İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐ՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ ՀՌՉԱԿՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայ Մամուլի Տարի հռչակելու առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ յառաջիկայ Ապրիլին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար։

Խորհրդակցութեան  մասնակցեցեան Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու Համահայկական Ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք»ի տնօրէն Սեւակ Յակոբեան, «Արարարտ»ի խմբագիր Աւետիս Փօշողլեան, Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, կաթողիկոսութեան հայագիտական-կրթական գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեան, Տեղեկատուական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

Խորհրդակցութեան առաջին նիստին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորելով հայ մամուլին դերը՝ անդրադարձաւ այն գլխաւոր գործառոյթներուն, որոնք հայ մամուլը իբրեւ առաքելութիւն պէտք է վերաիմաստաւորէ՝ ներկայ ժամանակակաից պայմաններուն լոյսին տակ։

Յաջորդող նիստերուն, մամլոյ գործիչները քննարկեցին համաժողովի ընդհանուր խորագիրին, նիստերուն եւ զեկուցումներուն համար ձեւակերպուելիք թեմաները եւ մասնակցութեան ձեւաչափի վերաբերող հարցեր: Ապա կատարեցին առաջարկներ, իբրեւ ուղենիշ նկատի ունենալով վեհափառ հայրապետի հրապարակած պատգամը՝ 2019-ը հայ մամուլի տարի հռչակելու առնչութեամբ։

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/12/41302/



İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın