İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ -150

Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում, 
Բայց մեզ էլ գիտենք- մեզ հայ են ասում։
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք
Կա՛նք։ Պիտի լինենք։ Ու դեռ շատանանք…
Պ. Սեւակ

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Երուանդ Օտեանի մասին խօսք սկսելէ առաջ ճանաչողական կամ վերլուծական թռուցիկ ակնարկ մը նետենք մեր պատմութեան, որ պիտի պարզէ վերին բնաբանը ընտրելու պատճառը։
Պարոյր Սեւակեան վերոնշեալ տողերը մեզմէ իւրաքանչիւրը լսած կամ կրկնած է բազմաթիւ անգամներ, ոմանք՝ հպարտանքով, ոմանք՝ կասկածամտութեամբ, ոմանք՝ սնափառութիւն նկատելով, ոմանք՝ տրամաբանական բաղդատութիւններ ընելով եւ այլն։ Ու սակայն հարցը տարբեր դիտանկիւններէ քննելով՝ կրնանք «արդարացնել» Սեւակ բանաստեղծին «մեծամտութիւնը», եթէ այդպէս տպաւորուած ենք, եթէ բանաստեղծը մեղանչած է համեստութեան դէմ։
Նախ՝ ըսելիքը առաջին տողին. «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում», չըսելու համար, որ այլասէր ենք։ Ապա նոր միայն կու գայ երկրորդ տողը՝ մեր ինքնաճանաչողութիւնն ու ինքնագնահատականը հաստատող։ Յաջորդող երկու տողերը միտքը ամբողջացնելու կը ծառայեն։ Ինչո՞ւ Սեւակ հարկ կը համարէր այս գաղափարը քերթուածով հաստատել։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր պատասխանը ունենալ. կը պարզեմ իմս։
Յիշենք Սեւակի ապրած օրերը, բանաստեղծի՝ իր առաքելութեան սթափ ու խիստ պատասխանատու յանձնառութիւնը, իր ազգի պատմութեան, լեզուին ու մշակոյթին իր հրաշալի իմացութիւնը։ Նման անձը չէր կրնար ըլլալ յոխորտ. ազգային սնապարծ կ’ըլլան թերուսները։ Օտարի դարաւոր տիրապետութիւնները ու մեր հայրենիքին մէջ իսկ միշտ ստորին, արգահատելի ազգ նկատուելու, կոխկրտուելու զգացումը մեր մէջ խոր հետքեր ձգած ու բարդոյթի վերածուած էր։ Ցեղասպանութիւն, հայրենիքի կորուստ, ազգի կոտորակում, առաւել ետին մղեցին մեր ազգային արժանապատուութեան զգացումը։ Ապա՝ հազիւ անկախութիւն, «ողբի ու որբի հայրենիք»-ը հազիւ մէջքը շտկած, վրայ հասնող երկրորդ ամենակուլ մրրիկը՝ համայնավար կարգերը, սթալինեան հազարաւոր ձերբակալութիւնները, փոխադարձ մատնութեան ու սարսափի մթնոլորտը մեծապէս խաթարած էին հայ մարդու հոգեբանութիւնն ու մտայնութիւնը։ Վերահաս երկրորդ համաշխարհային պատերազմ, կրկին մեծաթիւ զոհեր, քաղաքական ճնշումներ, արգելք ազգային որեւէ դրսեւորումի, ու դեռ ինչերէ՜ անցած էր մեր ժողովուրդը, երբ Սեւակ ու իր սերնդակից՝ 60-ականներու հայրենի բանաստեղծները, օգտուելով բացուած ճեղքէն, բարենպաստ հովերէն, սկսան բարձրաձայնել ազգին անցած ողբերգական ճանապարհի մասին ու արթնցնել ազգային նիրհող (նիրհեցուող) գիտակցութիւնը։ Սեւակին նախորդն ալ՝ Տէրեան գրեթէ նոյն՝ ազգի ոգին արթնցնելու նկրտումը ունէր, երբ կ’ըսէր. «Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին»։ 
Սեւակ, անտարակոյս, նկատի ունէր ազգին հաւաքական հանճարը, որ ստեպ կը փայլատակէ լուսաւոր անհատներու մէջ՝ հասած ըլլան անոնք մարդկութեան սեղանին, թէ ոչ։ Անշուշտ, մեծ ու թուաքանակով շատ ազգեր առաւել միջոցներ ունին իրենց տաղանդները քաջալերելու եւ միջազգային մակարդակի բարձրացնելու։ Նաեւ՝ բնականոն զարգացումի ճամբայ անցած, լիարժէք ապրող ու ստեղծող մեծ ազգերու մտածողներու մտահորիզոնը առաւել լայն շառաւիղով կը բացուի, համամարդկային ու տիեզերական փնտռտուքներու թռիչքը կ’ունենայ, խոր լայնութիւններ կ’ընդգրկէ անկասկած, որով ալ կ’ըլլայ համայնական։ Բայց ո՞ տայր հայոց իմաստասէրին, բանաստեղծին, երաժիշտին, գեղանկարիչին եւ այլն, մտնել բարձր ոլորտներ, երբ ազգը յաւերժաբար դամոկլեան սուրի տակ էր։ Սիամանթոյի պէս հանճար մը կը մերժէր անձնական զգացումներու, սիրոյ ու գեղեցիկի քնարը հնչեցնել։ Ան «ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծելու» համար ինքնակամ յանձն կ’առնէր իր տաղանդը սահմանափակելու տառապանքը, այն միջոցին, երբ եւրոպացի իր գրչակիցները իրենց հոգիի «փղոսկրեայ աշտարակներու մէջ» կը փակուէին ու բարձրագոյն արուեստի կը ձգտէին։ Կամ նոյնիսկ հայոց վիճակուած դժնդակ պայմաններու մէջ լոյս արարողներ ինչպէ՞ս փայլէին, մնալով փակուած լեռներու մէջ՝ ինչպէ՞ս հասնէին միջազգային չափանիշերու. ո՞վ պիտի սատարէր անոնց, երբ չկար պետականութիւն։ Մինչդեռ Սեւակ կը ճանչնար հայոց հանճարին փայլող ու տակաւ չպեղուած ակունքները։ Քի՞չ են մեծ մշակոյթներու շփուած ու հոն գագաթնացած հայեր։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սեւակ մեզի կը յուշէ. «Բայց մեզ էլ գիտենք, մեզ հայ են ասում»…
Այս նախաբանէն ետք, որ սկիզբէն ի վեր շեղեցաւ նիւթէն, նպատակ ունինք անդրադառնալ իրենց տաղանդին մէջ լիովին չբացայայտուելու դատապարտուած մեր մեծերու յոբելեաններուն՝ 
Կոմիտաս, Թումանեան, Շանթ, Օտեան։ 
Ստանձնելով անոնց մասին գրելը՝ յանձն առի նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն մը, թէեւ նոր խօսք ու կարծիք չէ որ պիտի բերեմ, այլ զիրենք յիշեմ ու փորձեմ յիշեցնել։
Պարոյր Սեւակ իր «Անլռելի զանգակատուն» վիպերգը, եթէ կը յիշէք, կը սկսի հետեւեալ տողերով՝

Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին.
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել։

Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն։
Մի մանուկ ծնուեց Լոռուայ Դսեղում…

Միեւնոյն թուին, Լոռուց շատ հեռու՝
Անատոլուի խաւար խորքերում
Մէկ ուրիշ մանուկ լոյս աշխարհ եկաւ…

Այսպէս՝ Կոմիտասին ու հայ ժողովուրդի նահատակութեան նուիրուած իր վիպերգին մէջ Սեւակ նոյն գիծին վրայ կը դնէ Կոմիտաս ու Թումանեան։ Յստակ է, որ Սեւակ առաւ անժխտելի ու անվիճելի մեծութիւններ ու չէր կրնար յիշել նաեւ Լեւոն Շանթն ու Երուանդ Օտեանը. այդ ընելն իր մշակած սեռին ո՛չ օրէնքներուն, ոչ ալ իր նպատակին մաս կը կազմէր։ Մինչդեռ 1869-ին իրապէս «Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն», ու ծնան մանուկներ, որոնք պէտք էր ի լոյս գային՝ կատարելու ազգանպաստ այն դերը, զոր ճակատագրօրէն իրենց վերապահուած էր։ 
Յոբելինական այս տարուան գնացքին Ազատն Կոմիտասին, անտարակոյս, կ’անդրադառնան երաժիշտներ, իսկ միւս երեքին անուններուն դիմաց նուաստս պահ մը երկմտեցայ։ Անոնք բոլորն ալ «Իրանց գլուխը բարձրացրին ու ամէնն էլ ուզում էին՝ որ իրանց ոտը գնամ»։ Այն ատեն Աբովեանին ոգին հասաւ օգնութեան ու թելադրեց ընտրել մեծերուն մէջ ամէնէն խոնարհը։ Ու ես՝ լոռեցիս, Թումանեանին «ոտը երթալը» առժամապէս յետաձգելով՝ կը փորձեմ Օտեանի աշխարհը մտնել։ 

(Շար.1)

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/15/43068/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın