İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ԵՒ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՀՐԱՇԱՓԱՌՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար, 7 Մարտ 2025, Ուրբաթ ուշ գիշեր, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի, Ստանպուլէն Երեւան մեկնեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վաղ առաւօտուն հասաւ Զուարթնոց Օդակայան եւ առաջնորդուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

Իսկ 8 Մարտ 2025, Շաբաթ, Պատրիարք Հօր ի պատիւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարի մէջ։ Մայր Աթոռոյ Լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ, միաբանութեան անդամներ ողջունեցին Նորին Ամենապատուութեան գալուստը։

Արարողութեան ընթացքին, Լուսարարապետ Հայր Սուրբի բարի գալստեան խօսք արտասանեց եւ յայտնեց, թէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարելի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն մասնակցելու համար կը գտնուէր Ս. Էջմիածին, առիթ մը որ ուրախութիւն կը պատճառէր նաեւ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան։ Այս առթիւ յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան ողջունեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ բարի կեցութիւն մաղթեց։

Այնուհետեւ Պատրիարք Հայրը գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած անգամ մը եւս հայոց հոգեւոր կեդրոնը գտնուելու համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Մայր Աթոռի միաբանութեան։

Ապա Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Նորին Ամենապատուութեան ողջագուրումն ու առանձնազրոյցը:

Յառաջիկայ օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մասնակցի Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի ժողովին:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın