İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

52 ՀԵՐՑ

Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Հզօր խաղ մը, ցնցիչ։ Չորս շնորհալի երիտասարդ արուեստագիտուհիներ կը բեմադրեն խաղ մը որ կը սկսի չորս ապտակով։ Սաստիկ ուժով ապտակներ, ռումբի մը պէս կը պայթին փոքր սրահին մէջ։ Յետոյ հանդիսականները կը տեղեկանան թէ մեր ամէնուս սիրելի կղզին, Գընալըն, փոքրիկ Հայաստանը՝ կ’ոչնչանայ, մէջտեղէն կը վերնայ։ Ալ աւելի կը ցնցուին։ Օդին մէջ թռչող աթոռներ, որոնք կարծես զօրաւոր, սաստիկ ըմբոստութիւն մը կը դրսեւորեն։ Ջուր, պղպջակներ ամեն կողմ։ Եւ բոլոր ասոնց վրայ կու գայ աւելնալ լուր մը։ Լուսնի մասին, որ շեղած է իր ծիրը, պիտի հեռանայ աշխարհէն, անտեսանելի պիտի ըլլայ։ Այդ վիպական, ռոմանթիք գիշերները այլեւս միայն հէքեաթներուն մէջ է որ կարելի պիտի ըլլան։ Դարձեալ ցնցիչ։

Երկուշաբթի գիշեր «Իսթոս Ազնաւուր» թատերասրահին մէջ հաճոյքը ունեցանք դիտելու «Յանկարծ» թատերախումբի չորս անդամներ՝ Տիանա Չիլինկարեան, Լարա Նարին, Կարինէ Չիզմէճեան եւ Թարա Տէմիրճիօղլուի բեմադրած այս խաղը, որ իսկապէս կը ցնցէ հանդիսատեսները։ Սրահը փոքր է, ու բեմը եւ նստարանները գրեթէ մէջ մէջի են։ Այնպէս որ դերասանները եւ հանդիսականները կարծես թէ միասնաբար կ’ապրին նկարագրուած պատմութիւնը, միասին կը խնդան, միասին կը յուզուին։ Ստեղծուած միասնութիւնը բնականաբար կ’օգնէ խաղի յաջողութեամբ պսակումին։

Իրականութեան մէջ այս չորս արժէքաւոր արուեստագիտուհիները դատապարտուած են յաջողութեան։ Կատարողական հասունութեան մէջ անոնք սիրողական ոգիով բեմ կ’ելլեն ու իրենց սիրողական նախասիրութիւնը կատարողական վարպետութեամբ կը ցուցադրեն։

Անոնք բեմ ելած են իրենց սիրելի կղզիին ոչնչանալէն առաջ, վերջին խաղով մը պատմելու համար իրենց ոդիսականները, յիշելու համար այդ կղզիի վրայ իրենց ապրած ուրախ կամ տխուր օրերը, իրենց մանկութիւնը, առաջին սէրը։ Բայց մտահոգ են որովհետեւ կը խորհին թէ իրենց ձայնը անլսելի է, ոչ ոք զիրենք կը լսէ կամ անոնց կարեւորութիւն կու տայ։ Կը կարծեն թէ դատապարտուած են մինակութեան, ուրկէ կու գայ խաղին անունը, 52 հերց։ 52 հերցը այն յաճախականութիւնն է որով տեսակ մը կիտաձուկերը կը խօսին իրարու հետ, բայց այդ ձայնը նաեւ անլսելի է միւս ձուկերու կողմէ, այնպէս որ այդ կիտաձուկերը կը դասաւորուին որպէս աշխարհի ամենաառանձին էակները։

Թող հանգիստ ըլլան, անոնք իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ո՛չ միայն 52 Հերց յաճախականութեամբ, այլ բնութեան մէջ կարելի բոլոր յաճախականութիւններով եւ խլեցին սրահը ամբողջովին լեցնող հանդիսատեսներու ջերմ ծափահարութիւնները ու գնահատանքը։

Ձեր վարձքը կատար։

https://www.normarmara.com/251126lu.html