İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ողբերգական դէպք Գերմանիոյ մէջ

ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԸ ՀԻՆԳ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՄԵՌԱԾ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ

Գերմանիոյ հայ համայնքը ցնցուած է հայ ընտանիքի մը պատուհասած ծանր ողբերգութեան լուրով։ Պատէն-Վիւրթեմպերկ երկրամասի Քէհլ քաղաքին մէջ Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբերին, ընտանիքի մը հինգ անդամները մեռած գտնուած են իրենց բնակարանին մէջ, իսկ երկու զաւակները ծանր վիճակով հիւանդանոց փոխադրուած են։ Խօսքը Մկրտիչ Խաչիկօղլուի ընտանիքին մասին է։

Գերմանական ոստիկանութեան եւ դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ մահացած են ընտանիքին 46ամեայ հայրը, անոր 74ամեայ մայրը, 10 եւ 13 տարեկան երկու աղջիկներն ու 14 տարեկան տղան։ Ընտանիքին 12 տարեկան տղան եւ 11 տարեկան աղջիկը ծանր վիճակով, ուղղաթիռներով տեղափ ոխուած են Ֆրանսա, առնուելով խտացեալ դարմանումի տակ։ Երեխաներուն մայրը ողբերգութեան պահուն բնակարանին մէջ չէ գտնուած։

Երկուշաբթի առաւօտ երախաներուն դպրոց չներկայանալը մտահոգութեան պատճառ դարձած է։ Ընտանիքի ծանօթներէն մէկը այցելած է անոնց բնակարանը եւ պատասխան չստանալով՝ դիմած ոստիկանութեան։

Դէպքի վայր ժամանած հրշէջները բնակարանին մէջ յայտնաբերած են ածխածինի մոնօքսիտ կազի առկայութիւնը։ Սկզբնական տուեալներուն համաձայն՝ ընտանիքի անդամները թունաւորուած են այս կազէն։ Տակաւին յայտնի չէ, սակայն, թէ ի՞նչ պատճառներով կազի արտահոսք տեղի ունեցած է բնակարանին մէջ։ Իրաւասու մարմինները կը շարունակեն իրենց հետաքննութիւնը։

Դէպքը խոր սուգի մատնած է Գերմանիոյ հայ համայնքը։ Տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր հովիւը, որ մկրտած էր ընտանիքին զաւակները, գերմանական մամուլին յայտնած է, որ համայնքի անդամները աննկարագրելի ցնցումի մէջ են։

Վերջին հաղորդումներուն համաձայն՝ փրկուած երկու երեխաներուն առողջական վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ։ Մահացած հինգ անձերուն մարմինները դատաբժշկական քննութեան պիտի ենթարկուին։

https://www.normarmara.com/251126lu.html