İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ

Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ (6 Փետրուար  2018)
Մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի պատմութեան մէջ ամենաանկիւնադարձային, նուիրական ու յատկանշանական դէպքերէն մին ալ Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնն է: Տօնը կը յիշատակէ այն քաջարի ու նուիրական Սուրբ հայերը եւ Ղեւոնդ Երէց ու իր ընկերակից հոգեւորականները  որոնք, 451 թուականին Վարդանանց ճակատամարտին մասնակցելէն վերջ,բռնի տարուեցան Պարսկաստան, հարց ու փորձի ենթարուկելու համար:Հայոց պատմութիւնը անոնք կը  կոչէ “Սուրբ Ղեւոնդեանք” որոնք  աքսորուեցան ,չարչարուեցան,դատուեցան սակայն Աւարայի ճակատամարտի նման պահեցին իրենց հաւատքը եւ չարաչար հալածանքներու ենթարկուելով բերին իրենց վկայութիւն տալով իրենց կեանքը:
St3
Անոնք Պարսկաստան նախ փառքի,պատիւի եւ աշխարհիկ հարստութեան խօստումներով ,աւելի վերջ ալ մահուան սպառնալիքներով ենթարկուեցան կրօնափոխութեան շատ սաստիկ  ճնշումներու:
Որեւէ կերպ անոնց հոգիներու ու միտքերու վրայ չ’ազդեց,ընդհակառակը անոնք շարունակեցին քրիստոնէութեան կառչած մնալ:Անոնք օրուայ Պարսիկ թագաւորի հրամանով բանտարկուեցան եւ ենթարկուեցան չարչարանքներու ու խոշտանգումներու,սակայն, անոնք իրենց հաւատքի մէջ հաստատակամ մնացին ու ի վերջոյ սպաննուելով նահատակուեցան:
Հայաստանեայց Եկեղեցին ամէն տարի եկեղեցական արարողութւններով եւ հանդիսակատարութեամբ կը յիշատակէ  ,Սրբոց Ղեւոնեանց Քահանայյց  եւ քաջարի հոգեւորականներու յիշատակը, 2018 թուակիր տարուայ համար այս օր, 6 Փետրուար 2018 Երեքշաբթի օրն է:
St4
Այսօր մենք դասեր քաղելու ենք Ղեւոնդեանքի եւ անոր նման անցեալի դէպքերէն, մենք պարտաւոր ենք մեզի աւանդուծները անկորուստ յանձնել մեր յաջորդներուն:
Ղեւոնդեանց տօնի առիթով , ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակներու տօնը եւ կը մաղթեմ որ, Ամենակալ Տէրը անոնց պարգեւէ նուիրեալ ու բարի  ծառայութեան երկար տարիներ:


Տոքթ. Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın