İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մատաղօրհնութիւններու եւ սիրոյ սեղաններու մարաթոնի ծիրէն ներս այս Կիրակիի հանգրուանը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ Կեդրոնական վարժարանն են։ Աւանդութեան համաձայն, կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր Կեդրոնականի մեծ ընտանիքը անգամ մը եւս պիտի համախմբուի իր սիրելի կրթական հաստատութեան շուրջ։

Այս առիթով, երէկ, 19 Նոյեմբերի կէսօրէն ետք, «ՄԱՐՄԱՐԱ»ի խմբագրատուն այցելեցին Խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակիցները՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Արտա Չընար։ Հիւրերը հանդիպում ունեցան մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ՝ փոխանցելու Կիրակիի հանդիսութիւններուն հրաւէրը եւ տեղեկութիւններ տալու վարժարանի ներկայ կացութեան, կրթական աշխատանքներու ու նիւթական կարիքներու մասին։

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին առանձնայատուկ սիրով յիշուեցաւ անունը Հայկ Ասլանեանի, որ իրաւամբ դարձած է Կեդրոնականի ընտանիքին ապրող խորհրդանիշը։ Համայնքիս «նահապետ»ը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կը շարունակէ նոյն եռանդով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայել իր սիրելի վարժարանին։ Վերջին երկու շաբաթներուն ան, խնամակալներուն հետ, անձամբ կը շրջի բարերարներու եւ համայնքային գործիչներու մօտ՝ Կիրակիի հանդիսութիւններուն հրաւիրագրերը փոխանցելու եւ զանոնք Կեդրոնականի շուրջ համախմբելու նպատակով։

Զրոյցի կարեւոր բաժինը յատկացուեցաւ վարժարանի նիւթական կացութեան։ Խնամակալութեան ներկայացուցիչներու համաձայն՝ Կեդրոնականի այս տարուան պիւտճէին մէջ կը նախատեսուի շուրջ 34 միլիոն լիրայի բաց մը։ Այս գումարին 10 միլիոնը գոյացած է 2 արտակարգ պատճառներով։ Նախ՝ աշակերտներու ընտանիքներուն կողմէ խոստացուած վճարումներէն շուրջ 5 միլիոն լիրա չէ գանձուած, իսկ միւս 5 միլիոնը յատկացուած է աշխատանքէ բաժնուած պաշտօնեաներու հատուցումներուն։ Առանց այս երկու յաւելեալ բեռներուն՝ պիւտճէի բացը պիտի սահմանափակուէր շուրջ 24 միլիոն լիրայով։

Խնամակալները դիտել տուին որ շատ լաւ կը հասկնան թէ 34 միլիոն լիրայի բաց մը փակելը դիւրին գործ չէ։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան համայնքային հաստատութիւններու օժանդակութիւնները։ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը տակաւին չեն յայտնած իրենց յատկացնելիք գումարները։

Կեդրոնական վարժարանը ներկայիս ունի 191 աշակերտ եւ 37 ուսուցիչ։ Վարչական կազմը բաղկացած է 5 հոգիէ, իսկ վարժարանի եւ եկեղեցւոյ սպասարկութեան առնչակից անձնակազմը՝ 9 հոգիէ։ Հիւրերը գոհունակութեամբ յայտնեցին, թէ մինչ անցեալ տարի վարժարանը տուած էր 34 շրջանաւարտ, այս տարեշրջանին ընդունած է 56 նոր աշակերտ։ Այս թիւերը կը վկայեն, թէ Կեդրոնականը կը շարունակէ իր տեղը պահպանել համայնքի կրթական կեանքին մէջ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարժարանի կրթական ծրագիրներուն եւ արտադասարանային գործունէութիւններուն։ Մեր հիւրերը շեշտեցին, թէ այսօր դպրոցական կրթութիւնը չի կեդրոնանար միայն դասարաններու մէջ փոխանցուած գիտելիքներուն վրայ Կրթօճախին մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտական ակումբներուն, որոնք պատանիներուն առիթ կ’ընծայեն զարգացնելու իրենց ընդունակութիւնները եւ նոր հետաքրքրութիւններ յայտնաբերելու։

Այս գծով կը գործեն պարի, ՄԱԿ-ի աշխատանքները նմանակող կրթական ծրագիրներու (Էմուէն) եւ ռոպոթաշինութեան ակումբներ։ Յատկապէս վերջինը աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու ելեկտրոնիկ եւ համակարգչային ծրագրաւորման սկզբունքներուն, պատրաստելու ռոպոթներ եւ մասնակցելու մրցումներու։ Այս գործունէութիւնները, սակայն, կը պահանջեն նիւթական յաւելեալ միջոցներ՝ սարքաւորումներու, անհրաժեշտ նիւթերու եւ մրցումներու մասնակցութեան ծախսերը հոգալու համար։

Զրոյցը առիթ դարձաւ նաեւ լուսարձակի տակ առնելու ընդհանուր առմամբ համայնքային վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները, կրթական կեանքի ներկայ պայմանները եւ Կեդրոնականի աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները։ Խնամակալները շեշտեցին, թէ նիւթական ծանր պարտաւորութիւններուն զուգահեռ իրենց առաջնահերթութիւնը կը մնայ կրթութեան որակի պահպանումը եւ աշակերտներու բազմակողմանի զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը։

Խմբագրատունէն բաժնուելէ առաջ, Խնամակալութեան ներկայացուցիչները յոյս յայտնեցին, թէ Կեդրոնականի բարեկամները այս տարի եւս պիտի ընդառաջեն իրենց հրաւէրին եւ իրենց մասնակցութեամբ ու նուիրատուութիւններով պիտի նպաստեն վարժարանի կարիքները դիմագրաւելու գործին։

https://www.facebook.com/photo?fbid=1063346183392128&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/201126lu.html