İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանի Ներկայացուցիչը Յաղթած Է Լոնտոնի ՄԷջ Տեղի ունեցած «Միսս ԽՍՀՄ» Գեղեցկութեան Մրցոյթին

Լոնտոնի մէջ կայացած է MISS USSR UK 2019 գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն կը մասնակցին գեղեցկուհիներ նախկին խորհրդային երկիրներէն:

Ինչպէս կը հաղորդուի մրցոյթի ինստագրամեանէջին վրայ, մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է Հայաստան ներկայացնող 18-ամեայ Անժելինա Չաբանեան: Ան արժանացած է նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:

Երկրորդ տեղը գրաւած է Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Քսենիա Օչերեդկոն, իսկ երրորդ տեղը Ղազախստանը ներկայացնող Լաուրա Մուխտարը:

Անժելինա Չաբանեան ծնունդով Պելառուսէն է, 15 տարեկանէն կ՛ուսանի Անգլիոյ մէջ։

http://hayernaysor.am/cl/archives/310585?fbclid=IwAR01MPeV7CR-XgGkxHPbCzs_G9LzGltOscLWwHTo5dCrdpIUjCDckNotQrc#.XMa_LoNQKVo.facebook

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın