Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ 3րդ թագաւորը այցելած է Լոնտոնի հայկական եկեղեցին։ Այս լուրը մեզի համար կրնար աննկատ անցնիլ, եթէ չտեղեկանայինք որ թագաւորը լուսանկարելու արտօնութիւն տրուած է կիպրահայ լուսանկարիչ Կարէն Գազանճեանի։
Արեւելք լրատու կայքէջը հետեւեալը կը գրէ.-
Կիպրահայ Կարէն Գազանճեան, որ պատանեկան տարիներէն սկսեալ լուսանկարչութեան սիրահար կը հանդիսանայ, լուսանկարած է Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ 3-րդ թագաւորը։
Առիթը եւ լուսանկարներու թուականը չի նշուիր։ կը հաղորդուի միայն, որ Գազանճեան ստացած է յատուկ թոյլտուութիւն թագաւորի ապահովութիւնը ստանձնած մարմիններէն ու ինչպէս կ’երեւի լուսանկարները առնուած են Հայց. Առաքելական Լոնտոնի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։
Լուսանկարներուն մէջ՝ Չարլզ թագաւորի կողքին կ’երեւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. ԱւագԱրք. Ասատուրեան (Իրաքի երբեմնի առաջնորդ) եւ Գերշ. Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան (Մեծն Բրիտանիոյ նախկին առաջնորդ)։
Նշենք, որ Նիկոսիոյ մէջ իր աչքերը բացած Կարէն Գազանճեան արհեստավարժ լուսանկարիչ է եւ ան իր մասնագիտական ուսումը ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։
Ան ներկայութիւն է գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ոսպնեակի ուշադրութեան ներքեւ կը պահէ գաղութային միջոցառումներն ու ձեռնարկները։
Վերջին տարիներուն Կարէն իր հօր՝ Յակոբ Գազանճեանի հետ միասին հիմնադրած է «Արձագանգ Միտիա» Դիմատետր-ի էջը, ուր յաճախ կը տեղադրուին Կարէնի պատրաստած տեսանիւթերը։
İlk yorum yapan siz olun