Մեծ Պահքը ՛՛Սուգի՛՛ շրջան մըն է,որուն գլխաւոր նպատակն է ,հաւատացեալը նախապատրաստել Աւագ Շաբթուայ եւ ուրախութեամբ տօնելու Սբ.Յարութեան տօնի համար.
Քրիստոնէութեան մէջ պահքի գաղափարը առաջին անգամ կը տեսնենք մեր Տիրօջ Յիսուս Քրիստոսի մօտ,երբ իր մկրտութենէն ետք անապատ քաշուեցաւ եւ 40 օրեր ծոմ պահեց:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պահքը հաստատած է երկու նպատակներով:
Ա-Հոգեւոր զօրութիւն.
Բ-Մարմնական առողջութիւն.
Հայ ժողովուրդը պահք կը պահէ երեք ձեւով.
Ա- Հրաժարիլ բացի մեղրէ, բոլոր կենդանական ծագում ունեցող սննթամթերքներէն եւ ոգոլից ըմպելիներէն,այսինքն չի օգտագործել միս,ձուկ, ձու, իւղ, կաթնամթերք, ծովամթերք: Օգտագործել միայն բուսական ծագում ունեղող սննթամթերքներ:
Բ-Բացի հացէ ու ջուրէն կը հրաժարիլ ամէն տեսակ սննթամթերքներէն:
Գ-Ծոմ պահել,հոս կը հրաժարուի ամէն տեսակ սնունդէն ու ջուրէն:
Հայ կեանքի մէջ,այս ձեւերէն ամենատարածուած ձեւը առաջին ձեւն է,որ 48 օրուայ բուսակերութեան շրջան մըն է եւ ունի բժշկական դրկան ու բացասական կողմեր:
Մեծ Պահքի Բժշակական Դրական Կողմը:
Առաջին հերթին,Մեծ Պահքին հետեւող անհատը կը դադրի կենդանական ծագում ունեցող սնունդներ ու ճարպեր օգտագործել,որոնց չափազանց աստիճանի օգտագործումը կրնայ սրտային հիւանդութիւններու,արեան գերճնշումի հիւանդութիւններու, շաքարախտի եւ ճարպակալութեան պատճառ դառնալ:
Սիրտ-Անոթային եւ Արեան շրջանի համակարգի հիւանդներուն համար բուսակերութիւնը նախընտրելի սննդականոն մըն է բժիշկի մը հսկողութեան տակ:
Բուսակեր անհատներու արեան մէջի LDL-Cholestherol ի քանակութիւնը (վատ Քօլէսթէրօլ),մսակերներու համեմատութեամբ աւելի ցած է:
Բուսակերներուն Երիկամի -(Նէֆրոլիթեայզիս- Nephrolithiasis)- եւ Լեղապարտի-մաղձապարտ-( Քօլիլիթիազիս-Cholithiasis) քար ունենալու հաւանականութիւնը, մսակերներու նկատմանբ աւելի ցած է:
Բուսակերութիւնը,իր հարուստ բջջանիւթի յատկութիւնով,մարդու մարսողական համակարգին վրայ աւելի նպաստաւոր ազդեցութիւն ունի, քան թէ կենդանական ծագումով սնունդները.
Գիտական տուեալները կը փաստէն թէ,բուսակերները աւելի երկար կ’ապրին քան թէ մսակերները:
Մեծ Պահքի Բժշկական բացասական կողմերը:
Մեծ պահքի գլխաւոր բացասական կողմէ այն է որ, երկարատեւ առանց կենդանական սնունդի մարդկային սննդակարգը կարելի չէ ճիշտ եւ կատարեալ հաւասարակշրութեան բերել:Մարդ անհատի մարմինը կարիքը ունի որոշ կենսանիւթերու, հանքային աղերու,յատկապէս Երկաթի, Զինկի ,Քալսիումի, Մակնէզիումի եւ այլ տարրերու,եթէ բուսակերութիւնը երկարատեւ ըլլայ,այդ պարագային անհատը կ’ունենայ այդ տարրերու պակասը,որը կրնայ հիւանդութիւներու ծնունդ տալ:
Եթէ պահք պահողը կինսանիւթերու,յատկապէս ՛՛B12՛՛ ,՛՛D՛՛ ի կենսանիւթերու, Երկաթ եւ Զինկ տարրերու եւ հանքային աղերու պակասը ունի ցանկալի է որ,կենսանիւթերու եւ որոշ հանքային աղերու դեղերը օգտագործել:
Հակառակ պարագային:– ՛՛D՛՛ կենսանիւթի եւ Քալսիումի պակասը մարմնի ոսկորներու համակարգին վրայ չէզօք ազդելով խանգարումներու.
–Փրօթէին եւ Ամինօասիտի պակասը մկաններու եւ յօդուածներու հիւանդութիւններու.–Իսկ ՛՛B12՛՛ կենսանիւթի պակասն ալ անարիւնութեան եւ ջղային դրութեան խաղտումի ծննունդ կրնայ դառնալ:
Բժշկական տեսանկիւնէն,Մեծ Պահքի պահեցողութիւնը յղիներու ,երախաններու,ջղային խամգարում ունեցող հիւանդներու,անարիւնութիւն ունեցողներու յանձնարարելի չէ:
Պէտք չէ մոռնալ թէ’,պահք պահելը եկեղեցական խորհուրդ մըն է, ոչ թէ’ նիհարնալու համար տիէթ մը:
Անշուշտ ցանկալի է որ, քրիստոնեայ մարդիկ հետեւին Մեծ Պահքի խորհուրդին’, ոչ միայն իրենց սննդակարգի առումով,այլ նաեւ հոգեւոր:
Հոս ի հարկ է շեշտել թէ,Պահք պահեղներ եթէ ունին առողջական հարցեր, պէտք է չմոռնան նաեւ իրենց առկայ առողջական խնդիրները,որոնք կրնան որպէս, հետեւանք յառաջանալ.
Տոքթ. Սարգիս Ատամ
[…] .:HyeTert:. on 2018-02-10 Հայերենի Համար Ermeni dünyasında ”Büyük Oruç” bir yas veya inzivaya çekilme dönemidir, temel […]