İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԵՇԹԵՓԷԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԽՕՍՔ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

30 օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ երէկ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան փառաշուք հանդիսութիւններ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ տիկնոջ՝ Էմինէ Էրտողանի տանտիրութեամբ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած այս երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ թրքահայ համայնքէն շարք մը ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մասնակցեցաւ հաւաքոյթին՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նախագահ Էրտողանի անձին մէջ նորին սրբազնութիւնը Յաղթանակի տօնը շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ յղեց՝ յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին ու մեր համայնքին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբթուան մէջ նախագահ Էրտողան յատուկ հրամանագրով մը եկեղեցիէ դուրս սքեմ կրելու իրաւունք շնորհեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Այդ տնօրինութենէն վերջ երէկուան հանդիպումը առաջինն էր անոնց միջեւ։

Պեշթեփէի մէջ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, որոնք եւս շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեցին Հանրապետութեան նախագահին եւ պետական աւագանիէն այլ դէմքերու։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, «Լոյս» պարբերականի ընտանիքէն Արամ Քուրան եւ Յարութիւն Քուրան, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն Մասիս Եոնթան, որ Թուրքիոյ Հաշուապահներու ընկերակցութեան նախագահն է։

Երէկուան ընդունելութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ յատկանշական պահերու առիթ հանդիսացաւ։ Արդարեւ, նախագահ Էրտողանի ներկայութեամբ հաւաքոյթի ընթացքին խօսք բացուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մասին։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նոյնաժամանակ մօտեցան Հանրապետութեան նախագահին։ Թէկուզ հոծ թիւով ներկաներու կողմէ շրջապատուած էր Հանրապետութեան նախագահը, սակայն ան այդ մթնոլորտին մէջ որոշ ժամանակ յատկացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին եւ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Շնորհաւորական պատշաճ արտայայտութիւններէն վերջ յոտնկայս զրոյցը ընթացաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Այդ փուլին, նախագահ Էրտողան հրաւիրեց նաեւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն, որ եւս ներկայ էր նաեւ երէկուան ընդունելութեան։ Տեղապահի եւ ատենապետի ներկայութեամբ Հանրապետութեան նախագահը փափաքեցաւ նախարարէն տեղեկութիւններ քաղել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Քանի մը վայրկեան այնպիսի վիճակ մը ստեղծուեցաւ, որ նախագահ Էրտողան, նախարար Սոյլու, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ ատենապետ Շիրինօղլու ոտքի վրայ խորհրդակցեցան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Այդ պահերուն Սիւլէյման Սոյլու նախագահ Էրտողանին յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութեան համար համայնքը մէկ կողմէ կը կատարէ իրեն վիճակած պատրաստութիւնները, իսկ Ներքին գործոց նախարարութիւնը ներկայիս մէկ-երկու կէտի վրայ աշխատանք կը տանի։ Սոյլուի խօսքով՝ այդ բոլորը կրնան շուտով աւարտիլ եւ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնը կրնայ ուղարկուիլ շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս խօսակցութենէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու միջոց մը առանձին ալ զրուցեց Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Ընդհանուր առմամբ, երէկուան ընդունելութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններու լոյսին տակ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին կապակցութեամբ մեր համայնքին ազդանշաններ հասան քանի մը կարեւոր հանգամանքի շուրջ։ Առաջինը՝ Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ նախագահ Էրտողանին փոխանցուած բացատրութիւնն է, ըստ որու, պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնը կրնայ հասնիլ շուրջ շաբթուան մը ընթացքին։ Երէկուան զրոյցներուն ժամանակ յըս-տակեցան նաեւ այլ կարգ մը հանգամանքներ։ Այսպէս, Ներքին գործոց նախարարութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի պատրիարքական ընտրութեան պարագային քուէարկութեան մասնակցելու նուազագոյն տարիքի շեմը 18-ի իջեցնելու նիւթին շուրջ։ Բաց աստի, պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացնելիք պատգամաւորներու թիւը կրնայ բարձրանալ 15 հոգիով։ Այսինքն, նախորդ պատրիարքական ընտրութիւններու բաղդատմամբ այս անգամ Ազգային պատգամաւորական ժողովի կազմը կրնայ դառնալ աւելի բազմանդամ։ Ուրեմն, երէկուան զրոյցներու լոյսին տակ հնարաւոր դարձաւ նուազագոյն պատկերացում մը ունենալ այն մասին, թէ պատկան իշխանութիւնները ինչ խնդիրներու վրայ ներկայիս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ՝ մինչ մեր համայնքը կը սպասէ ընտրական կանոնադրութեան փութով հասնիլը։ Աւելորդ է ըսել, որ ընդունելութիւններու մթնոլորտին մէջ, ոտքի վրայ զրոյցներով չեն կարգաւորուիր պետութեան օրակարգի խնդիրները, սակայն երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին մեր համայնքի ներկայացուցիչները արժանացան շատ դրական վերաբերմունքի եւ ի շարունակութիւն անոնց փոխանցուած պատգամները կամ տեղեկութիւններն ալ տրամաբանականօրէն կրնան համարուիլ հաւաստի։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան երէկ գիշեր արդէն վերադարձան քաղաքս։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Իսթանպուլի մէջ ալ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ 30 օգոստոսի տօնին առթիւ։ Այս հաւաքոյթին յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցան դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որոնք կուսակալ Ալի Եէրլիքայային փոխանցեցին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F31-08-2019-պեշթեփէի-ընդունելութեան-ընթացքին-նախագահ-էրտողանի-ներկայութեամբ-խօսք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın