Գրեց՝ Թովմաս Թէրզիեան
Պոլսոյ Համալսարանի գիտութեան պատմաբաններէն բարեկամ մը ինծի ծանօթացուց մանկանց վիրաբոյժ նաեւ գիտութեան պատմաբան Պարոն Շէրէֆ Էթքէրը որ քիմիական խորհրդանիշեր և բանաձեւեր (ֆօրմիւլ) պարունակող հայերէն գիրքի մը մասին տեղեկութիւններ քաղել կը փափաքեր՝ լուրջ ակադէմիկոսի մը հետաքրքրութեամբ: Պատահաբար հնավաճառէ մը ծախու առած էր այդ գիրքը եւ դիմած հին մատեաններու մասնագէտի մը, որ դժբախտաբար տեղեկութիւն չ՛ունէր այդ մասին: Գիրքին հեղինակ՝ Յ. Ս. Վահանեան՝ գրի առած էր աշխատասիրութիւն մը Սկզբունք Քիմիական Գիտութեան ի Պէտս Արհեստաւորաց եւ Նոր Ուսանողաց խորագրով, որ 1853’ին լոյս տեսած էր Միւհէնտիսեան Տպարանէն: Բերանացի ամփոփեցի գիրքին պարունակութիւնը՝ հետեւելով Պարոն Էթքէրի խնդրանքին եւ որոշ էջեր եւ հատուածներու թրքերէնի թարգմանութեան մղուեցայ: Նախաբանը, Քլօրը, Երկաթը, այլ մետաղները եւ մանաւանդ արուեստագիտութեան վերաբերեալ գիտելիքներ:
Սակայն ո՞վ էր Յ.Ս.Վահանեան, Օսմանեան Կայսրութեան հայ հպատակ մը, որ աշխատասիրած էր ժողովրդական պարզ հայերէնով առձեռն գիրք մը միայն, որ տպաւորութիւնը կը թողուր թէ հեղինակը համեստ ուսուցիչ մը կամ հետազօտիչ մըն էր: Ով՛ էր Վահանեան, այնքան ատեն որ էջերը կը դարձնէի կը յիշէի միջնակարգի գիտութեան դասերը եւ արծաթագործութեանս համբակ աշկերտութեան շրջանի վարպետիս յորդորները:
Քանի մը ապարդիւն փնտռտուքէ յետոյ վերջապէս կրցայ սորվիլ ինքնութիւնը Վահանեանին՝ շնորհիւ Հայկական Համառօտ Հանրագիտարանի: Ազգային գործիչ մըն էր Յ.Ս.Վահանեան, այսինքն Յովհաննէս Սարգիս Վահանեան, Սրբուհի Տիւսաբի՝ վիպագիր առաջին հայ կնոչ հարազատ եղբայրը, միեւնույն ատէն բնագէտ՝ Բարիզ ուսած: Սոյն հանրագիտարանի մէջ ծանօթագրութիւն մը երեւան կը հանէր ահա պատմական կարեւոր մէկ իրականութիւն մը, խանդավառելով զիս. Վահանեան, հեղինակն էր հայերէն առաջին՛ քիմիական գիրքի[1]:
Շէրէֆ Էթքէր եւս խանդավառուելով փափաք կը յայտնէ գրի առնել գիտական զեկուցում մը եւ կարդալ զայն Պոլսոյ Համալսարանի յատուկ բաժնին մէջ: Այս նպատակաւ կը շարունակէ պրպտել պետական եւ այլ աղբիւրներ աւելին ստուգելու համար եւ մինչեւ իսկ Վահանեանին լուսանկարը մէջտեղ կը հանէ: Կը ստուգէ նաեւ լուսահոգիին շիրիմին տեղը՝ Ենիգիւղ Եկեղեցիին պարտէզը: Այսպէսով ալ սրբագրած կ’ըլլայ վերջերս հրատարակուած Սարօ Տատեանի Հայ Արիստոկրատներ գիրքին[2] մէջի ծանօթագրութիւնը, թէ Վահանեան, Շիշլիի Գերեզմանատունը թաղուած էր:
Հետզհետէ բազմացան մեր հետազօտութիւններու արդիւնք գիտելիքները՝ Սարգիսի որդի Յ. Ս. Վահանեանին կենսագրութեան եւ ընտանեկան պարագաներու մասին: Այս առթիւ օգտուեցանք նաեւ Տոքդ. Իգնա Սարըասլանի յօդուածաշարքէն՝ Սրբուհի Տիւսապի մասին, որ լոյս տեսած էր Մարմարայի էջերու մէջ[3]: Եւ ահա զանազան աղբիւրներու օգնութեամբ ձեռք բերուած տուեալներով կարելի կ’ըլլայ ապահովել նկատելի տեղեկութիւններ իր մասին.
Օսմանեան Տոմարը (Սիճիլլ-ի Օսմանի, 1893), Վահան Էֆէնտիի մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ. «Գրասենեակէն (Քալէմ) հասած, Առեւտրական Դատարանի անդամ: Երրորդ, երկրորդ եւ առաջին խորհուրդներու ատենապետ, յետոյ Առեւտրական [Նախարարութեան] տեղակալ: [12]85ին վճռաբեկ Ատեանի (Մահքէմէ-ի դէմյիզ) անդամ կոչուած, քանի մը տարի Դատական [Նախարարութեան] աւագ պաշտօնատարութիւն ստանձնելէ յետոյ 1306ին վախճանած է[4]:
Հանրածանօթ Վահան Էֆէնտի կոչումով՝ Յովհաննէս Սարգիս Վահանեան, Սարգիս Վահանեան անուն վաճառականի մը զաւակն է: Մայրը Նազլը Վահանեան, Կեսարացի Արզումանեան Ամիրայի աղջիկ՝ տեղեակ քանի մը լեզուի, բարեսիրութեամբը ճանչցուած ազնիւ կին մըն է: Մանաւանդ իրենց բնակավայր Միջագիւղջի (Օրթաքէօյ) մէջ շատ մը բարեգործական միութեան հիմնադիր եւ մասնակիցն է: Երբ Հայրը՝ Սարգիս Էֆէնտի կը մահանայ Սրբուհի հազիւ մԷկ (1842), իսկ եղբայրը Յովհաննէս տասը տարեկան է: Սրբուհի, գիտութեան եւ պատմութեան զարգացումը կը պարտի իր եղբօր: Վահան Էֆէնտի, Տատեաններէ Նազիկ Հանումի հետ ամուսնացած եւ երկու աղջիկ զաւկի տիրացած է: Աղջիկներէն Աստինէ՝ Սէրվիչէն, իսկ Արաքսի՝ Կիւլպէնկեան Ընտանիքներու հարս գացած են[5]:
Յովհաննէս, բնագիտութեան հետամուտ է եւ երիտասարդ տարիքէն ստանձնած է պաշտօններ ազգային հաստատութեանց մէջ: Նախակրթարանի ուսումը Պոլիս աւարտելէ յետոյ 1848ին Բարիզ կը ղրկուի շարունակելու համար իր զարգացումը և 1852ին տարրաբանի տիտղոսով Պոլիս կը վերադառնայ: Բարիզ ուսանողութեան շրջանին Տոքդ. Նահապետ Րուսինեան եւ ապագայ հռչակաւոր գրագէտ Տոքդ. Յովսէփ Շիշմանէանի [Ծերենց] եւ այլ արդիապաշտ երիտասարդներու հէտ գործակցելով յառաջդիմական «Արարատ» Ընկերութեան գործունէութեանց մասնակից կ’ըլլայ: Քիմիական Սկզբունք[6] անուն աշխատասիրութիւնը 1853ին հրատարակող Վահանեան, 24 տարեկանին պետական սպասարկութեան մէջ է արդէն: Կը պատրաստէ մանրամասն բացատրական մը Առեւտրական Օրէնքին համար, որ 1861’ին ի զօրու դառցած է[7]: 1865ին՝ կարգուած է Թարգմանութեան Միութեան (Թէրճիւմէ Ճէմիյէթի) հիմնադիր անդամ և Ահմէթ ՃէւտէԹ Բաշաի խորհրդական:
Վահան Էֆէնտի, գործած է նաեւ իբր անդամ Առեւտրական Դատարաններու, 1868ին Դատարանի Կանոններու Դիւանի (Տիւան-ը Ահքեամ-ը Ատլիյէ), իսկ 1871ին Պետական Խորհուրդի (Շուրա-ի ՏէւլէԹ) անդամ է արդէն:
Տարրաբան Վահանեան, կը ծառայէ նաեւ Օսմանեան Դատական եւ Կրթական Նախարարութիւններու նաեւ զանազան հաստատութիւններու իբր խորհրդական[8]:1872էն սկզբեալ կը կարգուի Կրթական Նախարար Տարրաբան Տէրվիշ Բաշաի աւագ պաշտօնատար (միւսդէշար) իսկ 1876 (1872) ին Մէքդէպի Սուլթանիին երկրորդ բայց Օսմանեան հպատակութեամբ առաջին տնօրէնը: Վահան Էֆէնտի, կ’անդամակցի նաեւ Ա. Մէշրութիյէթին Սահմանադրական (Քանուն-ը Էսասի) Յանձնաժողովին: Պետական Կալուածատոմարներու Նախարարութեան (Տէֆթէր-ի Հաքանի Նէզարէթի) իբր պաշտօնատար՝ Վահանեան, Թէսաղոնիկէի 1877ի դէպքերը տեղւոյն վրայ քննելու, յետոյ Եւրոպական դատաստանական կազմը ուսումնասիրելու համար արտասահման կը ղրկուի: 1890ին ստանցնած է Քումքաբուի Հայոց Պատրիարքարանի մէջ պատահած դէպքերը քննարկելու պաշտօնը: Զանազան առիթներով կը մասնակցի կարեւոր յանձնախումբերու:
Գիտենք որ Վահանեան սեղմ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր Սուլթան Ապտիւլհամիտ Բ. ի հէտ[9]: Ապտիւլհամիտ Բ., որպէս դեսպան Հռոմ ղրկել փափակած էր զինք, բայց չէ իրականացած իր նշանակումը: Վահան էֆէնտի, իր բարձր ծառայութիւննէրուն համար՝ արժանացած է Օսմանեան (Ա Նշանը Օսմանի), Մէճիտի, բարձրաստիճան նիշաններու (Պալա) եւ Առանձնաշնորհման (Իմթիյազ) և Կրետեի շքանշաններուն:
Հետաքրքրական է՝ գիտնալ թէ Վահանեանի քրոջ Սրբուհիի ամուսին Ժան Տիւսափի եղբայրը՝ Ժան-Պադիսդ, Փերայի մէջ քիմիայի տարրալուծարան մը կը բանեցնէ[10]:
Այս տեղեկութիւնները հաւաքելէ ետք՝ կը փափաքինք այցելել Յովհաննէս Վահանեանի շիրմին զոր Շէրէֆ Էթքէր վստահօրէն կը յայտնէ թէ կը գտնուի Ենիգիւղ Եկեղեցիի հողատարածքին վրայ: 2011’ի աշնան առաւօտ մը եկեղեցին ենք ու մէյմէկ մոմ վառելէ ետք կ’սկսինք փնտռել լուսահոգիին շիրիմը: Պարտէզին մէջ չենք տեսներ որեւէ շիրիմ: Ժամակոչը կը յայտնէ թէ վերի պարտէզի մէջ երեք հատ ըլլալու է եւ չ’մերժելով մեր խնդրանքը պարտէզին դուռը կը բանայ: Աստիճաններէն կը բարձրանանք եւ դէմ յանդիման կու գանք գրեթէ պարապ՝ հանդարտ, գեղեցիկ բայց լքուած մէկ աշխարհի հետ: Աջ կողմը ցոյց կու տամ ընկերակիցիս, ուր երեք շիրիմ կարծէք այցելուի մը կարօտը կ’զգան: Արագ քայլերով կը մօտենանք եւ տարբեր արուեստագիտութեամբ մը կառուցուած առաջին շիրմաքարին վրայ կը նշմարենք գրութիւն մը. Շիրիմ Վահան Էֆէնտիի: «Ահաւասիկ՛ վահանեան» կը բացագանչեմ: Շէրէֆ Էթքէրի դէմքը կը լուսաւորուի եւ կը մօտենայ դիտելու շիրիմը որ շինուած էր անուանի ճարտարապետ Յովսէբ Ազնաւուրի կողմէ[11]: Եւ ահաւասիկ երկրորդ շիրիմ մը՝ աւելի պզտիկ և նուրբ. մայրը՝ Նազլը Վահանեան: «Տեսէք՛» կ’ըսեմ ուղեկիցիս: Յետոյ կը յառաջանանք դէպի երրորդ շիրիմին որ բարձրաստիճան կրօնաւորի մը քառանկիւնաձեւ քարէ դամբարանին երեւույթը ունի: Ձեռքով կը մաքրենք վրան, կարդալու համար արձանագրութիւնը. Սարգիս՝ հայրը ըլլալու է: Հարցման նշան մը մտքիս մէջ. «Շատ լաւ՛, բայց ինչո՞ւ թողուլ Միջագիւղը եւ գալ թաղուիլ Ենիգիւղ:» Մէկը պէտք է գիտնայ անպայման: Կը լուսանկարենք: Ժամակոչը անհանգիստ է. Թաղային խորհուրդին հետ կապ հաստատել եւ տեղեկութիւն տալ կ’ուզէ տարօրինակ այցելուներուն մասին: Կը հանդարտեցնենք զինքը եւ հեռախօսով բացատրութիւն կու տանք Ենիգիւղի թաղականներէն Պարոն Արէտ Մարտիկեանին: Մեր միակ նպատակն էր գիտական եւ պատմական անուրանալի արժեքի մը ինքնութիւնը կրկին երեւան բերել եւ փափաք կը յայտնենք որպէսզի Ենիգիւղի թաղային խորհուրդը վայելուչ ծանօթագրական տեղեկութիւններով օժտէ սոյն շիրիմները եւ մանաւանդ Վահանեանինը:
Վերադարձին Շէրէֆ Էթքէր կրկին կը խնդրէ որ Ենիգիւղցիները լուսաբանեմ Վահանեանի յիշատակին կարեւորութեանը մասին. մաքրել, վերանորոքել քարը եւ քովը զետեղել ծանօթացնող գրութիւն մը: Արդ, քանի մը անգամ հեռաձայնով կապ կը հաստատենք Ենիգիւղի հետ եւ կը բացատրենք հարցը խնդրելով ժամադրութիւն մը ներկայանալու եւ ներկայացնելու համար Վահանեանի եւ անոր դամբանաքարին կարեւորութիւնը: Վերջապէս Թաղականներէն մին՝ Պարոն Արէտ Մարտիկեան, կը խոստանայ զիս հրաւիրել Ծնունդին յաջորդող կիրակի օր եւ խօսիլ և պարտն ու պատշաճը տնօրինել:
Ափսո՛ս, չ’իրականանար մեր հանդիպումը: Բայց հոգ չէ. Հայ և Օսմանեան պատմութիւնը, մեր՛ պատմութիւնը այսպիսի արժէքներով լի է եւ մենք տէր կը կանգնինք անոնց: Երանի՛ մեզի, երանի՛ Ենիգիւղի:
Վերջապէս՝ կ’ուզեմ խոստովանիլ թէ այս համեստ զեկուցումը գրի առած եմ իբր յարգանք Վահանեանի յիշատակին եւ համեստաշուք գիտնական Տոքդ. Պարոն Շէրէֆ Էթքէրի անկեղծ ջանքերուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ քաղել սոյն տեղեկութիւններու մեծամասնութիւնը
[1] 1832-1891 Կ. Պոլիս: Բնագէտ և ազգային գործիչ: Բարիզ ուսած: Եղբայրը՝ Սրբուհի Տիւսաբի: Հեղինակը հայերէն առաջին տարրաբանութեան գիրքի:
[2] S. Dadyan, Osmanlı’da Ermeni Aristokrasisi, İstanbul, Everest yay, 2011, s. 325-327
[3] Սրբուհի Տիւսապի Հետքերուն Վրայ, Իգնա Սարըասլան, Մարմարա Օրաթերթ, 28 Սեպտեմբեր/ 6 Հոգտեմբեր 2006.
[4] Vahan Efendi (H.S. Vahanyan) ve Kimya Biliminin Temel İlkeleri / Isgzpunk Kimiagan Kidutyan, İstanbul, 1853; Dr. Şeref Etker, 2012.
[5] Տես. 4. Ըստ Շէրէֆ Էթքէրի, սոյն պարագան Անահիտ Տէր Մինասեանի աշխատասիրութեան մէջ հարցման նշանով ծանօթագրուած է:
[6]Սկզբունք քիմիական գիտութեան: Ի պէտս արհեստաւորաց եւ նոր ուսանողաց: Կ.Պոլիս, տպ. Հովհաննէս Մյուհենտիսյանի, 1853: Ժ, 395 էջ, 1 թ. քիմ. գործիքներիգծագիր, շարվ. 14×9 սմ:
[7] Տես. 4. Şerh-i Kanun-u Ticaret. Şerh-i Kânûnnâme-i Ticaret İstanbul, Takvimhane-i Âmire, 1278 [1861] (60 s.); 2.bs. İstanbul, 1299 [1882] Bekir Efendi Matbaası – Mahmud Bey Matbaası, (88 s.)]
[8] Տես. 4.
[9] Տես. 4.
[10] Sırpuhi Dussap’ın İzleri Üzerinde, İkna Sarıaslan, Marmara Gazetesi, 28 Eylül/ 6 Ekim 2006.
[11] Տես. 4.
İlk yorum yapan siz olun