İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի Յուշարձանը

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ  ԳՐԻԳՈՐ  ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ  ԱՐՁԱՆԻ  ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՈՎ՞ է  ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

  (950-1003)

Հոգեւորոկան, Աստուածաբան, Բանաստեղծ, Փիլիսոփայ, Երաժիշտ

Ծնած է 953 թուականին,Արեւելեան Անատոլուի Վանա Լիճի հարաւային ափերուն գտնուող Նարեկ գիւղին մէջ: Եպիսկոպոսի որդի է,որպէս ուսոցիչ ունեցած է նախ իր հայրը Խոսրով Անձեւացի եպիսկոպոսը եւ հօրեղբայրը: Մանուկ հասակին կապուած է Նարեկ գիւղի վանքի հետ եւ եղբօրը հետ կրթուած ու դաստիարակուած է´ ժամանակի ամենազարգացած գիտնականներէն մէկու Անանիա Նարեկացիին քով,որը իր մօր հօրեղբայրն էր: Գրիգոր վանքի մէջ իւրացնելով իր գիտելիքները,ի մասնաւորին ձեռագիր կրօնափիլիսոփայական գրականութիւնը՜, դարձած է վանքի ուսման կեդրոնի սիւներէն մէկը:  Հետագային ,Գրիգոր ,վանքի մէջ կը ձեռնադրուի վարդապետ ու կ՛ստանայ ՛՛ ՆԱՐԵԿԱՑԻ՛՛ անունը: Գրիգոր Նարեկացի իր հարուստ գիտելիքներու ու անբասիր վարքի շնորհիւ շուտով մեծ համբաւի տէր կը դառնայ: Գրիգոր Նարեկացիի մեզի հասած գործերէն, իր հռչակաւոր ՜՜Մատեան Ողբերգութեան՛՛ը (քսանհինգ բանաստեղծութիւններ եւ ձօներ) իր դաստիարակչական հզօր ստեղծագործական մին է,անով, ան կը դառնայ հայկական միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծը։ Իր ազդեցութիւնը զգալի է յաջորդող բոլոր դարաշրջաններու բանաստեղծութեան վրայ՝ մինչեւ մեր օրերը։  Փետրուար 2015-ին,Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը, Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ դոկտորի» տիտղոս շնորհած է:                            

 

 

Գրիգոր Նարեկացի վախճանած է 1003-ին եւ թաղուած է Նարեկայ վանքի մէջ: Անոր գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է շրջական հայ բնակչութեան համար:Ըստ աւանդութեան նարեկացի ճգնած է ներկայիս իր անունը կրող քարայրին մէջ:  Գրիգոր Նարեկացիէն մնացած են մեծ թիւով գործեր՝ «Մեկնութիւն երգոց երգոյն Սողոմոնի», չորս ներբող, գանձեր, տաղեր (թիւով 30-էն աւելի), «Մատեան ողբերգութեան» չափածոյ աղօթագիրքը, թուղթեր եւ այլ գործեր։ Այդ երկիրներէն լաւագոյնները տաղերն են եւ «Մատեան ողբերգութեան» քնարական չափածոյ աղօթագիրքը։

unnamed-2

 

Նարեկացիէն՝ մեզի հասած գրական ժառանգութեան կարեւորագոյն ստեղծագործութիւնը «Մատեան ողբերգութեան»ն է, որ հայ միջնադարեան գրականութեան միտքի ամենամեծ աշխատանքի արտադրած պտուղն  է, մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական մեծագոյն արժէքներու թիւին կը պատկանի։ Աղօթագիրքը ամփոփումն է այն լաւագոյնին, զոր ստեղծած է հայ քերթողական միտքը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ժ. դար։ Աղօթագիրքը բաղկացած է 95 գլուխներէ եւ ժանրային առումով  քնարական–հոգեւոր է։  Աղօթագիրքի գրութիւնը,  աւարտած է մահէն մէկ տարի առաջ՝ 1002-ին։ Աղօթագիրքը գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած է Մկրտիչ Խերանեան: Աղօթագիրքը յայտնի է «Նարեկ» անունով։ ՛՛Մատեան Ողբերգութեան՛՛ը նաեւ բանաստեղծութիւն մըն է ,սակայն իր բնոյթով կը  զանազանուի միւս բանաստեղծութիւններէ :Այս բանաստեղծութեան մէջ խտացած են բանաստեղծին ողբերգական ապրումները, տարակոյսները, թէ՜, ինք կրնա՞յ միանալ Աստուծոյ։ Ան կը տարակուսի,թէ՝ կրնա՞յ հասնիլ իր իտէալին՝ Աստուծոյ, որովհետեւ հետզհետէ կ’աճին իր մեղքերը։ Մինչդեռ Աստուծոյ հասնելու համար պէտք է մարդու գործերն ու վարմունքները, յուզմունքները ու զգացումները մաքուր ըլլան ամէն տեսակի թերութիւններէ, ամէն տեսակի բացասական գիծերէ։ Կատարեալ մաքրութեան հասնելու համար, մարդ պէտք է ամէն ձեւով խոստովանի ու դատապարտէ իր վատ վարմունքը, մեղքերը։ Բանաստեղծը ինքզինքին մեղքեր ու յանցանքներ կը վերագրէ , կը դատապարտէ այն բոլոր բացասականը, զոր նկատած է մարդկային կեանքին ու իրականութեան մէջ։ Ան կը նկատէ, որ մարդկային ծնունդներէն ոչ մէկը իրեն չափ մեղաւոր չէ եղած:  Նոյնիսկ արարիչին դէմ նենգամիտ գտնուած է, ըմբոստացած, աստուածամարտ մտածումներ ունեցած է ու չէ վախցած անոր սպառնալիքներէն։

 

Նարեկացիի ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն ՛՛Գանձեր՛՛ը՝ որոնք  գրուած են յատուկ տօնին երգուելու նպատակով  եւ կը գովաբանեն տօնին խորհուրդը։  Գանձերը սերած են աւանդական քարոզէն։  «Գանձ» անունը կը ծագի Նարեկացիի ստեղծագործութիւններէն, որոնք կը սկսին «Գանձ» բառով՝ որմով  ամբողջութեան մէջ դուրս կը բերէ «Գրիգորի երգ» ծայրակապը։    Նարեկացիէն պահպանուած են նաեւ շուրջ երկու տասնեակ ՛՛Տաղեր՛՛, որոնք իրենց բովանդակութեամբ կը կապուին գանձերուն հետ, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցական որոշ տօներու,ինչպէս  «Տաղ Ծննդեան» ,«Տաղ Յայտնութեան» «Տաղ Յարութեան», «Տաղ Վարդավառի», «Տաղ Ջրօրհնեաց» ,«Տաղ Աստուածածնի», «Տաղ Համբարձման», «Տաղ Տեառնընդառաջի» ,«Տաղ Քառասուն Մանկանց», «Տաղ Հոգեգալստեան», «Տաղ Եկեղեցւոյ» ,«Տաղ Գրիգոր Լուսաւորիչի» ,«Տաղ Վերափոխման», «Տաղ Խաչի», «Տաղ Առաքելոց» եւլն.։ Նարեկացի տաղերուն մէջ արտայայտած է կրօնական տրամադրութիւններ եւ գաղափարներ՝ իրական կեանքէ քաղուած պատկերներով։ Նարեկացին որպէս, երաժեշտ բերած է նաեւ միջնադարեան Հայ երգարուեստի նոր շունչ եւ կեանք:                                                                                    

 

Գրիգոր Նարեկացի մեկնաբանած է նաեւ Սողոմոն Իմաստունի ՛՛Երգ Երգոց՛՛ ը, որը կը համարուի դժուարին ըմբռնելի եւ բարդ գործերէն մին,գրեթէ անմեկնաբանելի է ,այդ սարսաբելի խօսքերուն մէջ պահուած խորհուրդը: Նարեկացի,այս դժուարին գործը մեկնաբանելու պատուէրը ստացած է Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառի Գուրգէն Խաչիկ իշխանէն,գործը գրուած է 977-ին: Նարեկացի իր մեկնաբանութեան մէջ կը զարգացնէ այն միտքը թէ,Սողոմոն Իմաստուն կ՛արտայայտէ տեսանելի ,առակայական միջոցներով աստուածային մարմնաւորումը:                                                                            

Գրիգոր Նարեկացի վախճանած է  1003 թուականին,թաղուած է Նարեկայ վանքին մէջ:   Գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է,ըստ աւանադութեան  Գրիգոր Նարեկացի ճգնած է իր անունը կրող քարայրին մէջ: Նարեկացիի անուան հետ կապուած են զանազան տեղանուններ, յուշարձաններ, յիշարժան վայրեր: Օրինակ: ՛՛Նարեկացիի Քարեր՛՛:                       Հայ եկեղեցին Գրիգոր  Նարեկացին Սուրբերու շարքին դասած է: Անոր յիշատակը կը տօնուի Խաչվերածի հինգերորդ կիրակիի նախընթաց շաբաթ օր,թարգմանիչ վարդապետներու հետ:

 

Երեւանի մէջ կանգնած է Գրիգոր Նարեկացիի յուշարձանը ,իսկ,5 Ապրիլ 2018 թուականին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ ,Ֆրանցիսկուս Պապի ձեռամբ,Սբ.Գրիգոր  Նարեկացի վարդապետի արձանի բացումը,դեսպան Միքայէկ Մինասեան եւ գործարար Արթիւր Ջանիկբեկեանի բարերանութեամբ : Արձանի հեղինակն են,նկարիչ ու քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցի ,ճարտարապետ Միքայէլ Հասրաթանեան: Արձանը պատրաստուած է երկու օրինակ,մէկը տեղադրուած է Վատիկանի պարտէզի մէջ,իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Էջմիածնի մէջ:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

Ակ: Հայկական Հանրագիտարան

       Վիքիպետիա-Ազատ հանրագիտարան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın