Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, 21 Նոյեմբեր 2026, Շաբաթ առաւօտ, Ընծայման տօնին կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը եւ հանդիսութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Արարողութեանց մասնակցեցան քահանայ հայրեր: Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի անդամներ:
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ պատմեց Ս. Կոյս Աստուածածնի ծնողքին՝ Յովակիմի եւ Աննայի կողմէ երեք տարեկան տաճար ընծայուիլը: Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց Աստուծոյ նուիրուելու կարեւորութիւնը, ինչպէս ըրած էին Մարիամի ծնողները: «Կարեւորը ամէն ինչը, ամենաթանկագինը Աստուծոյ նուիրելն է: Մենք պէտք է վերստին հասկնանք Աստուծոյ նուիրելու գաղափարը» ըսաւ մեր Հոգեւոր Պետը:
Մեր Հոգեւոր Պետը ապա անդրադարձաւ Պէյքոզի մեր հեռաւոր Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ հիմնադրութեան 250-ամեակին եւ շնորհաւորեց Պէյքոզի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը, Վարուժան Մաղաքեանի ատենապետած թաղային խորհուրդը, բոլոր սպասաւորները, բարերարներն ու սատարողները:
Ապա կազմուած թափորը յառաջացաւ դէպի գաւիթ, ուր Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետի սրբանկարի առաջ, մեր Հոգեւոր Պետի գլխաւորութեամբ եւ Ս. Նիկողայոսի մասունքով կատարուեցաւ խաչահանգիստ՝ ի բժշկութիւն հիւանդաց:
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին մօտակայ Մեճիտիյէ Ապարանքի համալիրին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը անակնկալ մը ընելով, օրուան պատարագիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի ձեռնադրութեան տարեդարձին առթիւ կարկանդակ մը բերին, որ կտրուեցաւ ծափողջոյններով եւ բարեմաղթանքներով:
Սիրոյ սեղանը եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/28978538931816783 ):
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

