İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՏՐԱՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՎԿԱՅՈՂ ԵՌԱԼԵԶՈՒ ՅՈՒՇԱՔԱՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ Է

«Հայերն այսօր»ի համաձայն, Հնդկաստանի հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան արժէքաւոր կոթողներէն է Մատրասի Հայկական կամուրջը, զոր 1726-ին Խօճա Պետրոս անունով ջուղահայ վաճառական Պետրոս Ոսկան Վելիջանեան կառուցած է:

Գեղատեսիլ բազմակամար կամուրջը եղած է Մատրասի տեսարժան վայրերէն մէկը, բազմաթիւ գեղանկարիչներ պատկերած են զայն: Դարեր շարունակ Հայկական կամուրջը Մատրասի երկու հատուածները կապող կարեւորագոյն օղակ հանդիսացած է, ապա 1966-ին անոր անմիջական հարեւանութեան նոր կամուրջ կառուցուած է:

Մատրասի Հայկական կամուրջի պատմութիւնը լատիներէնով, պարսկերէնով եւ հայերէնով արձանագրուած է յուշաքարին վրայ: Սակայն, արձանագրութեան հայերէն բաժինը, որ փորագրուած է յուշաքարի ստորին մասին վրայ, ժամանակի ընթացքին ամբողջութեամբ պեթոնապատուած է: Ամիսներ առաջ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը պատկան մարմիններուն դիմած էր յուշաքարի վերականգնումը թոյլատրելու համար: Դեսպանութեան խնդրանքով Չեննայի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Շիւկումար Իշուարանի հովանաւորութեամբ  յուշաքարը պատուանդանի վրայ տեղադրելով յաջողած են փրկել: Այդպիսով ոչ միայն յուշարձանի հետագայ պահպանութիւնը ապահովուած է, այլեւ ան առաւել տեսանելի դարձած է անցորդներու  համար:

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/04/43772/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın