İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

37 ՏԱՐԵԿԱՆ Է ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ

Յուշատետրին հատորները մեր յարկին տակ Գրեց՝ ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

4 Օգոստոս 1981 – 4 Օգոստոս 2018
Ռ. Հատտէճեանին Յուշատետրին հատորները մեր յարկին տակ
Գրեց՝ ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Այո՛, երեսունեօթը տարիէ ի վեր Պր. Ռոպէր Հատտէճեան ամէն առաւօտ հաւատարմօրէն ու կանոնաւորաբար Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթին իր յատուկ սիւնակով մտերիմ էջ մը կը բանայ իր եւ իր ընթերցողներուն միջեւ։
Մտերմութիւն մը, որ լայն տեսադաշտ ունի, հեռաւոր հորիզոններ կþառաջնորդէ մեզ։ Վա՜յ որ օրուան մէջ առիթը փախցուցած ըլլամ կարդալու, ընկերներէս մէկն ու մէկը կը յիշեցնէ.
»Այսօրուան ՅՈՒՇԱՏԵՏՐը կարդացի՞ր… մի՛ փախցներ… շատ սրտախօսիկ է… կամ ճի՛շդ ուզածդ է… եւլն…
Բայց ո՞ր մէկը չէ…
Կար ատեն մը որ համակարգիչ չունէի եւ այդպէս կանոնաւորաբար չէի կրնար Մարմարա-ի էջերուն բարեւ տալ։
Այսօր, երբ նստած մէկ առ մէկ խնամքով գիրքերս դարակներէն վար առնելով սնտուկներուն մէջ կը շարեմ, հեղինակային շարքով թէ այլ խմբակցութեան տակ դնելով, գործս դիւրացնելու համար փոխադրութեան պարագային փնտռածս առանց երկար որոնելու – պէտք եղած տուփը բանալով փնտռածս գտնելու – ահաւասիկ իմ առջեւս ամբողջ սնտուկ մը ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ-ի հատորները շարուեցան. աւելի քան քսանըհինգ հատոր… իսկ Նարեկացիին մասին գրուածը ես օրը օրին տպած ու կազմած էի ինծի համար։
Ամէնէն պարզ հաշուով եթէ 37 տարիները մօտաւորապէս երեք հարիւրով բազմապատկենք ¤չհաշուած տարուան Կիրակներն ու կարգ մը տօնական օրերը…_ կը տեսնենք թէ մեր սիրելի խմբագիրը ի՜նչ ժրաջանութեամբ գրիչ շարժած է իր ընթերցողները յուսախաբ չընելու, դաստիարակելու, Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն մէջ մեզ պտըտցնելով, Առագաստ բանալով դէպի Բանաստեղծութիւն, Հայոց Լեզուի Բառարաններուն անայցելու էջերուն մէջ մեզ մխրճելով եւ նոր ակնոցներով տեսնելու տուեալ բառն ու անոր գործածութիւնը…

Տակաւին չեմ անդրադառնար Հատտէճեանի վէպերուն, յատուկ առիթներով գրուած հատորներուն, թատերական գործերուն եւ հրապարակախօսկան այլ ելոյթներուն։
Այսօր ՅՈՒՇԱՏԵՏՐին տարեդարձն է. ան 37 տարեկան է։ Անոր ծնունդ տուող, մկրտող, օրը օրին դիեցնող-սնունդ մատակարարող գրիչը մեր սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանն է։
Ձեր Գրիչը անսպառ Վարպետ։ Ձեր ամենօրեայ հացին կարօտով կը սպասենք, ամէն արշալոյսին մեր համակարգիչի պաստառէն Ձեր Մեսրոպեանին օգնութեամբ տաքուկ բարեւը մեր օրը կը պայծառացնէ եւ յոյսով կը լիցքաւորէ։
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ- Օրերդ անհամար՝ երթդ ըլլայ անխափան։
4 Օգոստոս 2018 – Նիւ Եորք


 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın