İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 19- րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ.

ՅԻՇԵՆՔ  ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ   ԳԱՐԵԳԻՆ Ա.  ԱՄԵՆԱՅՆ  ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
 
ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
19 տարիներ անցան  հայ ժողովուրդի սիրեցեալ հոգելոյս Վեհափառի  վախճանման  29.6.1999 թուականէն, Հայ ժողովուրդը այս թուականէն ի վեր, ամէն  տարի  յունիս  29-ին կը խոնարհի անոր  խնկելի ու քաղցր յիշատակին առջեւ:
Karekin-I-t.gif
Երջանկայիշատակ կաթողիկոսը ժողովուրդը խանդավառող եւ զայն իր կրօնական ու  ազգային հաւատքին մէջ  ամրացնող, հայաշխարհի սակաւաթիւ հոգեւոր մեծ առաջնորդներէն մին էր:
Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ երկու բարձրագոյն նուիրապետական աթոռներու գահակալութեան իր տարիներուն հայ ժողովուրդի հոգին ջերմացուց  իր սիրտէն ու  միտքէն  բխող  ամենատաքուկ ու ամենախորունկ զգացումներով գաղափարներով, վարմունքներով, ու  ազգօգուտ իրագործումներով:
Ան եղաւ հաւատքի, ազգային նուիրումի  եւ հայ գիրի  պաշտամունք ունեցող  հաւատաւոր առաջնորդ մը, իր անհամար հետեւորդներուն, աշակերտներուն եւ հայ  հասարակութեան թողուց անմոռանալի անուն, սէր, քաղցր յիշատակ ու հոգեւոր դաստիարակութեան անկորուստ ժառանգութիւն.
Հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, եկեղեցական ու նաեւ մեծ գործիչ, այլեւ  տաղանդաւոր ուսուցիչ, փայլուն հռետոր, գրասէր ու գրագէտ, հայ լեզուի ոսկերիչ, մեր հոգելոյս  սիրեցեալ հայրապետը  հայ կեանքի  ամէնէն  շքեղ ու փայլուն անձնաւորութիւններէն  մէկն էր, իր իմաստուն, խոհեմ, հեռատես, դիւանագէտ կեցուածքով, իր զուարթախօսութեամբ, իր հաղորդականութեամբ եւ իր  իմացականութեամբ ու նաեւ իր տարած ազգանուէր ու եկեղեցանուէր  գործունէութեամբ գրաւեց ամէն տարիքի  հայուն  սիրտը եւ դարձաւ հայ ժողովուրդի շատ սիրեցեալ վեհափառը, ազգի արժանաւոր հոգեւոր հայրը, համաշխարհային  հասարակութեան մէջ ամէնէն շատ ճանաչում գտած հայերէն մին էր ու ան  եղաւ նաեւ հայուն  հպարտութիւնը:
547201_325531227521396_1
Գարեգին Ա.Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հայ եկեղեցւոյ նորագոյն շրջանի ամենափայլուն հոգեւոր առաջնորդներէն եղած է: Ան ժողովուրդի մարդ էր, ամէն մարդ կրնար, անոր հասնիլ, իսկ Հայաստանի ժողովուրդը սովոր չէր կաթողիկոսի  մը  ժողովուրդի  մարդ ըլլալուն, քանի որ հայաստանցիի համար կաթողիկոսը անհասանելի երեւոյթ մըն էր, հետեւաբար հայաստանցի շատ քիչեր զինք ճանչցան ու կրցան անոր արժանի գնահատականը տալ: Բայց մեծ մարդ էր ան, բացառիկ հոգեւորական, մեծ մտաւորական, որ ունէր հսկայական գիտական պաշար. Ան եղած է աշխարհի շարք մը կրօնական ու գիտական միջազգային  հաստատութիւններու, միջեկեղեցական  կառոյցներու, համալսարաններու պատւոյ անդամ ու տոքթոր, իր յօդուածները  հրատարակուած են միջազգային միջեկեղեցական պարբերաթերթերու մէջ :
Ան միջեկեղեցական  մեծ դէմք մըն էր. Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ զանազան միջազգային կրօնական ժողովներու նախագահ էր:
Երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետը գրագէտ ու գրասէր էր, հայագիտական, աստուածաբանական, բարոյագիտական, փիլիսոփայական նիւթերու շուրջ գրուած շարք մը գիրքերու հեղինակն էր.
Հոգելոյս վեհափառը կերտեց նաեւ սերունդներ, անոր ձեռքին տակէն  դուրս եկան մարդիկ, որոնք այսօր հայ կեանքի մէջ կարեւոր դէմքեր դարձած են:
Կարճ եղաւ անոր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան շրջանը, հայաստանցի ժողովուրդը չկրցաւ ընկալել անոր արժանիքները  եւ չկրցաւ զայն ամբողջովին Ճանչնալ:
Ան 1932 թուականին Նշան Սարգիսեան անուով, Կիլիկիոյ  Քեսապ գիւղին  մէջ իր աչքերը լոյս աշխարհ բացաւ, 4 յուլիս 1999 թուականին մայր հայրենիքի սրտին` Ս. Էջմիածնին մէջ հողին յանձնուեցաւ որպէս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս.
Ամենայն Հայոց հոգելոյս կաթողիկոսը, աւազանի  անունով Նշան, իր ծննդավայր գիւղին մէջ նախակրթարանի ուսումը ստանալէ ետք, 1944 ին կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, 1952-ին կ՛աւարտէ դպրեվանքը եւ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` վերակոչուելով Գարեգին աբեղայ: 1955-ին կը ստանայ վարդապետական աստիճան` պաշտպանելով «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ըստ հայ շարականներուն» խորագրեալ  աւարտաճառը: Կը պաշտօնավարէ դպրեվանքին մէջ նախ իբրեւ ուսուցիչ եւ յետոյ իբրեւ տեսուչ, աւելի վերջ Անգլիոյ  Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կը հետեւի աստուածաբանական  բարձրագոյն ճիւղին, ուրկէ կը վկայուի` ներկայացնելով «Քաղկեդոնի ժողովը եւ հայ եկեղեցին»  խորագրով աւարտաճառը եւ կը վերադառնայ Դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնին:
unnamed.jpg
1963-ին կը բարձրանայ Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի  1963 ին, եւ արքեպիսկոպոս 1973-ին:
1971-ին Գարեգին եպիսկոպոս կ՛ընտրուի առաջնորդ Իրանա-Հնդկաստանի թեմին:1973-ին հայրապետական պատուիրակ կը նշանակուի  Հիւսիւսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին ու տարի մը ետք առաջնորդ կ՛ընտրուի,1977-ին կ՛ընտրուի աթոռակից կաթողիկոս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, իսկ1983-ին կը դառնայ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին: Իսկ 1995-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:
Հոգելոյս վեհափառը հայ եկեղեցւոյ կեանքի եւ գործունէութեան ծիրին մէջ միջեկեղեցական շարժումի նախաձեռնողներէն մէկն էր, եղած է նաեւ գրագէտ կաթողիկոս: Անկախ իր ստորագրած հայերէն, անգլերէն, Ֆրանսերէն մեծ թիւով գրական, աստուածաբանական, եկեղեցագիտական յօդուածներէն, որոնք լոյս տեսած են այլազան  ամսագիրներու, պաշտօնաթերթերու, հանդէսներու մէջ, ունէր նաեւ հրատարակուած բազմաթիւ հատորներ:
Բազմագիտակ գիտնական հոգելոյս վեհափառը  շատ փայլուն հռետոր մըն էր , իմաստալից  ու դաստիարակիչ  քարոզներով  կ՛ոգեւորէր ու  կը խանդավառէր ժողովուրդը, որոնցմէ օրինակ մըն է, Գերմանիա տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 25 յունուար 1998 թուականին Գերմանիոյ առաջնորդանիստ Սուրբ Մեսրոպ-Սահակ եկեղեցւոյ մէջ խօսած հետեւեալ քարոզը:
unnamed-2.jpg
«Այսօր ըլլայ խմորումի օր եւ դառնայ ուժի խմոր, ձեր յառաջիկայ օրերուն, կեանքի հանգրուաններուն մէջ:
Ինչո՛ւ, Քրիստու եկաւ, ինչո՛ւ, Աստուած մարդացաւ. Մէկ բանի համար, Սէ՛ր:Աստուած այնքան մեծ «սէր» ունի մարդոց հանդէպ, որ ղրկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի, ան մեզի փոխանցէ Աստուծոյ «Հոգին» ու «Սէր»-ը: Սէրը շինարար եւ ստեղծագործ է, իսկ  ատելութիւնը` քանդիչ. ամենահանճար Տէր Աստուածը սիրով ստեղծեց մարդը ու ղրկեց իր Որդին, Քրիստոս Որդին` Աստուծոյ, որ ըսաւ: «Ես  եմ Ճշմարտութիւնը, կեանքը  ու Ճանապարը» եւ ծառայեց մարդկութեան:
Եկեղեցիի ծառայել խոնարհութիւն մըն է Աստուծոյ: Եթէ եկեղեցին մեր կեանքէն հանենք, մենք կ՛ըլլանք միայն հող ու փոշի:
Մարդը միս, արիւն եւ ոսկոր ունեցող այն էակն է, որ ունի հոգեկան ապրումներ, թռիչքներ, գաղափարներ, ու իտէալներ. եթէ անոր կեանքին մէջ հոգեկան  ապրումները եւ թռիչքները պակսին, մարդը մարդ ըլլալէ կը դադրի:
Մեր մէջ սկսած է վերանորոգութեան  շրջան մը, այս սուրբ Խորանէն կ՛ողջունեմ մեր վերածնունդն ու վերականգնումը:
Մի՛ խնդացնէք մեր թշնամիները. եթէ անոնք մեզ տեսնեն, որ պառակտուած ենք, բաժնուած ենք շատ կ՛ուրախանան:
Միացէ՛ք, եկեղեցիի երդիքին տակ, բոլորուեցեք ձեր առաջնորդին շուրջ, մի մոռնաք ձեր մայրենի հողն ու հայրենիքը»:
Քարոզ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի և 25.1 Յունուար 1998, Քէօլն.
 Հոս նպաստաւոր կը նկատեմ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառ հայրապետին  մտածումներէն  քանի մը հատը մէջբերել:
Քանի որ հայը միւռոն ունի իր ճակատին, միւռոնին փայլը լոյս պիտի դառնայ իր քայլերուն առջեւ եւ օտարութեան փոշին կեղտ պիտի չկապէ այդ ճակատին,իր ճանապարհը ուղիղ պիտի ըլլայ, իր գնացքը տոկուն ու յաղթ:
Karekin_I copy.jpg
Իրար սիրել` կը նշանակէ, իրարու օգնել, իրարու զօրավիգ կանգնիլ, իրարու ծառայել: Քրիստոս սիրեց մարդը եւ անոր համար մարդ եղաւ: Ծառայեց մարդուն` ի խնդիր անոր հոգեկան երջանկութեան, անոր փրկութեան:
Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար, ինչ որ է հոգին մարմնին: Հանեցէք հոգին մարդուն,մահ է այնտեղ: Հանեցէք աշխատութիւնը կեանքէն, մեռելութիւն է այնտեղ:
Եղի՛ր ու մնացի՛ր ուխտի ժողովուրդ: Ուխտ կը նշանակէ հաւատարմութիւն հանդէպ Աստուծոյ եւ հանդէպ ազգիդ: Ուխտ ընել գիտցող   եւ ուխտը կատարել կրցող ժողովուրդը չի մեռնիր: Ուխտ ընել գիտցող ու ուխտը կատարել կրցող  անհատը Աստուծոյ եւ ազգի հաղորդութենէն աւիշ կը քաղէ եւ կը մնայ առողջ ու տոկուն, կանաչ ու պտղաբեր: Ուխտը կը բարձրացնէ մարդը դէպի Աստուած եւ կը  շաղկապէ ազգին:
HH-Karekin-I5_82716f.jpg
Կաղնի է հայոց ազգը: Դարաւոր կաղնի: Ու անոնք, որոնք ազգին պատկանելու իրաւ, գիտակից զգայարանքը ունին, դէպի ապագան նայիլ գիտեն, չեն կրնար կտրուիլ կաղնիի բունէն ու արմատներէն, որովհետեւ կ՛աղքատանան եւ կը տկարանան առանց մեր հայրերու ստեղծագործութեան հարուստ ենթահողին եւ անկէ ծնող աւիշին:
 
 

Այսօր աշխարհի չորս ծագերուն վրայ բոլոր ազգերը, անոնց շարքին նաեւ մեր ժողովուրդը, որոնք հողի վրայ, երկրի երեսին  հսկայական նուաճումներ կը կատարեն գիտական, ճարտարաարուեստական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, կը պեղեն նաեւ իրենց հայրերու հողը եւ հողի ընդերքներուն մէջ կը փնտռեն արմատները իրենց գոյութեան:
 

Տառապանքն ու չարչարանքը, նեղութիւնն ու անձկութիւնը, մղձաւանջը վերջը չեն կեանքին,երբ այդ կեանքը իր մէջ վառ պահած ունի  յաւիտենութեան կայծը,անմահական հոգիին անմահարար շունչը, ամենայաղթ Աստուծոյ պատկերին ջինջ պայծառութիւնը:
 
 

Աւանդութիւնները ազգերու ինքնութեան շաղախիչ տարրերն են,որոնք երբ անտեսուին, մոռցուին, արհամարհուին, գունատութիւն եւ կերպախաթարում յառաջ կը բերեն այդ ազգերու դիմագծութեանց վրայ եւ, ի վերջոյ, դէպի նօսրացում եւ աղօտութիւն, թուլացում եւ անէացում կ՛երթան  անոնք:
Աւանդութիւնները խարիսխներ են ամրութեան եւ տոկունութեան:Հանեցէք զանոնք ժողովուրդներու կեանքէն,ազգերը կը  տատանին անարմատ եղէգներու պէս եւ կը թափին ճիւղերէն փրթած տերեւներու նման:
30c1588c2c4165dfc2780d143b12c9f1.jpg
Ա՛լ դադրինք թափառաշրջութեան ջլատիչ հոգեբանութենէն, որ մեր պատմական կեանքի չարաղէտ ու քանդարար երեւոյթներէն մէկն է եղած արդէն: Ինչպէս թօթափեցինք գաղթականի հոգեբանութիւնը, շպրտենք նաեւ գաղթականի ցուպը: Անցեալի սխալը չկրկնենք:
Համախումբ ապրելուն մէջն է ազգի մը ուժին աղբիւրը: Որքան  նօսրանանք` այս աշխարհի չորս թեւերուն վրայ մշուշի պէս  տարածուելով, այնքան կը տկարանանք` հովերէն տարուելով եւ ընդհանուրին մէջ մեր ինքնութիւնը կորսնցնելով:
 
 
Հայ ժողովուրդը պիտի պահէ  երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետին  մեծաշուք անունը պանծալի, իսկ խնկելի ու քաղցր յիշատակն ալ` անթառամ:
Բարձրեալն, բարին Աստուած, երջանկայիշատակ վեհափառ հօր հոգին հանգչեցնէ իր լուսեղէն խորաններուն մէջ եւ զայն ընդունի սուրբերու կարգին:
Աստուծոյ կ՛աղօթենք, որ անոր տառապած ու յոգնաբեկ  հոգին յաւերժութեան լոյսով լուսաւորուի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաստատ ու անսասան պահուի:
Վախճանեալ վեհափառ հայրը  իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ, հիւանդ ու տկարած վիճակով,իր հոգեւոր եղբայրնրու ուղղեալ գրի առած է հետեւեալ յուզիչ  տողերը:
 
“Սիրելի միաբաններ,
Հոգեկան խորը յուզումով կը բաժնուիմ ձեզմէ, կը միանամ Աստծոյ`յարուցեալ Տիրոջս: Փափաքս է, որ դուք երկար ժամանակ մնաք Աստուծոյ հետ, քաջ ըլլաք և Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը սիրէք և անոր սուրբ, կրօնական և ազգային ծառայությունը շէն պահեք:
Անտանելիորեն տկար եմ, դուք մնաք զօրաւոր:
Աղոթարար սիրով` Գարեգին Ա.
18 Յունիս 1999.

Ս. Էջմիածին:”
 
Այս յուզիչ տողերու  իմաստը ու նշանակութիւնը,  այսօր իսկ 19 տարի ետք, ալ աւելի  իմաստալից կը դառնայ եւ կը  շարունակէ մնալ որպէս առաքինի յորդոր.
ա-2
19 տարի վերջ ,այսօր իսկ հայ կեանքի մէջ կենդանի է անոր խնկելի յիշատակները ու պիտի շարունակէ նաեւ կենդանի մնալ:
Կը խոնարհիմ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի  քաղցր ու անմոռանալի յիշատակին առջեւ:
 Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա, Յունիս 2018

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın