Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2026-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պէյրութէն մեկնեցաւ դէպի Թուրքիոյ Մարտին քաղաք, ուր ընթացք առաւ իր հայրապետական այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ՝ եկեղեցական եւ լրատուական պատուիրակութեան մը։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Մարտինի մէջ դիմաւորեց Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական կառավարիչ՝ Գերպծ. Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեան։
Ժամանումէն ետք, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը այցելեց նահանգապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարտինի նահանգապետ՝ Թունչայ Աքքոյունի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր՝ ջերմ եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։
Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ դէպի Մարտինի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Յովսէփ» եկեղեցի, ուր կատարեց գոհաբանական աղօթք՝ խնդրելով Աստուծոյ օրհնութիւնը Եկեղեցիին եւ անոր զաւակներուն համար, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւնն ու կայունութեան հաստատումը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։
Այս առիթով, Մինասեան Հոգեւոր Տէրը ուղղեց հայրական պատգամ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ՝ այս օրհնեալ հողին վրայ գտնուելու շնորհքին համար, այն հողը, որ կը կրէ հաւատքի եւ վկայութեան դարաւոր պատմութիւնը։ Ան նաեւ խոր յուզմունքով անդրադարձաւ այս եկեղեցիին այցելութեան, որ սերտօրէն առնչուած է Սուրբ Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի պատմութեան։ Հայրապետը աղօթեց, որպէսզի այս եկեղեցին շարունակէ մնալ կենդանի ներկայութեան եւ յոյսի նշան, ինչպէս նաեւ մնայուն վկայ՝ այս շրջանին մէջ քրիստոնէական հաւատքի խոր արմատներուն։
Այս հայրապետական այցելութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցին Ճէզիրէի, Եփրատի եւ Սուրիական Ծովեզերքի թեմի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Տէր Անդրանիկ Եպս. Այվազեան, Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, Գերյ. Նարեկ Ծ. Վրդ. Մնոյեան, Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Ստեփանեան, ինչպէս նաեւ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական բաժնի աշխատակից՝ Շարպէլ Պասթուրի եւ «Նուրսաթ» լրատուական ցանցի աշխատակազմի անդամները։
Աղբիւր։ Armenian Catholic https://www.facebook.com/armeniancatholic

