Հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ սէրը, նոր սերունդի խանդավառութիւնն ու արուեստի միաւորիչ ուժը գեղեցկագոյն արտայայտութիւնը գտած են երաժշտական եւ տեսողական ուշագրաւ ստեղծագործութեան մը մէջ։ Երգահան, գործիքաւորող եւ նուագախումբի ղեկավար Արի Ալիճեանի (Հալաճեան) նախաձեռնութեամբ, Իսթանպուլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հայ մանուկներն ու պատանիները միաւորուած են հայկական աւանդական «Թամզարա» պարին շուրջ՝ կեանքի կոչելով իսկապէս գնահատելի նախագիծ մը, որուն արդիւնքը հիանալի տեսահոլովակ մըն է։
20 Նոյեմբերին՝ Երեխաներու Համաշխարհային Օրուան առիթով հրապարակուած այս ստեղծագործութիւնը գեղեցիկ վկայութիւն մըն է այն իրողութեան, թէ հայկական մշակոյթը կրնայ իրարու կապել երախաներ, որոնք զանազան երկիրներու մէջ կ’ապրին, իրարմէ հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը գտնուին եւ թերեւս բնաւ չեն հանդիպած իրարու։
Իսթանպուլի մէջ մանուկներ երգած են, Կիպրոսի մէջ՝ պարած, իսկ Հայաստանի մէջ երիտասարդ երաժիշտներ իրենց աւանդական նուագարաններով միացած են այս գեղեցիկ ձեռնարկին։ Տարբեր վայրերու մէջ կատարուած ձայնագրութիւններն ու նկարահանումները Արի Ալիճեանի երաժշտական մշակումով համադրուած են այնպիսի ներդաշնակութեամբ, որ դիտողը կը փոխադրեն հայկական երգի ու պարի ջերմ աշխարհը։ Տեսահոլովակին մէջ յատկապէս տպաւորիչ են երախաներուն անմիջականութիւնը, խանդավառութիւնը եւ անկեղծ ուրախութիւնը, զոր հաղորդած են իրենց կատարումներուն։
Նախագծի երաժշտական արտադրութիւնն ու համանուագային մշակումը ստանձնած է Արի Ալիճեան, որ յաջողած է հայկական աւանդական «Թամզարա»ն ներկայացնել նոր ու գրաւիչ մեկնաբանութեամբ՝ պահպանելով անոր հարազատ նկարագիրը։
Այս գեղեցիկ աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դասու երգչախումբը՝ խմբավար Սէրճան Կազէրօղլուի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի «Նանօր» պատանեկան պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գրիգոր Քելէշեանի առաջնորդութեամբ։
Հայաստանէն Նաիրա Խաչատրեան մասնակցած է տհոլի, իսկ Նարեկ Սարգսեան՝ պլուլի եւ շվիի կատարումներով։ Մեր քաղաքէն Ռաֆֆի Տէր Գէորգեան իր կարգին նուագած է տհոլ՝ ամբողջացնելով երաժշտական այս գեղեցիկ համադրութիւնը։
Յատուկ գնահատանքի արժանի է նաեւ տեսահոլովակի գեղարուեստական պատրաստութիւնը։ Տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանուած պատկերները միաւորուած են ճաշակաւոր եւ տպաւորիչ մոնթաժով, որուն հեղինակն է Արթօ Տաւուլճեան։ Ստեղծագործութեան շապիկի ձեւաւորումն ալ կատարած է Հայաստանէն երիտասարդ նկարչուհի Մանէ Փաշինեան։
Արի Ալիճեանի այս նախաձեռնութիւնը յատուկ արժէք կը ստանայ մանաւանդ անոր համար, որ հայկական մշակոյթը երախաներուն կը ներկայացնէ ո՛չ թէ իբրեւ անցեալէն մնացած յիշատակ, այլ իբրեւ կենդանի ժառանգութիւն, որուն իրենք եւս մասնակից են։ Երգելով, պարելով ու նուագելով՝ այս մանուկները իրենց կարգին կը դառնան դարերէ ի վեր փոխանցուող մեր մշակութային հարստութեան շարունակողները։
Մեծապէս գնահատելի է Արի Ալիճեանի մտայղացումը, ինչպէս նաեւ ներդրումը բոլոր այն երաժիշտներուն, խմբավարներուն, պարուսոյցներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կարելի դարձուցած են այս ստեղծագործութեան իրականացումը։ Առաւել եւս գովելի է, որ անոնք կրցած են երախաներուն մասնակցութեամբ ստեղծել այնպիսի գործ մը, որ միաժամանակ գեղարուեստական հաճոյք կը պատճառէ եւ մշակութային պատկանելիութեան զգացումը կ’ամրապնդէ։
«Թամզարա»ի այս նոր մեկնաբանութիւնը գեղեցիկ օրինակ մըն է, թէ ինչպէս կարելի է ժամանակակից երաժշտական ու տեսողական միջոցները ծառայեցնել հայկական աւանդութիւններու պահպանման եւ տարածման։ Իսկ տեսահոլովակի ամենէն յուզիչ պատգամը թերեւս այն է, որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնները կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը, երբ երախաները կը միաւորուին նոյն երգով, նոյն պարով եւ նոյն մշակութային արմատներով։
«Թամզարա»ն արդէն հասանելի է թուային երաժշտական հարթակներու վրայ, իսկ անոր տեսահոլովակը կարելի է դիտել «Եու թիւպ»ի միջոցով։
Կը շնորհաւորենք բոլորը։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1064362086623871&set=a.135021036224652

