Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը յատուկ օրհնութեան գիրով կը գնահատէ Գալֆաեան Տան նուիրեալներէն Տիար Դանիէլ Անթիքաճեանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան գիրով յայտնած գնահատանքին առընթեր Գալֆաեան Տան նախորդ շրջաններու խնամակալութեանց ատենապետ եւ հաստատութեան բարերար Տիար Դանիէլ Անթիքաճեանի կը շնորհէ Պատրիարքական Աթոռի Պատուոյ Շքանշանը։
Տուուչութիւնը տեղի կ՚ունենայ ձեռամբ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր, այս Կիրակի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Սուրբ Պատարագի։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1456383133364914&set=a.388050850198153

