İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թարգմանչաց Տօնի Առթիւ, Մեսրոպ Մաշտոցի Թարգմանչաց Վարդապետներու Յիշատակին -1

Հայ գիրերու գիւտարար ,հայերէն լեզուի առաջին ուսուցիչ,հայոց ՛՛Մեսրոպեան Դպրոց՛՛ ներու  հիմնադիր  Մեսրոպ Մաշտոցի շնորհիւ ,401 թուականէն ի վեր կարելի եղած է ,հայերէն գրել ու կարդալ  եւ նաեւ  օտար լեզուներէն հայերէնի թարգմանութիւններ կատարել  : Հայերէն տառերու գիւտի շնորհիւ զարգացաւ հայ գրականութիւնը,մատենագրութիւնը, մշակոյթը եւ նաեւ ապրեցաւ Ե-րդ   դարուն  ՛՛ Ոսկեդարեան Շրջան՛՛ ը:
Երբ որ,Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ 301 թուականին  պետական կրօնք հռչակուեցաւ, ժողովուրդը չէր կրնար հայկական եկեղեցիներու մէջ Յունարէն կամ Ասորոնիներէն  լեզուներով կատարուած արարողութիւնները  հասկնալ ու գիրքերը կարդալ: Եւ  նաեւ, Հայաստանը այդ շրջանին, քաղաքական ու դիւանագիտական  ճգնաժամի  շրջան մը կ՛ապրէր,երկիրի  բաժնուած էր  երկու մասի ,Հայաստանի  արեւելեան մասը  Պարսկական ,իսկ արեւմտեան մասն ալ Բիւզանդական գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր : Հայ ժողովուրդը ինք իրեն կը օտարանար,ձուլման  վտանգի հետ դէմ յանդիման էր:
Հայ ժողովուրդի միջեւ պարակտումներ սկսած էին, ժողովուրդի մէջ քրիստոնէութեան տարածումն ու արմատաւուրումը մի միայն  կրօնական հարց մր չէր,այլ նաեւ  քաղաքական ՛ որ,նպատակ ունէր ,արգելք ըլլալ ՛՛Ձուլում՛՛ի : Մեսրոպ Մաշտոց  անդրադառնալով այս վատ կացութեան ՛,յանգեցաւ այն եզրակացութեան որ, քրիստոնէութիւնը  տարածելու ու քարոզելու միջոցով կարելի պիտի ըլլայ  հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը վերականգնել ու վերակազմել, հետեւաբար պայման է Սուրբ գիրքի հայերէնի թարգմանութիւնը ,որուն  համար  կարիք էր,հայկական սեփական գիրերու  գիւտը:
Մեսրոպ Մաշտոց  ծնած է 362 Թուականին Տարօնի մէջ,նախնական կրթութիւնը  Տարօնի Սուրբ Կարապետ վանքի մէջ ստանալէ վերջ ,կը պաշտօնավարէ Վաղարշապատ՛ ի,Խոսրոց Գ. թագաւորի  պալատի մէջ  որպէս ատենադպիր,կը դառնայ զինուորական  ապա լքելով իր զինուորական պաշտօնը կը  վերադառնայ աշխարհական կեանքի ու ինքզինք կը նուիրէ Ճգնաւորութեան ու Սուրբ Աւետարանի քարոզչութեան աշխատանքներու, 401-405 թուականներուն տքնաջան աշխատանքներով ու բծախնդիր ուսումնասիրութիւններով կը կազմէ ՛՛Հայոց Այբուբէն՛՛ը, նախ 22 գիրերէ բաղկածեալ,որոնք ի պահ կը մնային Ասորի Դանիէլ Եպիսկոպոսի քով,Մեսրոպ Մաշտոց Աստուածային հրաշքի օգնութեամբ պակաս մնացած 14 գիրերով ամբողջացուց հայոց սեփական այբուբէնը:Այսպէսով  հայ ժողովուրդը շնորհուեցաւ 36 հայ տառերով, ապա 12-րդ դարուն ՛՛Օ՛՛ եւ՛՛Ֆ՛՛ գիրերու յաւելումով  ՛՛Հայոց Այբուբէն՛՛ը ամբողջացաւ 38 տառերով:
Մեսրոպ Մաշտոց եղաւ հայ ժողովուրդի հայերէնի առաջին ուսուցիչը ,շրջելով ամբողջ Հայաստանի տարածքը  հիմնեց հայկական վարժարաններ ,վարժարնի հայերէն ուսուցչանականութեան պաշտօնը յանձնեց  իր աշակերտներուն , իր կողմէ հինմուած հայկական վարժարնները կոչուեցան ՛՛Մաշտոցեան Դպրոցներ՛՛: Շուտով զարգացաւ հայ գրականութիւնը, մատենագրութիւնը, մշակոյթը եւ Աստուածաշունչը թարգմանուեցաւ  հայերէնի ,այս Աստուածաշնորհ աշխատանքը կոչուեցաւ ՛՛Թագուհի Թարգմանուեանց՛՛ որը, իրականցաւ  նուիրեալ հայ գիտնականներ  Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորութեամբ եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի  համագործակցութեամբ ,Եզնիկ Կողբացի,Եղիշէ Պատմիչ,Պատմահայր Մովսէս Խորենացի, Կորիւն, Ղազար Փարպեցի,Դաւիթ Անյաղթ,Յովնան Եկեղեցացի  երից Սուրբ Թարգմանիչներու սքանչելագործ աշխատանքներով.
Այս բոլոր աշխատանքները ծնունդ տուաւ, հայ գրականուեան ու մշակոյթին   “Ոսկեդարեան Շրջանի՛՛ ծաղկումին :
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց  վախճանեցաւ 80 տարեկանին ,գերեզմանը կը գտնուի Աշտարակ քաղաքի Օշական գիւղի մէջ իր անունով կնքուած Սուրբ Տաճարի մէջ որը ,ուխատեղի դարձած է:
Երբ որ,Հայ  Գիրի  Գիւտէն սկսեալ  ծաղկող  մեր  հարուստ  մշակոյթի մասին կը խօսինք`, անհրաժեշտութիւն  է,  վեր  հանել  այն մեծ ծառայութիւնը , զորմատուցած են, Մեսրոպ  Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ ի գլխաւորութեամբ  Թարգմանիչներու  սերունդ մը, որոնց տքնքջան  աշխատանքներու շնորհիւ ճոխացաւ  Հայ  լեզուն  ու  մշակոյթը.

 Հետեւաբար ՛՛Թարգմանչաց Տօն՛՛ի առիթով կ’ուզեմ, մեր Սուրբ Թարգմանիչ վարդապետներու ու  այդ շրջանի հայ մտաւորականներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով ,անոնք  ոգեկոչել ու անոնց վաստակը ու խնկելի յիշատակը  վերյիշել :
Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի,Ս.Սահակ Պարթեւի, Վռամշապուհ թագաւորի  անուններէն ետք, մեր ինքնուրոյն մշակոյթը ստեցծելու գործին մէջ , յիշատակելի  մեծանուններ  են , թարգմանչաց  սերունդէն,  Սքանչելի Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի , Պատմագրութեան ռահվիրայ Ագաթանգեղոս,Տաղանդաշատ Փաւուստոս Բիւզանդ, Պատմահայր Մովսէս  Խորենացի , Աւարայի Պլպուլ Եղիշէ.Բազմահմուտ Ղազար Փարպեցի,Փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթ, Բարոյագէտ Կաթողիկոս Յովնան Մանդուկեան. Ու այլ  սուրբ թարգմանիչ  վարդապետները.

Պիտի Շարունակէ

Տօքթ.Սարգիս Ատամ:
Օգտագործուած Ակ:Հայկական Սովետական Հանրագիտարան հատոր Ա, Երեւան 1974:

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın