İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ՈՒԽՏ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա Նորին Ամենապատուութեան առաջին արտասահմանեան ուղեւրութիւնն է՝ պատրիարքական գահ բարձրանալէ վերջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փափաքած է իր առաջին այցելութիւնը տալ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր երէկ երեկոյեան ողջագուրուեցաւ Ամենային Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Սուրբ Էջմիածնի նախամեծար ուխտին նկատմամբ այսպէսով Նորին Ամենապատուութիւնը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը եւ սա իր գահակալութեան շրջանի առաջին քայլափոխի ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մին հանդիսացաւ։

«Այստեղ իմ տունն է։ Ինքզինքս կը վերագտնեմ ընտանիքիս մէջ։ Այստեղ կը զգամ նոյն ջերմութիւնը եւ նոյն սրբութիւնը։ Կեանքիս ամենաարդիւնաւէտ վեց տարիները անցուցած եմ այստեղ։ Մենք Քրիստոսի բանակն ենք եւ պիտի պանծացնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Նկատի ունենալով, որ միջոցէ մը ի վեր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած են, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վրաստանի վրայով մեկնեցաւ Հայաստան։ Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ան Իսթանպուլի օդակայանէն առաւ Թրքական օդային ընկերութեան թռիչքը եւ կէսօրուան ժամերուն հասաւ Թիֆլիզի օդակայանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անմիջապէս առաջնորդուեցաւ պատուոյ սրահ, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեանի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները օդակայանէն առաջնորդուեցան Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Ան պատմական եկեղեցւոյ մէջ ուխտի կարճ աղօթք մը ըրաւ եւ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեանն ալ ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Այս պատմական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կը գտնուի հայկական երաժշտութեան մեծ դէմքերէն Սայաթ Նովայի շիրիմը։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աղօթք մը արտասանեց մեծ աշուղի հոգւոյն համար եւ իր ընկերակիցներուն հետ նկարահանուեցաւ անոր շիրմին շուրջ։ Յարակից Առաջնորդարանի երդիքին տակ աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրասիրուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան կէսօրին ճաշասեղանով մըն ալ մեծարեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ընկերակիցները։ Թիֆլիզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի տունը, որ կը գտնուի պատմական Թիֆլիզի սրտին վրայ եւ այսօր վերածուած է մշակոյթի կեդրոնի մը։ Պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կատարեց շրջայց մը, ստորագրեց պատուոյ տոմարը եւ հիւրասիրուեցաւ թէյասեղանով մը։ Օրուան տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ Խոջիվանքի նշանաւոր պանթէոնը, ուր կը գտնուին արեւելահայ հեղինակաւոր մտաւորականներու շիրիմները։ Այսպէսով տարանցիկ կեցութեան ժամերը աւարտելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ առաջնորդուեցաւ Թիֆլիզի օդակայանը, ուրկէ երեկոյեան ժամերուն Հայկական օդային ընկերութեան թռիչքով հասաւ Երեւան։

Զուարթնոց օդակայանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ առաջնորդուեցաւ պատուոյ սրահ։ Զինքը դիմաւորելու փութացած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ընկերակիցները օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ առին կարճ հանգիստ մը եւ աւելի վերջ ուղղուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ ողջագուրուելէ առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Թիֆլիզի մէջ այցելեց «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի տունը։ Սա իսկապէս յատկանշական իրադարձութիւն մըն էր եւ երէկուան օրուան ամբողջին մէջ կարծես նուիրական խորհուրդներու հետեւելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իր անդրանիկ ուղեւորութեան առթիւ արժանացաւ մեծ պատիւներու։ Մայրավանքի համալիրէն ներս արտասովոր ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի այցելութեան բերումով։ Սրբոց Հրեշտակապետաց մատրան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ներկայացուցիչները թափօր կազմելով խորան առաջնորդեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Մեծ պահոց խորհրդաւոր օրերու մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի հետ Նորին Ամենապատուութիւնը սաղմոս քաղեց եկեղեցւոյ փակ խորանին առջեւ։ Ներկայ էին Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Տ. Տաթեւ Արք. Սարգսեան, Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Վանօրէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անունով ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ գոհունակութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրեն պարգեւած էր այս խորհրդաւոր պահը։ «Կեանքիս ամենաարդիւնաբեր տարիները այս սուրբ տարածքին մէջ անցան։ Գործեցի որպէս Սուրբ Էջմիածնի միաբան։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ վերջ արդէն Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամ դարձայ՝ որպէս ձեր եղբայրը։ Եկած եմ իմ տունս։ Ես ինքզինքս կը զգամ ընտանիքիս մէջ։ Այստեղ կը զգամ նոյն ջերմութիւնը եւ նոյն սրբութիւնը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ շեշտը դնելով մէ՛կ եկեղեցի, մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ ապագայ գաղափարին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ հոգեւորականաց դասը Տէր Յիսուս Քրիստոսի բանակը կը համարուի։ «Ուր որ ալ ըլլանք՝ մեր աղօթքը ուղղած ենք դէպի Սուրբ Էջմիածին։ Սա իմ առաջին այցելութիւնն է որպէս պատրիարք, բայց ոչ վերջինը։ Պիտի պանծացնենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Հրաշափառ»ի արարողութեան ընթացքին։

«Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ վեհարան, ուր դիմաւորուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։ Այս սիրալիր դիմաւորումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձրացան վեհարանի գահասրահը։ Այստեղ Վեհափառ Հայրապետը եւ բոլոր ներկաները նախ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ վերջ փոխանակուեցան ճառեր։ Ներկայ էին Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղակատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ այլ եկեղեցականներ։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նոր ազգընտիր գահակալը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ողջունելու առիթով։ Ան մաղթեց, որ Տիրոջ շնորհները հեղուին նորընտիր գահակալին վրայ եւ ան իր հօտը իմաստութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ առաջնորդէ։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց, որ երկար տարիներ վերջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կ՚ունենայ իր նոր գահակալը։ Ան մաղթեց, որ Աստուած ուժ եւ կորով տայ՝ ծանր պարտականութիւնները իրականացնելու ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ օգտաշատ ծառայութիւնը՝ հոգեւոր կեանքի շինութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասին՝ յիշեցնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործած տարիներուն անոր կողմէ ծաւալուած հսկայական աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց այդ սպասաւորութեան նախանձախնդրութիւնն ու անձնուրաց բնոյթը։ Վեհափառ Հայրապետը քաղցրութեամբ վերյիշեց նաեւ իր Պոլիս կատարած անդրանիկ ու ցայսօր միակ հովուապետական այցելութիւնը։ Այդ յիշատակներու լոյսին տակ Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց, որ ականատես դարձած է պոլսահայութեան հաւատքի ջերմութեան, սիրոյն եւ յարգանքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ իր ականատես եղածը համահունչ էր երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ փոխանցուած տպաւորութիւններուն։ Ուստի, ան շեշտեց, որ նման զօրեղ հաւատքով հօտի մը կողմէ ընտրուած է նոր պատրիարքը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնն ու յղեց յաջողութեան մաղթանքը։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ խորապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ վեհարանի գահասրահին մէջ Նորին Սրբութեան ներկայութեամբ արտայայտուեցաւ իսկապէս դիպուկ խօսքերով։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ պոլսահայութեան աղօթքներուն մէջ միշտ տեղ ունին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ «Մենք կը զօրանանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Վեհափառ Հայրապետը յիշելով», ըսաւ ան ու կրկնեց, որ իր կեանքի ամենաարդիւնաւէտ վեց տարիները անցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ունեցած ծառայութեամբ։ Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ այդ տարիներու ընթացքին իր ներդրումը բերած է շուրջ 200 եկեղեցականներու պատրաստութեան։ Իր տարած ամբողջ աշխատանքներուն ի նպաստ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր երախտագիտութիւնը։ «Աղօթեցէք, որ Աստուած նոր իմաստութեամբ օժտէ այս նոր պատրիարքը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վեհարանի երդիքին տակ։ Մինչ այդ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածնի տարածքին աչքի կը զարնէ բարձրացող քաղաք մը։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետի ջանքերուն շնորհիւ աչաշլաց յաջողութիւններ կ՚արձանագրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի, ան մաղթեց, որ Նորին Սրբութեան գաւազանը միշտ ըլլայ զօրաւոր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսքին մէջ յստակօրէն շեշտեց նաեւ պոլսահայութեան հաւատարմութիւնը եւ որդիական հնազանդութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։

Վեհափառ Հայրապետն ալ մաղթեց, որ Բարձրեալն Աստուած հաւատքով զօրացնէ նորընտիր պատրիարքը եւ փառաւորէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։

Այս ջերմ արտայայտութիւններու փոխանակումէն վերջ աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դիմաւորումը, երբ արդէն ժամն ալ բաւական ուշ էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ վեհարանի իր կացավայրը։ Այցելութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որոնք եւս Մայրավանքէ ներս կ՚իջեւանին վանատան յարկէն ներս։

Յառաջիկայ օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին զանազան հարցեր, որոնց շարքին կ՚առանձնանան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման գործընթացն ու յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար ԳՀԽ-ի երկու ատենապետներէն մին է։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պիտի ատենապետէ նիստերուն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի 6-ը։ Ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ պիտի առնէ առանց սպասելու ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին եւ դարձեալ Թիֆլիզի վրայով պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ժամանակացոյցին պիտի հետեւի՝ հասնելու համար իր հոգելոյս նախորդին՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնին։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F29-02-2020-նախամեծար-ուխտ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın