Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2026, Հինգշաբթի, ընդունեց Գալֆաեան Տան Խնամակալութիւնը, առաջնորդութեամբ Առաք. Մայր Գայեանէ Տուլքատիրեանի եւ Առաք. Քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեանի ու գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Թամար Քարասու-Մայօղլուի։
Այցելուները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 29 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Գալֆաեան Տան մատաղօրհնութիւնը ու հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին Գալֆաեան միաբանուհիները եւ Գալֆաեան Տան հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները օրհնութիւնը ստացան Պատրիարք Հօր եւ արարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անոնք շեշտեցին Գալֆաեան Տան նիւթական նեղութիւնները եւ հարցերու կապակցութեամբ շօշափեցին Պատրիարք Հօր գաղափարները։
Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց հիւրերը, լսեց տրուած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ ու յոյս յայտնեց թէ՝ դժուարութեանց մէջ իսկ, միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուէին նեղութիւններ։ Այս առիթով Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց այցելուներու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1448885034114724&set=a.388050840198154

