Կարմիր ներկուած հաւկիթներով հաւկթախաղը, Սուրբ Զատիկի տօնի է հայ ժողովուրդի ամենասիրելի աւանդութիւններէն մին է։ Կոտրող հաւկիթը յաղթող կը ճանաչուի ու կը շահի կոտրված հաւկիթը։ Աւանդութիւն է նաեւ , երեխաներու խաղի համար Զատիկի հաւկիթները կը պահել խոտերու միջեւ որ, երեխաները կը փորձեն այդ հաւկիթները գտնել ։ Այս խաղը կը կոչուի «Զատկուայ հաւկթաորս»։ Հայոց մէջ Զատիկը ունէր իր ծիսական ծառը: Ծիսական ծառը կը խորհրդանշէր անցեալը, ներկան եւ ապագան, այդ ծառին վրայ մեր նախնիները կը կախէին ձեռքով գործուած հաւկիթներ: Զատկուան հայ սեղանի ճաշաին համար, գիւղին կամ թաղին բնակիչները դրամ կը հաւաքէին եւ հաւաքուած գումարով ոչխար կը գնէին: Ոչխարը կը համարուէր օրուան ամէնէն սուղ մատաղը: Մատաղէն ետք մարդիկ եկեղեցի կ՛երթային, կը մասնակցէին պատարագին, յետոյ, տուն գալէ ետք, կը ճաշէին եւ զատկական խաղեր կը խաղային նախօրօք խաշուած եւ կարմիր ներկուած հաւկիթներով: Զատկուան տօնին առիթով կը պատրաստուէր մասնայատուկ կերակրատեսակներ, ինչպէս նաեւ հաւկիթով եւ մածունով պատրաստուած խմորի էր մէջ կը լեցնէին գինձ(քիշնիշ) կամ սոխով լուբիա: Օրուան խորհուրդներն էին նաեւ ԳԱԹԱՆ( Ճէօրէք,Փասթա), ձուկը, տարբեր տեսակի կանաչեղէնները, բրինձով եւ չամիչով կամ ծիրանի հիւթով եղինձը(փիլավ): Եղինձն ալ կը խորհրդանշէր ժողովուրդն, իսկ մէջի չամիչը կամ չիրը` անոր հաւատքը:
Զատկի տոնին հաւատացեալները հաւկիթը կարմիր գոյնով կը ներկէն :Հաւկիթը կը համարուի՛՛Յարութեան՛՛ եւ ՛՛Նոր կեանքի՛՛ սկզբնաւորման խորհրդանիշ: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսի կենդանարար արիւնը, որ թափուեց մարդկության փրկութեան համար: Ըստ Ս.Գրիգոր Տաթևացի՝ «Միայն Զատկին հաւկիթ կը նեկենք , որովհետեւ հաւկիթը օրինակ է աշխարհի և ինչպէս որ իմաստուններն կ՛ըսեն. «Դուրսի կեղևը նման է երկնքին, թաղանթը՝ օդին, սպիտակուցը՝ ջուրին, դեղնուցն էլ երկիրն է: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ, որ աշխարհը Քրիստոսի արիւնով ներկուեցաւ: Եւ մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերու մէջ առնելով` կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:
Կարմիր հաւկիթը Ս. Յարութեան տոնի խորհրդանիշն է:Հետեւաբար ,՛՛Եթէ տուն մը ննջեցեալ կայ եւ սուգի մէջ է հաւկիթ չեն ներկեր ՛՛այս կարծիքը սխալ է: Հաւկիթ ներկելը սգի նկատմամբ երբեք անարգանք չէ,ուրեմն պետք է ներկեն նաև այն ընտանիքները, որտեղ ննջեցեալ կայ եւ կամ սգաւոր են: Զատկին հաւկիթը որպէս սգի նշան առանց ներկելու մատուցելը վայել չէ Քրիստոնեային:
Տքթ.Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun