İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԵՒ ՍԿԻԶԲԸ ԿԸ ԴՆԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 160-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլուն, որուն կ՚ընկերանային իր գործակիցներէն Պեսսէ Քապաքն ու Օտէթ Ճանտանը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ խնամակալութիւնը կը ջանայ լուսաբանել հանրային կարծիքը։ Այս տարուան նուիրահաւաքման արշաւը ունի բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը զուգադիպի Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 160-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ տուին դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Գալֆաեանը կը շարունակէ իր ուրոյն գործունէութիւնը պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։ Դպրոցը ունի 52 աշակերտ։ Կարգ մը հարցերու շուրջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հետ կը շարունակուի համագործակցութիւնը, ինչ որ առիթ կը դառնայ որոշ խնայողութիւններու։ Միեւնոյն ժամանակ, խնամակալութիւնը ամենայն լրջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կը շարունակէ զբաղիլ կալուածական հարցերով, որոնք հաստատութեան առջեւ նոր հորիզոններ կրնան ուրուագծել։ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ այս տարուան պիւտճէի բացը կը կազմէ 17,5 միլիոն թրքական լիրա։

Միւս կողմէ, խնամակալութիւնը ամփոփ ծրագիր մըն ալ մշակած է՝ արժեւորելու համար Գալֆաեանի հիմնադրութեան 160-ամեակը։ 2027 թուականի տարեմուտէն սկսեալ կը նախատեսուի այս ծրագիրը կեանքի կոչել փուլ առ փուլ։

Երէկուան զրոյցի աւարտին հիւրերը յայտնեցին, որ խնամակալութիւնը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի համայնքային շրջանակները այս տարի եւս զօրակցին Գալֆաեանի ընտանիքին, որպէսզի դպրոցի առաքելութիւնը պահպանուի կայուն հունի մէջ։

https://www.jamanak.com/content/3/25-11-2026/47051