Յասմիկ Տիգրանեան Պէճիտեան ծնած է Բերա-Պոլիս 1913 թուականին իբր դուստրը Էրզուրումցի ծանօթ վաճառական Վահրամ Տիգրանեանի ու Սանասարեան Գոլէժի տնօրէն Յովսէփ Մատաթեանի եւ Սօֆիա Բասթըրմաճեանի աղջկան Տիկին Նուարդի : Տքթ.Պէճիտեանի ծնողքը Պոլիս կը փոխադրուին 1911 թուին Վահրամ Տիգրանեանի գործին բերմամբ՝ ընտանիքին մնացեալ անդամները անոնց կը միանան 1914ին իր մեծ հօր ՝Յովսէփ Մատաթեանի երեսփոխան ընտրուելուն պատճառաւ: Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանէ զատ որեւէ երեսփոխան տարագրութեան ու հետեւաբար մահուան դատապարտուած չըլլալով Մատաթեանի երեսփոխանութիւնը կերպով մը ընտանիքին ապահովութիւնը կերաշխաւորէ:
Յասմիկ Պէճիտեան նախակրթութիւնը Անգլիական Միջնակարգ Վարժարանի մէջ ստանալէ վերջ կը յաՃախէ Սկիւտարի Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէժը: Հոն կ՝աշակերտէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհի Տքթ. Զարուհի Գավալճեանի՝ որուն իր վրայ ունեցած դրական ազդեցութիւնը պիտի յիշէ երկար տարիներ:Կը վկայուի 1931 ին ըլլալով մին երկու յաջողագոյն աշակերտուհիներու:

Տքթ. Պէճիտեան Գոլէժէ վերջ կարձանագրուի Իսթանպուլի Համալսարանի ատամնաբուժական մասնաճիւղը ուրկէ կը վկայուի 1934 թուականին Տքթ.Վերժին Տէօշէմէճեանի ու Տքթ. Մաննիկ Եազմաճեանի հետ միատեղ իբր Թրքահայ ատամնաբուժութեան իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչներ: Տքթ. Պէճիտեան ամառուայ արձակուրդի օրերուն սթաժիէրի հանգամանքով կաշխատի Աթաթիւրքի ատամնաբոյժ Սքթ. Սամի Կիւնզպէրկի դարմանատունը: Այդ օրերու շրջանաւարտաց կարեւոր մէկ մասնայատկութիւնն ալ Նազիներու կողմէ Գերմանական համալսարաններէ հեռացուած ուսուցիչներէն միոյն՝ Փրօֆ.Տքթ.Ալֆրէտ Գանթօրօվիթզ՝ի աշակերտելու բաղդաւորութիւնը եղած է: Փրօֆ.Գանթօրօվիթզ՝ի օրով սկսուած է ՝՝օրթօտօնդի՝՝ի մասնագիտութիւն դասաւանդուիլ եւ Տքթ.Պէճիտեան ու իր դասընկերուհիները եղած են այս մարզին առաջին աշակերտները:
Տքթ. Պէճիտեան իր առաջին դարմանատունը կը բանայ Սիւլէյման Նազիֆ փողոցի բնակարանին մէջ: Տպարանատէր Գէորգ Պէճիտեանի հետ 1939ին ամուսնանալէ վերջ դարմանատունը կը փոխադրէ Զաֆէր փողոց, Իւսդիւնտաղ աբթ. ուր կը դարմանէ իր հիւանդները մինչեւ 1948 այսինքն գործատեղիին փակման թուականը: Տքթ. Պէճիտեանի շրջանաւարտութեան եւ դարմանատան փակման միջեւ ընտանիքը կենթարկուի Քսան Դասակարգի Զինուորագրութեան եւ Ունեւորութեան Տուրքի նեղութեանց:
Ընտանիքիս վերաբերեալ միակ յիշատակս մեծ հօրս սնանկանալն ու իր եղբօր՝ Աշքալէ ուղարկուելու համար՝ պատգարակով Սիրքէճի բերուիլն է:Մեծ հայրս այդ օրերուն տէրն էր յայտնի Արիս սափրուելու օճառի գործատեղիին:Հակառակ իրենց սեփականութեան լրիւ ծախուելուն կարելի չէր եղած Ունեւորութեան Տուրքին լման վճարումը:Մեծ հայրս այդ օրերէն վերջ չի կարողացաւ վերականգնիլ:Տունի փոքր արհեստանոցի մէջ արտադրուած գրէմ,բրինձափոշի եւ օ տը քոլոնեը դեղարաններու կը ծախէին բայց երբեք չի կարողացան հասնիլ ԲէՐէԺա՝ի մակարդակին,դժուարութեամբ ապրեցան մինչեւ իրենց մահը:Հօրս ընտանիքը աւելի բաղդաւոր էր այդ կողմէն:Հօրենական մեծ հայրս եւ իր չորս զաւակները կարողազան լրիւ վճարել տուրքը:Հետաքրքրական տարբեր յիշատակ մը Զօրավար Շիւքրիւ Գանաթլը՝էն (1950ական թուականներու Ցամաքային Ուժերու Հրամանատար): Շիւքրիւ Բաշա մեծ հօրս բարեկամն էր (իր աղջիկը հարսի փէշ բռնող փոքրիկներէն մին էր մօրս եւ հօրս հարսանիքին):Ունեւորութեան Տուրքի ցանկերու հրապարակումէն վերջ մեծ հօրս գալով ՝՝Գիրգոր Էֆէնտի ոտքի մոյկերէս զատ բոլոր ունեցածս հրամանիդ տակ է, որքան դրամի կարօտիլդ ըսէ կարողութեանս չափ տամ՝՝ ըսեր է:Մեծ հայրս ալ շատ զգացուած՝կարիք չունենալը նշելէ վերջ շնորհակալութիւն յայտներ է:Այս ալ ուրիշ յուշ մըն է: Ինչ մեղք որ տան մէջ այս նիւթերուն (ինչպէս նաեւ 1915 ի ջարդին) շուրջ շատ չի խօսուելուն համար մանրամասնութեանց մասին շատ գաղափար չունիմ:Յետ դարմանատան փակման Տքթ. Պէճիտեան կը նուիրուի նախ իր զաւակաց դաստիարակութեան եւ 1960է վերջ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Տիկնանց Կապոյտ Հրեշտակներու Յանձնախումբին որու անձնուիրաբար կաշխատակցի երկար տարիներ: Իր ասպարէզին բերմամբ իրեն կը վստահուի Հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնի վերակեցութիւնը:
Տքթ. Պէճիտեան հիմնադիրներէն է Թուրքն-Ամերիկեան Համալսարականներու Միութեան որու գանձապահութեան պաշտօնը ստանձնած է երկար տարիներ:
Իր զաւակներուն միանալու նպատակաւ 1988 թուին կը հաստատուի ԱՄՆ ուր սրտի անբաւարարութեան պատճառաւ կը մահանայ 1990 տարւոյ ընթացքին:
Մայրս 1948 ին դարմանատունը փակած,բժշկական թիկնաթոռը ծախած եւ վերջ տուած էր ատամնաբոյժութեան:Կարծեմ 1965 կամ 1966 ին Շիշլիի մեր բնակարանին ձեղնայարկը դիզուած անգործածելի առարկաներու մէջ բան մը կը փնտռէի երբ աչքիս զարկաւ բժշկական պայուսակ մը:Բացի ու տեսայ ատամնահաններ ու այլ ատամնաբուժական գործիքներ: Մօրս հարցուցի թէ ինչու այդքան երկար տարիներ պահած էր ասոնք: ՝՝Մանչս՝՝ըսաւ ՝՝մենք տարագրութիւն տեսած ազգ ենք:Եթէ նոյնը պատահի ակռայ կը քաշեմ ձեզ կը կշտացնեմ:՝՝
Գրեց Նուրհան Պէճիտեան թարգմանեց Գրիգոր Տէօշէմէճեան


İlk yorum yapan siz olun