İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բարեկենդան, Մեծ Պահք եւ Միրմիրասի Աւանդութիւնը

“Բարեկենդան” բառացի իմաստով կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, խրախճանք, ճոխ և առատ ուտելիքներով վայելքի օր:Գլխաւոր շաբաթապասերին նախորդող կիրակի օրը  կը  կոչուի “Բարեկենդան” և այդ առթիւ կը թոյլատրուի աւելի ճոխ ուտել:Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ մի շարք բարեկաենդններ,բայց բարեկենդաններու մէջ յատկանշական է, Մեծ Պասի (Մեծ Պահք) նախընթաց կիրակի օրը, որը  կը կոչուի  “Բուն Բարեկենդան” քանի որ կը նախորդէ ամենակարեւոր պահքին: Բուն բարեկենդանի օրը կը վայելուի  առատ ուտելիք, ճոխ սեղան կը պատրաստուի, դիմակաւոր խաղեր, զբօսանքներ, խրախճանքներ և այլ  բաներ կը կատարուի: Բուն բարեկենդանի  կենդանական ու ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է, մարդու  երջանկութեան յիշատակն է: Ան նախ դրախտային կեանքի օրինակն է ,ուրտեղ մարդուն արտօնուած էր,ճաշակել բոլոր պտուղները:Բարեկենդանն առաքինութիւնների արտայայտութիւնն է ,այդ օրը մարդիկ սուգէն կ’անցնին ուրախութիւն, չարչարանքէն խաղախութիւն: Այս ընկալումով է որ, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատի համար ապաշխարհութեամբ,խոնարհումով,պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կ’սկսի “Մեծ Պահք”ի ճանապարհը եւ ան կը տեւէ 48-50 օր ,Բարեկենդանէն  մինջեւ Սուրբ Յարութեան տօն-Սբ Զատիկ:unnamed.jpg
Եւրոպական լեզւով “Բարեկենդանը” կը կոչուի “Քարնավալ”: Եւրոպայի և կամ այլ երկիրներու Բարեկենդանը  կը կատարուի  բացառիկ շուքով և հանդիսութեամբ,տեղի  կ’ունենան  հետաքրքրական տողանցքներ ու ցուցադրութիւններ և ժողովրդական խրախճանք:
Պահքի շրջանին, մարդիկ հեռու կը մնան  կենդանական ծագումով կերակուրներէն (ի բացարեալ Մեղրէ) ալքօհոլային ըմպելիներէն, կ’ենթարկուին ինքնամաքռման եւ կը հրաժարին վատ  սովորութիւններէն:
2018 թուակիր տարուան համար  “Մեծ Պահք”ի  շրջանը կ’սկսի, ըստ Մայր Աոթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրացոյցի  12 Փետրուար  2018 թուականի երկուշաբթի օր եւ կը  վերջանայ  31 Մարտ 2018  Շաբաթ օր մայրամուտին:Պահք պահելը պարտադրանք  չէ:
Պահքի քառասուն օրը կը խորհուրդնշէ ,Յիսուս Քրիստոսի  անապատի մէջ քառասունօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարհութեան շրջանը:Յիսուս Քրիստոս իր մկրտութիւնէն յետոյ հոգիով  անապատ առաջնորդուեցաւ եւ քառասուն օր սատանայի կողմէ փորձուեցաւ, այդ օրերուն Յիսուս չկերաւ ու չխմեց:Այս քառասուն օրուայ կը յաջորդէ մէկ շաբթուայ շրջան մը եւս որ,կը կոչուի “Աւագ Շաբաթ”,այդ պատճառաւ քառասուն օրուայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ:

 

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱԻԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ”ՄԻՐՄԻՐԱՍ”

Հայ կեանքի մէջ տօնական օրերու աւանդութիւններէն մին ալ,բարեկենդանը յաջորդող 48 օրուայ Մեծ Պահքի ընթացքին “ՄԻՐՄԻՐԱՍ” ի աւանդութիւնն է, որը , անցեալին յատկապէս Անատոլուի գիւղերու մէջ շատ սիրուած աւանդութիւն մըն էր եւ լայնօրէն կը գործածուէր:
ՄԻՐՄԻՐԱՍ ‘ը տունի առաստաղէն կախուած կարմիր մեծ սոխին մխրճուած աքլորի կամ հաւի եօթը փետուրներ եւ սոխէն դէպի վար կախուած կարմիր պղպեր ի անունն է :

 

bahk-mirmiras-b-y-k-oru--51b8414


Միրմիրաս բառը, խոժոռադէմ,անընդհատ դժկամ,շատախօս եւ մռմռացող մարդ կը նշանակէ:Կը կարծուի թէ’,յատկապէս, միջավայրի յարմարելու համար դժկամութեամբ պահք պահելու պատճառով երես կախող,լռիկ մնջիկ եւ դժխոհ անձերու համար ըսուած ասութիւն մըն է:
Միրմիրաս ի եօթը փետուրները կը խորհրդանշէ “Մեծ Պահքի” եօթը շաբաթներու ընթացքը,իսկ կարմիր պղպեղը կը խորհուրդանշէ, չապաշխարհող եւ պահք չի պահողներու դէմ յանդիման մնալիք հոգեւոր կրակը:Միրմիրասի գոծ կարմիր սոխը կը խորհրդանշէ եօթը մեղքերը: Ամբարտաւանութիւն, Նախանձութիւն,Բարկութիւն,Ծուլութիւն,Նիւթապաշտութիւն (Մաթէրիէլիզմ), Շատակերութիւն, Հեշտասիրութիւն եւ վիրաւոր սիրտերը:


Մարդիկ ապաշխարհելով եւ պահեցողութիւնով հոգապէս կը վերանորոգուին եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով սպիտակ կը դառնան, սոխի կորիզի մէջի ճերմակ գոյնի նման:
Ամէն անգամ որ մեծ պահքի ընթացքին շաբաթ մը մեր ետին կը ձգենք, սոխի վրայի փետուրներէն մէկը կը քաշուի ու կը հանուի:


Սբ. Յարութեան տօնի նախօրին, ճրագալոյցի արարողութիւնէն վերջ, տուն վերդառնալուն անմիջապէս կարմիր սոխը կը ջարդուի եւ Զատիկի աւանդական ձուկով միասին կ’ուտուի

Տօքթ. Սարգիս Ատամ

231836511394799736