İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՄԸՄ-Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՆԴԱՄ ԵՂԲ. ՌԱՖՖԻ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կենսագրական տուեալներ.

Ծնած է Հալէպ 1957-ին: Աւարտած Հալէպի Պետական Համալսարանի մեքենագիտական երկրաչափութեան ճիւղը: Եղած է տնօրէն Ազգ.Հայկազեան (2002-2004) եւ Ազգ. Զաւարեան վարժարաններու (2004-էն 2015):

1975-էն սկսեալ ՀՄԸՄ-էն ներս տարած է վարչական աշխատանքներ:

1980-ին վարած է ՀՄԸՄ-ի Պետական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:

1998-ին եղած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ապա՝ 2005-ին վարած է Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 2013:

Մասնակցած է ՀՄԸՄ-Ի Պատգամաւորական 7-րդ ժողովին (Ծաղկաձոր), միջդիւանային ժողովին(Ֆրանսա) եւ  Միջին Արեւելքի դիւանային խորհրդաժողովին(Լիբանան):

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.-

Սեւան Ազարիկեան.-Ինչպէ՞ս կը սահմանէք ՀՄԸՄ-ի դերը Սփիւռքի, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ:

Ռաֆֆի Տէր Աբրահամեան.-Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդին մօտ ազգային հպարտութիւնը խամրած էր, ինքնավստահութիւնը նահանջած: ՀՄԸՄ-ը  իր տողանցքներով եւ մարզական խաղերով եղաւ այն միութիւնը, որ համախմբեց գաղութը  եւ գոյատեւելու նոր ուժ եւ յոյս տուաւ: ՀՄԸՄ-ի  հիմնադիրները իսկական մարգարէներ էին, առանց այս միութեան արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար մեր գաղութներուն պատկերը, ո՞վ պիտի առաջնորդէր զանոնք: Փաստօրէն անկազմակերպ պիտի ըլլար մեր գաղութներուն աշխատանքը:

Հալէպահայ գաղութը զանազան ցնցումներ ապրեցաւ, բայց ան պատմական գաղութ է: Մենք հոս բնաւ չենք զգացած որ հայրենիքէն դուրս կ’ապրինք, ունինք մեր դպրոցներն ու միութիւնները: Հալէպի մէջ արդէն Հայաստան ունէինք: ՀՄԸՄ-Ի դերը շատ մեծ եղած է գաղութի զաւակներուն, յատկապէս պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ազգային դաստիարակութեան մէջ: Ես լաւատես եմ, որովհետեւ յոռետեսութիւնը յոյսի անջատումն է  եւ վստահ եմ, որ Հալէպ պիտի բարգաւաճի ու իր նախկին եռանդը վերագտնէ:

Ս.Ա.- Վեց տարուան պատերազմական տագնապներէն ետք, ինչպիսի՞ պատկերով կը ներկայանայ Հալէպի ՀՄԸՄ-ը:

Ռ.Ս.-Ինչպէս տեսաք, ինչ որ տեղի ունեցաւ հսկայ հարուած մըն էր՝ Հալէպին ուղղուած: Բայցեւայնպէս կեանքը պիտի շարունակուի:Թերեւս հիմա խարխափումի մէջ է մեր կեանքը, բայց օրերը ցոյց կու տան արդէն, որ քաղաքը  ապահովական առումով աւելի լաւ ընթացքի մէջ է, եւ ես վստահ եմ, որ ՀՄԸՄ –ը կրկին պիտի ամրապնդէ իր շարքերը եւ, ինչպէս անցեալին, պիտի շարունակէ իր դաստիարակչական առաքելութիւնը՝ սերունդներ կերտելու եւ նոր որակ հասցնելու:

Անցեալին, մեր կենցաղը տարբեր էր, հիմա՝ այլ է:

Անցեալին ծնողքը իր զաւկին ձեռքէն բռնած ակումբ կը բերէր: Հոն զինուորական խստութիւն ու կարգապահութիւն կը գործադրուէր: Հիմա ժամանակները փոխուած են ու  երիտասարդութիւնը պահելու համար մեր խմբապետներն ու աստիճանաւորական կազմերը այնպիսի միջոցներ պէտք է որդեգրեն, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ ժամանակին հետ քայլ պահել եւ երիտասարդութիւնը ներգրաւել:

 

Ս.Ա.- Յատկանշական դէպք մը կա՞յ, որ տպաւորած է ձեզ:

Ռ.Տ.-Յատկանշական պահեր ապրած եմ, բայց կ’ուզեմ առանձնացնել Հայաստանի մէջ պատգամաւորական ժողովի աւարտին պատահած դէպքը:

ՀՄԸՄ-ը 99 մասնաճիւղ ունէր եւ աշխատանք կը տարուէր Մոսկուայի մէջ 100-րդ մասնաճիւղը հիմնելու: Աշխարհի չորս ծագերէն պատգամաւորներ եկած էին: Ժողովի աւարտին սովորութիւն դարձած էր խմբային նկարներ առնել: Ներկայ պատգամաւորներէն մէկը առաջարկեց նաեւ սուրիացի մասնակիցներուն խմբային նկարը առնել:Մենք՝ Սուրիոյ պատգամաւորներս, բնականաբար շարուեցանք, սակայն յանկարծ նկատեցինք, որ մեծ թիւով քոյր-եղբայրներ միացած են մեզի: Անդին կը մնային հատուկեն անձեր: Մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը սուրիացի էր: Հոգեկան մեծ գոհունակութիւն մը ապրեցայ: Գիտէի, որ Հալէպ Մայր գաղութ էր, փաստօրէն ՀՄԸՄ-ին համար ալ Մայր գաղութ էր:

 

Ս.Ա.-Ի՞նչ կը թելադրէք ներկայ ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներուն:

Ռ.Տ.-Կը հաւաստեմ մեր երիտասարդներուն, որ ՀՄԸՄ-ի մէջ  անպայման պիտի գտնեն իրենց փնտռածը: Իսկ մեր խմբապետներուն կը թելադրեմ գիտական մօտեցումով  եւ երբեմն նոյնիսկ ներող ոգիով լուծեն հարցերը, ճշդեն ծրագիրները, ներգրաւելու եւ մեր շարքերուն մէջ պահելու հայ երիտասարդները , որպէսզի անոնք  չազդուին դարուս այլասերիչ հոսանքներէն:

Ս.Ա.-Ձեր սրտին խօսքը՞…

Ռ.Տ.-Նախ իմ շնորհակալութեան խօսքը ձեր յանձնախումբին՝ այս մտերմիկ զրոյցին համար: Ինծի համար ՀՄԸՄ-ը եղած է իմ երկրորդ տունը: Ապրած ու շնչած եմ ՀՄԸՄ-ով:

Միութեան 100-ամեակը ոչ միայն ՀՄԸՄ-Ի յաղթանակն է, այլեւ ամբողջ հայութեան: Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը եւ կը մաղթեմ հաստատուն քայլերով յառաջընթաց՝ դէպի երկրորդ հարիւրամեակ:

Հարցազրոյցը վարեց

 ՀՄԸՄ –Ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Մամուլի Յանձն.-էն Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın