Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը յատուկ օրհնութեան գիրերով կը գնահատէ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի երկու նուիրեալները, յանձինս՝ Տիկին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի եւ Տիար Յարութիւն Էպէօղլուի։
Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան գիրերով յայտնած գնահատանքին առընթեր Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի բազմամեայ վաստակաւոր տնօրէնուհի՝ Տիկին Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանին կը շնորհէ Պատրիարքական Աթոռի Օրմանեան Շքանշանը, իսկ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի Խնամակալութեան բազմամեայ անդամ եւ ատենապետ, նաեւ վարժարանի այժմու հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յարութիւն Էպէօղլուի՝ Պատրիարքական Աթոռի Պատուոյ Շքանշանը։
Տուուչութիւնը տեղի կ՚ունենայ ձեռամբ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր, այս Կիրակի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Սուրբ Պատարագի։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

