İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գալֆաեանի սիրոյ սեղանին ընդառաջ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՆ, ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ

Գալֆաեան Տունը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 160ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 29 Նոյեմբերին, պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ վարժարանին ի նպաստ սարքելի սիրոյ սեղանը։

Տօնական օրուան ընդառաջ, երէկ, 24 Նոյեմբերին, մեր խմբագրատուն այցելեցին Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Գարասու-Մայօղլու եւ իր գործակիցներէն Պեսսէ Քապաք ու Օտէթ Ճանտան։ Մեր հիւրերուն հետ ունեցանք բաւական երկար ու անկեղծ զրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձանք վարժարանի կրթական ու տնտեսական կացութեան, խնամակալութեան աշխատանքներուն, հաստատութեան պատկանող կալուածներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համայնքային զանազան հարցերու։

Պեսսէ Քապաք գեղեցիկ անակնկալով մը եկած էր մեր խմբագրատունը՝ մեզի նուիրելով հին հայկական հրատարակութիւն մը։ Գալֆաեանի խնամակալները իրենց հաստատութեան 160ամեակին առթիւ գեղեցիկ սովորութիւն մը որդեգրած են։ Իրենց այցելութիւններու ընթացքին հայկական հին հրատարակութիւններ կը նուիրեն իրենց հիւրընկալներուն՝ իւրաքանչիւրին համար ընտրելով անոր հետաքրքրութիւններուն կամ գործունէութեան համապատասխան գիրք մը։

Զրոյցի գլխաւոր նիւթը, անշուշտ, Գալֆաեան վարժարանն էր, որ այս տարի 52 աշակերտով բացած է իր դռները։ Անցեալ տարի աշակերտութեան թիւը 51 էր։ Խնամակալներուն համար ուրախալի է այն իրողութիւնը, որ այս տարի աշակերտներու թիւը չէ պակսած։ Խնամակալները գոհունակութեամբ արտայայտուեցան ուսուցչական կազմին անձնուէր աշխատանքի մասին՝ շեշտելով, որ վարժարանի մէջ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ կը տիրէ։ Ծնողներու կողմէ ստացուած գնահատանքի խօսքերն ալ քաջալերանքի աղբիւր կը հանդիսանան իրենց համար։ Պիւտճէի բացը 17.5 միլիոն լիրա է։

Պատասխանատուներուն մտահոգութիւններէն մէկն է, որ մեր համայնքին մէկ հատուածը տակաւին վարժարանին մասին անցեալէն ժառանգուած պատկերացումներով կ’առաջնորդուի։ Հաստատութեան՝ որբանոց ըլլալու պատմական հանգամանքը երբեմն պատճառ կը դառնայ, որ ընտանիքներ իրենց զաւակներուն համար դպրոց ընտրելու ատեն նկատի չունենան Գալֆաեանը։ Մինչդեռ վարժարանը ունի նուիրեալ ուսուցչական կազմ, կրթական յարմար պայմաններ եւ աշակերտներու անհատական կարիքներով զբաղելու կարելիութիւն։ ….👇

Շարունակութիւնը՝

https://www.normarmara.com/251126lu.html