İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ

Սաղիմական Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց մասնակցելու նպատակաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան 17 յունուար 2019, երեքշաբթի, մեկնեցաւ Ս. Երուսաղէմ։ Հայր սուրբը որպէս ուխտաւոր, միացաւ Պոլիսէն ուխտաւորաբար Ս. Երկիր ժամանած խումբին, զոր կ՚առաջնորդէին Սեւան Կսրկ. Արապեան եւ Միհրան Սաթըլմըշ։ Տօնակատարութեանց մասնակցելու համար Պոլիսէն Ս. Երկիր ժամանակած էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան եւ Արտա Կսրկ. Փընարճը։ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն եւս ուխտաւորներ փութացած էին Ս. Երկիր։

Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍԻ ՎԱՆՔ

Թել Աւիւ ժամանումէն յետոյ, խումբի առաջին կայանը եղաւ Յոպպէի Ս. Նիկողայոս վանքը։ Այստեղ, հայր սուրբը բացատրեց Ս. Նիկողայոսի վարքը եւ մասնաւորապէս անդրադարձաւ երանաշնորհ Շահան Սրբազանին, որ անցալին այս վանքի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս տեսուչ։ Խումբը ջերմ հիւրասիրութեան արժանացաւ վանքի տեսուչ Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանի կողմէ։ Տեսուչ հայր սուրբը եւս, իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց տեսնելով պոլսահայ ուխտաւորաց խումբը եւ իր գնահատանքը յայտնեց խումբի բոլոր անդամներուն։ Այցելութեան աւարտին խումբի անդամները վանատան դահլիճին մէջ հիւրասիրուեցան թէյասեղանով։ Ուխտաւորներ վանատան միաբանութեան շնորհակալութիւն յայտնելէ յետոյ բաժնուեցան Յոպպէէն։

Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյ բարեհաճ կարգադրութեամբ՝ հայր սուրբը իջեւանեցաւ Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ։ Այս առթիւ, ան, ընկերակցութեամբ Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեանի այցելեց Ս. Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանին ու սրբազան հօր հայրական օրհնութիւնը ստացաւ։ Ուխտագնացութեան ծրագրերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած թոյլտուութեանց համար։

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ

Յաջորդ առաւօտ, 18 յունուար, ուրբաթ, կանուխ ժամերուն Ս. Երուսաղէմի մէջ արդէն իսկ սկսաւ Ս. Ծննդեան ոգեւորութիւնը։ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներ, ուխտաւոր հոգեւորականներ, Ժառանգաւորաց վարժարանի սաներ ու ուխտաւորներ գլխաւորութեամբ՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, հսկայ թափօրով ուղղուեցան դէպի Բեթղեհէմ։ Նորին ամենապատուութեան շքախումբը տաճարի մուտքին դիմաւորուեցաւ Բեթղեհէմի հայոց վանքի տեսուչ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեանի կողմէ։ Մինչ այդ, Բեթղեհէմի Ծննդեան Մայր տաճարի շրջակայքը արդէն իսկ սկսած էր տօնական եռուզեռը։ Հայոց ակումբներու երիտասարդներու սկաուտներու նուագախումբերը պատրիարք սրբազան հօր ժամանումէն յետոյ սկսան երգերով ընթանալ, մինչ այդ հոգեւորականաց թափօրը կ՚երգէր «Խորհուրդ մեծ» շարականը։ Տօնական ոգեւորութիւնը կ՚աւետէր նաեւ տաճարի աւետաբեր զանգակները։ Բեթղեհէմը կը վերածուէր զանազան գաղութներէ հայերու ժամադրութեան վայրին։ Պատրիարք սրբազանը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի հայոց վանքը, ուր պետական աւագանիի ներկայութեամբ ընդունեց շնորհաւորութիւնները։ Ներկայ ուխտաւորներ, մինչեւ յետմիջօրէ վայելեցին Բեթղեհէմի մթնոլորտը։ Ժամը 14.00-ին, պատրիարք սրբազանը իջաւ Մայր տաճարի մուտքը եւ ներկայ հոգեւորականներու եւ Ժառանգաւոր սաներու ներկայութեամբ ու «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Քրիստոսի ծննդեան այրը։ Կատարուած ուխտի աղօթքի աւարտին սկսաւ Ճրագալոյցի արարողութիւնը։ Պատրիարք սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարուած ժամերգութեան աւարտին, Ս. Այրի վրայ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան մատուցանեց Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Նախքան Տէրունական աղօթքը՝ հայր սուրբը քարոզեց ու ողջոյնը փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ խօսեցաւ Ս. Ծննդեան իմաստին մասին։ Այնուհետեւ, ներկաները հրաւիրեց Ս. Ծննդեան հոգեւոր իմաստին թափանցելու։ Արարողութեան աւարտին լուսարարապետ Սեւան սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ նախատօնակի արարողութիւն։

Հոգեւոր արարողութեանց աւարտին՝ ներկաներ հիւրասիրուեցան Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյ կողմէ։ Ս. Ծննդեան առթիւ հայոց բաժնի ներքեւ գտնուող հսկայ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ էր հոգեւորականաց դասը եւ ուխտաւորներ։ Ընդունելութեան ներկայ էին պատրիարք սրբազան հայրը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի փոխ-վարչապետ Զիատ Քամար: Յընթացս հիւրասիրութեան՝ պատրիարք սրբազան հայրը իր սրտի խօսքերը արտասանեց եւ գոհունակութեամբ ողջունեց ներկայ հիւրերն ու ուխտաւորները։

Ընդունելութենէն յետոյ, ժամը 22.00-ին, պատրիարք սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւն։ Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնն ու Ժառանգաւորաց սաները գեղեցկօրէն կատարեցին երգեցողութիւնները։ Արարողութեան ներկայ եղան  Պաղեստինի փոխ-վարչապետ Զիատ Քամար եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ։ Ժամը 24.00-ին, հոգեւոր հայրեր, Ժառանգաւորացի սաներ «Ճառագայթ եւ կերպարան» շարականի երգեցողութեամբ իջան Ս. Ծննդեան այրը եւ երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս»ը։ Այս առթիւ, նորին ամենապատուութիւնը արաբերէն եւ հայերէն պատգամներ փոխանցեց ներկաներուն։ Պատրիարք սրբազանը մասնաւորապէս շեշտեց խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ մաղթեց, որ ներկաներ ընթանան Աստուծոյ ճանապարհէն եւ արժանանան Քրիստոսի փոխանցած խաղաղութեան։ Քարոզխօսութեան յաջորդեցին երգուած Ս. Ծննդեան շարականներն ու տաղերը։

ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ

Ժամերգութեան արարողութեան աւարտին՝ պատրիարք սրբազանը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբեանց մայրավանք։ Ապա սկսաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ լուսարարապետ Սեւան սրբազան հօր։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին Հայաստանէ ուխտաւորաբար ժամանած ուխտաւորներ եւ պոլսեցի խումբ մը ուխտաւորներ։ Այս խորհրդաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան, Սեւան Կսրկ. Արապեան եւ Արտա Կսրկ. Փընարճը։ Ժամը 02.00-ին, պատարագիչ հայր սուրբը «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի հայոց բաժնի Ս. Խորանը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ժառանգաւորաց սաներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուր Սրկ. Վարդանեանի։ Նախքան Տէրունական աղօթքը՝ պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ իրեն տուած առիթին համար։ Ս. Ծննդեան այրի մօտ, մութին եւ ցուրտին ընդմէջէն ներկաներ կերպով մը կը զգային Քրիստոսի ծնած պայմանները ու այդ ժամուն մատուցուած Ս. Պատարագը ա՛լ աւելի կը դառնար խորհրդաւոր։ Այս առթիւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարք սրբազան հօր եւ լուսարարապետ սրբազան հօր, որոնց թոյլտուութեամբ կը պատարագէր այդ սուրբ վայրի մէջ։ Այնուհետեւ մաղթեց Ս. Յակոբեանց միաբանութեան կարողութիւն եւ զօրութիւն։ Հայր սուրբը շեշտեց նաեւ, թէ յայտ-նըւածը սովորական փրկիչ մը չէր, ան նոյնինքն Աստուած էր։ Հետեւաբար Աստուծոյ որպէս Փրկիչ յայտնութիւնը, կը փոխանցէր նաեւ Աստուծոյ անսահման սէրը՝ հանդէպ մարդկութեան։ Այս առթիւ ներկաները հրաւիրեց ականջ տալու հրեշտականման երգեցողութեան ձայնին եւ թափանցելու Աստուծոյ սուրբ ներկայութեան։

Ս. Պատարագի աւարտին՝ լուսարարապետ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Քրիստոսի Ս. Այրին մօտ օրհնուեցաւ ջուրը Ս. Միւռոնով եւ կատարուեցաւ Քրիստոսի խորհրդանշական մկրտութիւնը։

Արարողութեան աւարտին՝ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ կրկին կատարուեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որմէ յետոյ լուսարարապետ սրբազան հօր ձեռամբ Ս. Այրին վրայ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ժամը 04.30-ին, պատարագիչ սրբազան հայրը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Այր։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան պոլսեցի ուխտաւորներ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Առաւօտեան արեւածագին արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։ Պատարագիչ սրբազան հայրը «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի հայոց վանք եւ ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն փոխանցեց Քրիստոսի ծննդեան մեծ աւետիսը ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։ Վերջին «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ Բեթղեհէմի մէջ կատարուած տօնական հոգեպարար արարողութիւնը։ Հոգեւոր արարողութեան աւարտին բոլոր միաբաններն ու աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ս. Յակոբեանց վանք։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի հայոց Նուրհան Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 19 յունուար, շաբաթ առաւօտ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի ընդունելութեան դահլիճին մէջ ընդունեց պոլսեցի խումբ մը ուխտաւորներ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նախկին պոլսեցի Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեան, ինչպէս նաեւ խումբի պատասխանատուներ՝ Սեւան Կսրկ. Արապեան եւ Միհրան Սաթըլմըշ։ Յարութիւն հայր սուրբը խօսք առնելով՝ յանուն ներկաներուն երախտագիտական ջերմ զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց նորին ամենապատուութեան ուխտաւորներու ընծայուած ջերմ վերաբերմունքին համար։ Հայր սուրբը ըսաւ, թէ Ս. Ծննդեան ոգեւորութիւնը, Ս. Տեղեաց մէջ կատարուած սաղիմական տօնակատարութիւններով կրկնապատկուած էր։ Ուխտաւորներ թէ՛ ներկայ էին ի հոգեւորս զօրանալու Ս. Երուսաղէմով եւ թէ իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կանգնելու Ս. Յակոբեանց միաբանութեան։ Այս առթիւ, Ս. Յակոբեանց Առաքելական Աթոռոյ յանձնուեցաւ յիշատակի նուէրներ։ Այցելութեան առիթով հայր սուրբը նորին ամենապատուութեան յանձնեց նաեւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան. Գատըգիւղի հետքերով» գիրքէն նմոյշ մը։ Պատրիարք սրբազան հայրը անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Ս. Յակոբեանց վանքը տունն է բոլոր ուխտաւորներուն եւ իր դռները ընդմիշտ բաց են ուխտաւորաց առջեւ։ Այնուհետեւ օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց, որ իրենց փափաքները իրականանան։ Ան թելադրեց, որ ներկաներ զանազան առիթներով կրկին այցելեն Ս. Երկիր։

Այցելութեան աւարտին՝ ներկաներ շրջեցան Ս. Յակոբեանց վանքի համալիրը եւ Ս. Հրեշտակապետաց վանքը։ Ապա ուղղուեցան Ս. Փրկիչ վանք եւ շրջեցան միաբանական գերեզմանատունը։ Այս առթիւ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարճ աղօթասացութիւն մը, որով հանգստեան աղօթքներով մասնաւորապէս յիշատակուեցան Ս. Աթոռոյ անմոռաց գահակալ Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երբեմնի քարոզիչ եւ Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ Արք. Դուրեան եւ Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեան։ Խումբը ապա ուղղուեցաւ դէպի Գեթսեմանի ու Աստուածամօր եւ Քրիստոսի հետ առընչուած վայրերը այցելելու առիթն ունեցաւ։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

20 յունուար, կիրակի առաւօտ, Յորդանան գետի ափին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Պատրիարք սրբազան հօր նախագահութեամբ՝ հոգեւոր հայրեր, ժառանգաւորներ եւ ուխտաւորներ փութացին Յորդանան գետի ափը։ Մինչ այդ Յորդանանի հայոց տեսուչ Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանի առաջնորդութեամբ՝ յորդանանահայեր գետի դիմացի ափէն կը մասնակցէին արարողութեան։ Ժամը 11.00-ի մօտ, զանգակներու ղօղանջին միացաւ «Լոյս» շարականը եւ սկսաւ Քրիստոսի խորհրդանշական մկրտութեան արարողութիւնը։ Այնուհետեւ ներկաներ մեծ ուրախութեամբ հետեւեցան արարողութեան։ Այս առթիւ արտայայտուեցան լուսարարապետ Սեւան սրբազան հայրն ու Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանը։ Արարողութեան աւարտին՝ ներկաներ վերաթարմացուցին իրենց մկրտութեան ուխտերը։

ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նոյն օրը, ժամը 16.00-ին, Յարութիւն աբեղայի առաջնորդութեամբ խումբը այցելեց Ս. Յարութեան տաճար, ուր հայր սուրբի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Տեղեաց թափօր։ Ներկայ էին նախկին պոլսահայեր՝ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Շէրպէթճեան եւ Ս. Յարութեան տաճարի միաբան Արտա Ուր. Դպիր Տիւշէն։ Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարեցին Ժառանգաւորաց սաները։ Այնուհետեւ ներկաներ սուրբ տաճարի զանազան սրբավայրերը շարականներու երգեցողութեամբ շրջեցան եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։ Նոյն երեկոյեան, ժամը 19.00-ին, հայր սուրբն ու Արտա Կսրկ. Փընարճը մնացին տաճարի մէջ, մասնակցելու համար առաւօտեան Ս. Պատարագին։ Ժամը 03.00-ին, Յարութիւն աբեղան «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գերեզման։ Ս. Աւետարանը ընթերցեց Արտա Կսրկ. Փընարճը։ Այնուհետեւ փակ տաճարի անձայն մթնոլորտին մէջ միայն ու միայն կ՚արձագանգէր հայոց Սուրբ Պատարագի բառերը։ Շուրջ ժամը 05.00-ին իր աւարտին հասաւ այս խորհրդաւոր արարողութիւնը, որմէ յետոյ հայր սուրբը ուղղուեցաւ դէպի Տիբերիոյ շրջանը։

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Երկու օր տեւողութեամբ պոլսեցի ուխտաւորներ տեսան Տիբերիոյ բազմաթիւ սրբավայրերը։ Իւրաքանչիւր սրբավայր իր եզակի տեսարանով ու շնորհալի մթնոլորտով կազդուրեց այցելուները։ Այնուհետեւ հայր սուրբը բացատրութիւններ տուաւ սուրբգրային մէջբերումներով։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական էր Պայծառակերպութեան եւ Երանեաց լերան անձայն, բայց նոյնքան խորհրդաւոր մթնոլորտը։ Խումբը, 22 յունուար, երեքշաբթի, երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ Ս. Երուսաղէմ։

Յաջորդ առաւօտ, 23 յունուար, չորեքշաբթի, խումբը ընթացաւ «Խաչի ճանապարհ»էն։ Կայանները մի առ մի շրջելէ յետոյ հասաւ Ս. Յարութեան տաճար։ Այստեղ Արտա Ուր. Դպիր Տիւշէնի ընկերակցութեամբ այցելեցին Ս. Յարութեան տաճարի սրբատեղիները։ Հայր սուրբը եւս սուրբգրային մէջբերումներով յիշեցուց Ս. Տեղեաց խորհուրդները։ Անոնք տեսան նաեւ Ս. Վարդան մատուռը, ուր կը գտնուի առաջին ուխտաւորներէ մնացած ժայռանկարի մը բեկորները։ Ներկաներ Ս. Վարդանանց պատգամով պսակեցին իրենց այցելութիւնը. «Քրիստոնէութիւնը մեր հագուստը չէ, այլեւ՝ մեր մորթին գոյնը»։ Այցելութեան աւարտին խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբեանց Մայր տաճար՝ մասնակցելու համար երեկոյեան ժամերգութեան։

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հոգեւոր արարողութեանց աւարտին՝ պատրիարք սրբազան հայրը հրաժեշտի այցելութեան համար ընդունեց Յարութիւն աբեղան, Սեւան կիսասարկաւագը, Արտա կիսասարկաւագը, Սարվէն սարկաւագը եւ Միհրան Սաթըլմըշը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նախկին պոլսեցի Ս. Յակոբի վաստակաւոր սպասաւորներէն Շահան Սրկ. Քէօսէեան։ Ներկաներ յայտնեցին, թէ այցելութեանց իւրաքանչիւր քայլափոխին կը զգային հայոց պատրիարքութեան ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ նորին ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար։ Անոնք մաղթեցին զանազան առիթներով կրկին այցելել Ս. Երկիր։

24 յունուար, հինգշաբթի, հայր սուրբը մասնակցեցաւ առաւօտեան ժամերգութեան, որմէ յետոյ հրաժեշտ առաւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան զինուորեալ միաբանութենէն։ Հրաժեշտի համար այցելեց նաեւ Ժառանգաւորաց վարժարան, ուր տեսակցեցաւ վարժարանի նորանշանակ տեսուչ Տ. Տաճատ Վրդ. Ծատուրեանի հետ։ Հայր սուրբը շնորհաւորեց Տաճատ վարդապետը, որուն առաջնորդութեամբ Ժառանգաւորաց սաները պատրաստուած էին Ս. Ծննդեան դժուարին եւ յոգնեցուցիչ արարողութեանց։ Մաղթեց, որ հայր սուրբի առաջնորդութեամբ շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Հայր սուրբը այցելութեանց աւարտին միացաւ պոլսահայ ուխտաւորաց խումբին եւ անոնք որպէս վերջին կայան Թել Աւիւի ճամբուն վրայ այցելեցին Ռամլէի Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Իրենց վերջին աղօթքը կատարելէ յետոյ հասան Թել Աւիւի «Պեն Կուրիոն» օդանաւակայանը եւ երեկոյեան ժամերուն հասան Պոլիս։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-01-2019-ուխտագնացութիւն՝-դէպի-սուրբ-երկիր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın