Յասմիկ Տիգրանեան Պէճիտեան ծնած է Բերա-Պոլիս 1913 թուականին իբր դուստրը Էրզուրումցի ծանօթ վաճառական Վահրամ Տիգրանեանի ու Սանասարեան Գոլէժի տնօրէն Յովսէփ Մատաթեանի եւ Սօֆիա Բասթըրմաճեանի աղջկան Տիկին Նուարդի : Տքթ.Պէճիտեանի ծնողքը Պոլիս կը փոխադրուին 1911 թուին Վահրամ Տիգրանեանի գործին բերմամբ՝ ընտանիքին մնացեալ անդամները անոնց կը միանան 1914ին իր մեծ հօր ՝Յովսէփ Մատաթեանի երեսփոխան ընտրուելուն պատճառաւ: Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանէ զատ որեւէ երեսփոխան տարագրութեան ու հետեւաբար մահուան դատապարտուած չըլլալով Մատաթեանի երեսփոխանութիւնը կերպով մը ընտանիքին ապահովութիւնը կերաշխաւորէ:
Յասմիկ Պէճիտեան նախակրթութիւնը Անգլիական Միջնակարգ Վարժարանի մէջ ստանալէ վերջ կը յաՃախէ Սկիւտարի Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէժը: Հոն կ՝աշակերտէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհի Տքթ. Զարուհի Գավալճեանի՝ որուն իր վրայ ունեցած դրական ազդեցութիւնը պիտի յիշէ երկար տարիներ:Կը վկայուի 1931 ին ըլլալով մին երկու յաջողագոյն աշակերտուհիներու:
Տքթ. Պէճիտեան Գոլէժէ վերջ կարձանագրուի Իսթանպուլի Համալսարանի ատամնաբուժական մասնաճիւղը ուրկէ կը վկայուի 1934 թուականին Տքթ.Վերժին Տէօշէմէճեանի ու Տքթ. Մաննիկ Եազմաճեանի հետ միատեղ իբր Թրքահայ ատամնաբուժութեան իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչներ: Տքթ. Պէճիտեան ամառուայ արձակուրդի օրերուն սթաժիէրի հանգամանքով կաշխատի Աթաթիւրքի ատամնաբոյժ Սքթ. Սամի Կիւնզպէրկի դարմանատունը: Այդ օրերու շրջանաւարտաց կարեւոր մէկ մասնայատկութիւնն ալ Նազիներու կողմէ Գերմանական համալսարաններէ հեռացուած ուսուցիչներէն միոյն՝ Փրօֆ.Տքթ.Ալֆրէտ Գանթօրօվիթզ՝ի աշակերտելու բաղդաւորութիւնը եղած է: Փրօֆ.Գանթօրօվիթզ՝ի օրով սկսուած է ՝՝օրթօտօնդի՝՝ի մասնագիտութիւն դասաւանդուիլ եւ Տքթ.Պէճիտեան ու իր դասընկերուհիները եղած են այս մարզին առաջին աշակերտները:
Տքթ. Պէճիտեան իր առաջին դարմանատունը կը բանայ Սիւլէյման Նազիֆ փողոցի բնակարանին մէջ: Տպարանատէր Գէորգ Պէճիտեանի հետ 1939ին ամուսնանալէ վերջ դարմանատունը կը փոխադրէ Զաֆէր փողոց, Իւսդիւնտաղ աբթ. ուր կը դարմանէ իր հիւանդները մինչեւ 1948 այսինքն գործատեղիին փակման թուականը: Տքթ. Պէճիտեանի շրջանաւարտութեան եւ դարմանատան փակման միջեւ ընտանիքը կենթարկուի Քսան Դասակարգի Զինուորագրութեան եւ Ունեւորութեան Տուրքի նեղութեանց:
Յետ դարմանատան փակման Տքթ. Պէճիտեան կը նուիրուի նախ իր զաւակաց դաստիարակութեան եւ 1960է վերջ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Տիկնանց Կապոյտ Հրեշտակներու Յանձնախումբին որու անձնուիրաբար կաշխատակցի երկար տարիներ: Իր ասպարէզին բերմամբ իրեն կը վստահուի Հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնի վերակեցութիւնը:
Տքթ. Պէճիտեան հիմնադիրներէն է Թուրքն-Ամերիկեան Համալսարականներու Միութեան որու գանձապահութեան պաշտօնը ստանձնած է երկար տարիներ:
Իր զաւակներուն միանալու նպատակաւ 1988 թուին կը հաստատուի ԱՄՆ ուր սրտի անբաւարարութեան պատճառաւ կը մահանայ 1990 տարւոյ ընթացքին:
Գրեց Նուրհան Պէճիտեան թարգմանեց Գրիգոր Տէօշէմէճեան
İlk yorum yapan siz olun