İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ «ԱՄԵՆԱ»-ՆԵՐԸ՝ ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԱՉՔԵՐՈՎ

Գրեց՝ ՆԱԻՐԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ-ՍԻՒԶՄԷ

ԱՄԵՆԱՀԱՐԱԶԱՏ ԴԷՄՔԵՐԸ՝ «ՄԱՐՄԱՐԱ»-Ի ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ
Գագաթաժողովի օրերը ինծի համար նաեւ հին բարեկամներու հետ հանդիպելու գեղեցիկ առիթ մը եղան։
Առաջին հերթին յիշենք թերթիս պատուակալ աշխատակից Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանն ու իր կողակիցը՝ Տիկին Արտա Ճէպէճեանը։
Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններու անմիջականութիւնը, մարդամօտ բնաւորութիւնն ու ջերմ վերաբերմունքը հաճելի դարձուցին մեր հանդիպումները։
Անոնց հետ զրոյցը երբեք միայն պաշտօնական նիւթերու շուրջ սահմաններուն մէջ չէր մնար։ Կը խօսէինք ազգային կեանքի, սփիւռքեան համայնքներու, առօրեայ հարցերու մասին, երբեմն ալ պարզապէս կը վայելէինք բարեկամական հանդիպումի հաճոյքը։
Առանձին ուրախութիւն մըն էր Պուէնոս Այրէսէն ժամանած մեր աշխատակից Սօսի Հաճեանը դարձեալ տեսնելը։
Չորս օր շարունակ առաւօտեան նախաճաշերուն սեղանակից եղանք։ Մեր զրոյցները երբեմն կը սկսէին անձնական փոքրիկ պատմութեամբ մը եւ քիչ ետք կը հասնէին համահայկական մեծ հարցերու։ Խօսելիք այնքան շատ բան ունէինք, որ նախաճաշի ժամերը յաճախ կարճ կը թուէին։
Սօսի Հաճեան նոյնպէս գագաթաժողովի բանախօսներուն շարքին էր եւ մասնակցեցաւ հայագիտութեան ու համայնքային կրթութեան նուիրուած քննարկումին։
Այսպիսի հանդիպումներու արժէքը լաւ կը հասկնան անոնք, որոնք տարիներով նոյն թերթին շուրջ կը գործեն, բայց աշխարհագրական հեռաւորութեան պատճառով հազուադէպ առիթ կ’ունենան իրարու հետ ժամանակ անցընելու։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1062285400164873&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/191126lu.html