İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԾԱՅՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՐԻՑ ԱՄԱՑ Ի ՏԱՃԱՐՆ.

ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ Պատրիարքութեան հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կը գործէ Գալֆաեան Տունը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Հոգելոյս Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի օրհնեալ ծառայութիւնը, որ ծանօթ է որբացած աղջնակներու պահպանման առաքելութեամբ։ Այս օրհնեալ հաստատութիւնը հանրութեան մէջ ծանօթ է իր նախախնամական գործունէութեամբ, որով բազմաթիւ ծնողազուրկ աղջնակներ ապաստան գտած են այս հաստատութեան երդիքին տակ, փրկուելով ստոյգ կորուստէ։

Այս տօնին յաջորդող Կիրակի օր ի ժամ Սուրբ Պատարագի առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ յիշեցինք Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանը եւ իր յաջորդ մայրերն եւ քոյրերը։ Նոյնպէս յիշեցինք Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութեան հաստատութեան առաջնորդող դէմքերը՝ Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեան, Կարապետ Ծ. Վրդ. Շահնազարեան, Գէորգ Աւագ Քահանայ Արծրունի։ Անոնց կարգին յիշեցինք նաեւ միաբանութեան հաստատութիւնը վաւերացնող Երանաշնորհ Պօղոս Պատրիարք Թաքթաքեանը։

Աստուած բոլորին հոգիները լուսաւորէ։

21 Նոյեմբեր, Շաբաթ օրուայ տօնին տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք Առաքինզարդ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանը եւ Առաքինազարդ Քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեանը եւ ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք քաջառողջ կեանք եւ յաջողութիւն իրենց Աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։

Այս առթիւ կը յիշենք Հոլանտական պետական զինանշանին վրայի գրութիւնը. «Je maintiendrai» որ է «Ես պիտի շարունակեմ», որ համազօր է Գալֆաեան Տան առաքելութենէն ցոլացող կարգախօսին։ Հաստատութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել, օգտակար ուսում եւ կրթութիւն ջամբելով այս օրհնեալ Տան խնամատար կարիքը ունեցող մեր զաւակները։

Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք որոնք այս օրհնեալ Տան առաքելութեան կը սատարեն նիւթապէս եւ բարոյապէս։

Աղբիւր: Գրիգոր Աւ. Քահանայ https://www.facebook.com/krikor.damadyan