İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Բարեգործութիւնը լուռ պէտք է ըլլայ».Գալուստ Կիւլպէնկեան

Անի Զէյթունցեան
«Ռատիօ լուր»

Մարտ 23-ին Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150 ամեակն է: Հայ մեծանուն գործարարի եւ բարերարի յոբելենական տարեդարձը կը նշուի եւ Փորթուկալի, եւ Հայաստանի մէջ ամբողջ տարուան ընթացքին: Կիւլպէնկեանի կտակի համաձայն՝ 1956 թ. Լիզպոնի մէջ հիմնուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն և հոգևոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ տրամադրած հայ աշակերտներուն և ուսանողներուն: 

«Բարեգործութիւնը լուռ պէտք է ըլլայ, երբ գործ մը ընէք, լաւ ըրէք այդ գործը , իմացէք՝ ուր պէտք է հասնիք». Գալուստ Կիւլպէնկեան

Մեծանուն հայը մեծ եղաւ իր ծագումով, իր կեանքով և մանաւանդ իր թողած հարստութեան արդիւնքով: Ծագումով , որովհետև տոհմիկ շառաւիղն էր Ռշտունեաց վարդ-պատրիկ իշխանական տունին , որուն նախնիները Տոսպեան բարձունքներէն փոխադրուած են Կապադովկիոյ և կ.Պոլսոյ առևտրական հրապարակներուն վրայ և փայլեցան իրենց ցեղային ու տոհմային ձիրքերով:

Մարտ 23-ին Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մէջ շատ մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենայ , ոչ միայն այդ օրը այլև ամբողջ տարուան ընթացքին։ Զրուցակիցս եղաւ Լիզպոնի մէջ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն, տոքթ.Ռազմիկ Փանոսեանը:

«Փորթուկալի երիտասարներուն համար պիտի ներկայացուի բարերարին կեանքը , նաև ցուցադրութիւն մը պիտի ներկայացուի, որ պիտի տևէ ամբողջ տարին:

Լիզպոնի մէջ Գ. Կիւլպէնկեանի գիրքը լոյս տեսաւ Յունուար ամսուն, երբ գիրքը հանրութեան ներկայացուեցաւ այդ օրը Փորթուկալի նախագահը խօսք առաւ և խօսեցաւ Կիւլպէնկեան մարդուն և գիրքի մասին, այդ եղաւ առաջին միջոցառումը բարերարի ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած» , ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեանը և աւելցուց, թէ Յուլիսին լոյս պիտի տեսնէ գիրք մը, որ պիտի տպագրուի բարերարին նամակները ուղղուած իր թոռնիկին՝ Միքայէլ Եսայեանին, նաև իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը։

Ապրիլին պիտի հրաւիրուի երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը իր 80-ամեակին առիթով, որ նաև հիմնարկութեան 150 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս է:

Նոյեմբերին պիտի ժամանէ Տիգրան Համասեանը, իսկ Սեպտեմբերին Կոմիտասի նուիրուած միջոցառումն է:

«Հայասատնի մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել գիտաժողով մը՝ նուիրուած Գալուստ Կիւլպէնկեանին, սակայն դեռ ժամանակը չենք որոշած», – ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան:

Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ «Տոհմիկ Բարերարը » նոր գիրքը՝ նուիրուած Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150 ամեակին ։ Գլխաւոր խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու տոքթ․ Ամատունի Վիրապեան, կազմողը՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Էմմա Յովսէփեան։ Ընթերցողին ներկայացւող վաւերագրերու սոյն ժողովածուն կ՛արտացոլէ մեծ բարերարի 20-րդ դարու առաջին կէսին ծաւալած աննախադէպ բարեգործական աշխատանքը, հայանպաստ ու ազգապահպան գործունէութիւնը:

Էմմա Յովսէփեանը, որ կը գտնուէր Լիզպոն հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի հրաւէրով գիրքի պատրաստման առիթով, ըսաւ. « Լիզպոնի մէջ կ՛ըսէի Արմեինա, չէին գիտեր, կ՛ըսէի Կիւլպէնկէան, կըսէին՝ այոոո….»:

Քարիւղի արդիւնաբերութեան մէջ ցոյց տուած բարերարի տաղանդն ու ձեռներէցութիւնը մէկ երեսն է միայն իր գործի, խոշոր գործառնութիւններու միջնորդ և ճշմարիտ ձեռնարկու մը պետութիւններու և մեծ ըկերութիւններու ՝ շահած է անոնց հիացումը, հայու անպարտելի ռազմավարութեամբ: Այդ է պատճառը, որ օտարները զինք կոչած են «քարիւղի իշխան», միջազգային առևտրական հրապարակի վրայ՝ «անպարտելի տիտան» :

«Մեր յաջորդ հինգամեայ ծրագիրը հիմնարկութեան պիտի ըլլայ շեշտը դնել Արևմտայհայերէնի զարգացման վրայ» , -ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան՝ շեշտելով արևմտահայերէնի և կրթաթոշակներու մասին:

UNESCO-ն արեւմտահայերէնը դասած է անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուներու շարքին: Կիւլպէնկեան հիմնադրամի առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է պաշտպանել արևմտահերէնն ու աջակցիլ արևմտահայերէնի զարգացման:0:000:00

https://armradio.am/hy/9055

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın