Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան տօնախմբութեան։
Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ, ներկայ եղան Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորած խնամակալութեան անդամները:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Ովսաննա Գալէնտէրի առաջնորդութեամբ եւ Շանթ Էսմէրի երգեհոնահարութեամբ՝ Կեդրոնական Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կեդրոնական Վարժարանի այժմու սաներ։
Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն իսկ՝ իր ամբողջ փառքին մէջ՝ անոնցմէ մէկուն պէս չհագուեցաւ։ Ուրեմն, եթէ Աստուած ա՛յդպէս կը հագցնէ դաշտի խոտը…» (Մատթ. 6.28-30) բնաբանով եւ խօսեցաւ օրուան աւետարանական հատուածին մասին, ուր կը խօսուէր ժառանգը բաժնելու մասին: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Աստուած՝ մեր արարիչը ամէն ինչ կատարեալ կը ստեղծէ եւ մեզմէ միայն կ’ակնկալէ, որ իր դրած ուղիղ դրութիւնը, իր հաստատած կեանքը չի խանգարենք: Ասոր համար ալ լաւ մարդկութիւն պէտք է ունենալ. ասոր միակ ճառն է կրթութիւնը:
Լաւ կրթութիւն ջամբող կրթօճախ մըն է Կեդրոնական Վարժարանը: Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ Կեդրոնականի կարեւորութեան ու դերին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով գնահատեց Կեդրոնականն ու անոր մեծ ընտանիքը, շնորհաւորեց վարժարանի տեսչութիւնն ու նորանշանակ տնօրէն Արմէն Սարուհանեանը եւ ուսուցչաց կազմը, որոնք կը շարունակեն գիտութիւն ջամբել մեր զաւակներուն։ Գնահատեց նաեւ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորութեամբ Ղալաթիոյ Խնամակալութեան եւ բոլոր վարչայիններուն կամքը, որով վարժարանը այս դժուարին օրերուն կը մնայ կանգուն։ Գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը: Ապա շեշտեց, որ ի մի հաւաքուած ենք Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու եւ ներկաները հրաւիրեց զօրակցելու մեր դարաւոր այս կրթօճախին:
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ կը փափաքի գնահատել Կեդրոնականի երկու երախտաւորները՝ բազմամեայ տնօրէն Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանը եւ Խնամակալութեան նախկին անդամ, ատենապետ եւ այժմ Վարժարանի հիմնադիրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլուն:
Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան կարդաց Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի ուղղեալ օրհնութեան գիրը, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը կ’ըսէ. «սրտագինս միանալով Կեդրոնական ընտանիքի ուրախութեան, սոյն Օրհնութեան Գիրով կը գնահատենք Ձեր վաստակը եւ կրթական գործունէութեան այս պատուաբեր հանգրուանը, Ձեզի կը շնորհենք Պատրիարքական Աթոռոյ Օրմանեան Շքանշանը անոր կցելով Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք»։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը վաստակաւոր կրթական մշակին վիզէն կախեց շքանշանը:
Իսկ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա կարդաց Յարութիւն Էպէօղլուի ուղղեալ օրհնութեան գիրը, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը կ’ըսէ. «յանուն Պատրիարքական Աթոռին մենք կը գնահատենք Ձեր երախտաշատ վաստակը եւ կը յայտնենք մեր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը եւ օրհնութեան սոյն գրով Ձեզի կը շնորհենք Պատրիարքական Աթոռոյ Պատուոյ Շքանշանը, որուն կը կցենք նաեւ Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, բարօրութեամբ եւ երջանկութեամբ»։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը վարչայինին կուրծքին զետեղեց շքանշանը:
Ապա կազմուած թափորը ուղղուեցաւ դէպի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադիր՝ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրիմին, ուր կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ:
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

