Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2026, Հինգշաբթի, Փանկալթիի Պերզէ գեղարուեստի սրահին մէջ մասնակցեցաւ արուեստագէտ Գարին Ճինճիօղլուի «Իմ գոյներս յոյս թող դառնան» ցուցահանդէսի բացման: Սոյն այցելութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան: Ինչպէս ծանօթ է, Ճինճիօղլուի սոյն ցուցահանդէսը կը սարքուէր ի նպաստ Յոյս միութեան:
Նորին Ամենապատուութիւնը գեղարուեստի սրահի մուտքին դիմաւորուեցաւ Առաքինազարդ Մայր Գայեանէ Տուլքատիրեանի առաջնորդութեամբ Յոյս միութեան ներկայացուցիչներու եւ գծագրիչ Գարին Ճինճիօղլուի կողմէ։
Ցուցահանդէսը շրջելէ ետք մեր Հոգեւոր Պետը խօսեցաւ, շեշտը դնելով բարութեան ու բարիք ընելու մասին: Մարդիկ իրենց չափերուն մէջ կը ջանան բարիք ընել, սակայն կ’ըլլան ժամանակներ, երբ անբաւական կը մնան մեր բարիքները: Ահա այսպէս ժամանակներուն կը հասնին խումբեր, միութիւններ եւ զանազան հաստատութիւններ, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն բարիք ընելու սրբազան գործին: Նորին Ամենապատուութիւնը այսպիսիներու շարքին դասեց Յոյս միութիւնը, որ կազմուած է մարդասիրական նպատակներով եւ մասնաւոր խնամքի կարօտ անձերու եւ ընտանիքներու ծառայութեան նուիրուած է: Այսօր այս միութեան եկած է իր զօրակցութիւնը բերելու սիրուած արուեստագէտ Գարին Ճինճիօղլու: Ան իր այս տարուան ցուցահանդէսը կատարեց ի նպաստ Յոյս Միութեան եւ եկամուտի մէկ մասը տրամադրեց: Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս գնահատեց թէ՛ Յոյս միութիւնը եւ թէ արուեստագէտ Գարին Ճինճինօղլուն ու կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց սուրբ գործին մէջ։
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 22 Նոյեմբեր:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

