ԻԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ ՎԻՊԱԳԻՐ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 140-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ
(4 Փետրուար 1878-1943)
Հոգեբանական վէպին անվիճելեի վարպետ գրիչը , Զապէլ Եսայեան ծնած է 4 Փետրուար 1878 թուականին Իսթանպուլի Սկիւտար թաղին մէջ: Տաղանդաւոր վիպագիր ու գրագէտ ԶապԷլ սկսած է 1890 թուականին Զապէլ Յովաննէսեան անունով գրել, ան իր ուսումը ամբողջուցած է Փարիզ -Սօրպօն համալսարանի մէջ: Այդ շրջաններուն մեր կիներուն մէջ անսովոր ու անօրինակ էր, բարձրաստիճան ուսում ունենալը.
Զապէլ Եսայեան, գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի “Ծաղիկ” եւ “Անահիտ” թերթերուն մէջ:
Ան աշխատակցած է նաեւ Հայ ու Եւրոպական, ի մասնաւորին Ֆրանսերէն գրական թերթերուն մէջ:
Զապէլ Եսայեան, փրկուած է Մեծ Եղեռնէն փախչելով Պուլկարիա ապա անցած է Կովկաս, ու~ր տարած է հանրային ու ազգային աշխատանքներ:1927 թուականին կ’այցելէ Հայաստան եւ կը վերադառնայ Փարիզ, ապա վերջ 1933 թուականին կը տեղափոխուի Երեւան, ու~ր կը շարունակէ գրական, ազհային ու բարոյսիրական գործունէութիւններ: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս: Կաւանդէ արեւմտեան երկիրնու գրականութիւն:1937-ին կը դառնայ Ստալինեան հալածանքներուն զոհ, կ’աքսորուի Սիպիրիա ու~ր1943 թուականին կը մեռնի.
Ան արեւմտահայ գրականութեան այն նորոյթապաշտ ու յառաջապահ կին գրողներէն մին է որ, մեր գրականութեան բեռած է, հոգեբանական սէրը: Իր ստեղծագործութիւններէն նշանաւորները են: “Շնորհքով Մարդիկ”, “Կեղծ Հանճարներ”, “Սկիւտարի Վերջալոյսներ”, “Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր”, “Քօղը”, “Վէպը”, “Աշուղը”, “Սիլահտարի Պարտէզները”, “Աւերակներու Մէջ”, “Կրակէ Շապիկ”, “Պարպա Խաչիկ”, Պրոմէթէոս Ազատագրուած”: “Սիլահտարի Պարտէզները”, իր մանկութեան շրջանի Իսթանպուլէն վերակազմուած ապրումներու ու յիշատակներու տպաւորիչ յուշագրութիւններու փունջ մըն է, որը անոր գլուխ գործն է: Զապել Եսաեան, “Աւերակներու Մէջ” հատորով , իր գրականութեան կեանքի գագաթնակէտին հասաւ, անոր այս հեղինակութիւնը մեր հայ գրականութեան եզակի գործերէն մին կը նկատուի , ուր~, մօր եւ հօր մը, սրտառուչ ապրումները, զգայուն ու նուրբ հոգեբանութեամբ կը պատմուի.
Տոքթ. Սարգիս Ատամ
İlk yorum yapan siz olun