İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ. ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ

19 Փետրուար թուականը գիրք նուիրելու օր ընտրուած է ի պատիւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան։ Գիրք նուիրելու օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի 2008 թուականէն ի վեր։ Տարուէ տարի, տօնը աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք կը բերէ, մեծ արձագանգ գտնելով հանրութեան մօտ եւ ստանալով համազգային բնոյթ։

19 Փետրուարը որպէս գիրք նուիրելու օր սահմանուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ ու կառավարութեան որոշումով։ Տօնի առիթով կը կազմակերպուին գրական միջոցառումներ, հանրային ընթերցումներ, գրական երեկոներ, հանդիպումներ՝ յայտնի գրողներու հետ, ինչպէս նաեւ մարզային ու համայնքային գրադարաններուն կը բաշխուին գիրքեր, որոնք հրատարակուած են պետական պատուէրով ու աջակցութեամբ ու ամբողջութեամբ չեն վաճառուած։

Պատահականօրէն չէ որ Գիրք նուիրելու օրը կը կապուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուայ հետ։ 20րդ դարասկզբին Կովկասի մէջ Գրողներու միութիւն չկար, սակայն Թումանեան ստեղծած էր «Վերնատուն»ը, որ ինքնին գրողներու միութիւն էր։

Գիրք նուիրելու տօնի նպատակն է ընթերցանութեամբ ու գիր-գրականութեան նկատմամբ սէրը ժառանգել նոր սերունդներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել գրականութեան ու հոգեւոր-մշակութային արժէքներուն։ Տօնական օրուայ աւանդութիւններէն է հետաքրքրական որեւէ գիրք նուիրել մտերիմ անձի մը, բայց միայն հայերէնով գիրք։

Այսօր զանազան երկիրներու հայկական համայնքներէն ներս ձեռնարկներ կը կատարուին, գիրքեր կը նուիրուին գրադարաններուն, որբանոցներուն, դպրոցներուն՝ փորձելով վերականգնել գրքի երբեմնի կարեւորութիւնը։

https://www.facebook.com/photo?fbid=548329064893845&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın