուրդով անոնց օֆշորի գօտիէ ներս բացուած ընկերութեան մէջ բաժնետէր դարձած էր՝ օգտագործելով անոնց անձնական տուեալները, որպէսզի իր ձեռքէն ընկերութիւնը չվերցնեն։ ԱԱԾ-ի կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յանցագործութիւններու բացայայտումէն յետոյ, 2013 թուականի ընթացքին խնդրոյ առարկայ հոգեւորականը օգնութեան խոստումներ տալով, համոզած է հետախուզման մէջ գտնուող յանցակիցը՝ ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ յանցագործութեան իր մասնակից ըլլալու ապացոյցներու կեղծման կամ ոչնչացման ուղղեալ գործողութիւններ կատարուած են։ Մեղադրեալի դէմ որպէս խափանման միջոց ընտրուած էր չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։ ԱԱԾ տեղեկացուցած է, որ քննութիւնը կը շարունակուի, միջոցներու կը ձեռնարկուին յանցագործութեան կատարման ներգրաւուած բոլոր անձերը պարզելու, պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ յառաջացած վնասը վերականգնելու ուղղութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F16-04-2020-վեհափառին-դէմ-արշաւ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın