Նուիրատուն եղբայրն է՝ Գրիգոր Դաւիթեան
…
Պետական օփերայի երգիչ Գէորգ Դաւիթեան շուրջ երկու տարիէ ի վեր երիկամի անբաւարարութիւն ունէր եւ կապուած էր տիալիզի։ Լիարժէք կեանքի վերադառնալու համար իր եղբայրը՝ Գրիգոր Դաւիթեան առանց վայրկեան մը իսկ խորհելու, առաջարկեց փոխպատուաստել իր առողջ երիկամը։ Վիրահատութիւնը կատարուեցաւ երեք օր առաջ։
Երէկ, 6 Մարտին, կապ հաստատեցինք Գրիգոր Դաւիթեանի տիկնոջ՝ Նաթալիի հետ։ Ան ըսաւ որ թէ՛ ամուսինը՝ Գրիգոր, թէ՛ տագրը՝ Գէորգ կը գտնուին բժիշկներու խնամքի տակ։ Երկուքի ալ վիճակը կայուն է, յետվիրահատական շրջանին յատուկ դրսեւորումներով։
Եթէ ամէն ինչ բարեյաջող գնացքով մը շարունակուի, քանի մը օր յետոյ տուն պիտի ղրկուին եւ բնակարանային պայմաններու տակ պիտի շարունակեն ապաքինումը։
Անցեալ ըլլայ կ’ըսենք երկու եղբայրներուն՝ Գէորգին ու Գրիգորին, յատկապէս գնահատելով Գրիգորի կամքի ոյժն ու եղբօր հանդէպ նուիրումը։
https://www.facebook.com/photo?fbid=559741227085962&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun