İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տեառնընդառաջ -Տերնտես- Հայ Ժողովրդական Սովորութիւններ

Տօն քառասնօրեայ  գալստեանն  Քրիստոսի ի Տաճարն:

Տեառնընդառաջ բառը ծագումով գրաբար բառ մըն է, որ կազմուած է , ՛՛Տեառն՛՛եւ ՛՛Ընդառաջ՛՛ բառերէ  եւ կը նշանակէ Տիրոջ  ընդառաջ ելլել, Տէրը դիմաւորել: Տեառնընդառաջը մեր ժողովուրդի լեզուով կը կոչուի նաեւ  ՏԵՐՆՏԵՍ, ՏՐՆԴԵԶ:

Ty3

Տեառնընդառաջը մեր ժողովուրդի կողմէ ամենասիրուած տօներէն մէկն է, քանզի այս տօնը իր մէջ կը խտացնէ թէ’ քրիստոնէական եւ թէ’ հեթանոսական զոյգ տօները:

 

Քրիստոնէական է , որովհետեւ, ինչպէս եկեղեցական օրացոյցին մէջ կը կարդանք, տօնն է <<Քառասնօրեայ գալստաեանն Քրիստոսի ի Տաճառն.Տեառնընդառաջ>>: Ան միաժամանակ հեթանոսական է, քանզի կրակի չաստուածը  Միհրը, որ նախաքրիստոնէական շրջանին պաշտելի էր,վերստին կը յիշատակուի Տեառնընդառաջի օրը հրավառութեամբ: 

Համաձայն  Հին Կտակարանի սահմանուած կանոններուն համաձայն ամէն  ընտանիքի  անդրանիկ առու զաւակ  պէտք է քառասուն օրեր ետք  Տաճար տարուեր  Աստուծոյ նուիրելու: Նոյն օրինապահութեամբ  Քրիստոսի մայրը  Մայրամ  եւ երանելի Յովսէփ , Յիսուս մանուկի ծնունդէն քառասուն օրեր ետք  զայն կը տանին  Տաճար Աստուծոյ  նուիրելու : Տաճարին մէջ կար Սիմէոն անունով  ծերունի  արդար ու աստուածապաշտ անձ մը,որ Տիրոջ օծեալին կ’սպասէր եւ Տիրոջ փրկութիւնը կը յուսար, Սիմէոն ծերունին գրկելով մանուկ Քրիստոսը զայն կ’ընծայաբերէ Տաճար եւ կ’օրհնէ զԱստուած.

Քրիստոսի քառասունօրեայ Տաճար ընծայման տօնը անշարժ տօն մըն է  եւ կը կատարուի ամէն տարի  Փետրուար 14 ին անփոփոխ կերպով .

Այսօր իսկ  կան , հաւատացեալ ծնողքներ մեր եկեղեցւոյ կանոներուն համաձայն  իրենց քառասնօրեայ նորածին մանուկը կը բերեն եկեղեցի քահանային քով Աստուծոյ երկրպագութեան համար , որը արձագանքն է Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայման:

Հրավառութեան սովորութիւնը պահելով այսօր եւս կրակ կը վառենք:Մեր Ժողովուրդը  գեղեցիկ սովորոյթ մըն ալ հիւսած է ասոր շուրջ:Ժողովուրդը հաւաքուելով կրակին շուրջ ազգային եւ ժողովուրդային երգեր կ’երգէ, կը պարէ, խաղեր կը խաղայ,կրակին վրայէն կը ցատկէ: Նորապսակ ամոլները եւ նշանախօս երիտասարդները առաջինը կ’ըլլան , որ կը ցատկեն կրակին վրայէն եւ ապա միւսները:Այս պէսով նորապսակ ամոլները եւ նշանախօս երիտասարդները  կը հաւատան, որ բոլոր  ցաւերն ու չար ոգիները յանձնելով կրակին կ’այրեն զանոնք, որպէսզի առանց փորձարութեան կեանք ունենան  եւ նորապսակ զոյգերու  բեղմնաւոր ըլլան: Տերինտէզի կրակը կը  վերագրուէր  նաեւ անպտուղ կիներու  հետ ,այրելով չբեր կինի փէշը Տերինտէզի կրակով կը  հաւատային  որ,կինը պիտի յղիանայ ու արու զաւակ պիտի ունենայ:Հին ատեններ ,Տերինտէզի կրակի մոխիրը առատութիւն կը խորհրդաշէր,կրակի մոխիրը կը թափէին տան չորս կողմերը ,հաւատալով որ  տան մէջի բարօրութիւնը պահպանելու համար, հայ գիւղերու մէջ ,մոխիրը կը թափէին արտերու վրայ, հաւատալով բերիութեան ու բերքառատութեան համար, ծառերու տակ կը թափէին պտղատուուոթեան համար:

Տերինտէզի  կրակի ,այս խաղին մէջ կը տեսնենք քրիստոնէական երեւոյթ մը եւ արտայայտութիւն մը, որն հետեւեալն է.Մեր նախնիք հեթանոս հայեր Աստուածոյ պատիւը կրակին կու տային,  կրակի շուրջը հաւաքուելով անոր երկրպագութիւն կ’ընէին:Իսկ  մենք այսօր կրակին վրայէն ցատկելով ոտնատակ կ’ընենք զայն եւ կ’ուզենք ցոյց տալ, որ կրակը չէ Աստուած, այլ այն է Աստուած որ այսօր քառասուն օրական կու գայ Տաճառ, որուն փառք յաւիտեանս.Ամէն:
tyarnendaraj
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինուեամաբ Տեառնընդառաջ տօնը հրչակուած է նաեւ ՛՛Նորապսակներու Օրհնութեան Օր՛՛
Տեառնընդառաջ ը ,միեւնոյն ատեն  անուանակոչութեան  տօնն է, մեր բոլոր  Սիմոն , Սիմէոն,  Ծերուն,  Հրաչ, Հրաչուհի , Հրանդ, Հրանդուհի, Հրայր,  Փայլակ, Կայծակ, Շանթ, անունը կրողներուն, որոնք բոլորն ալ կը շնորհաւորենք.

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın