Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Նոյեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեանի եւ գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Մուրատ Քարամանի։
Այցելուները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 29 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ պիտի կատարուի Ս. Թադէոս-Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ քարոզիչները, հոգեւոր հովիւները եւ սատարողները։ Այցելուները, հանդիսութեանց սեմին հայրական օրհնութիւնը ստացան Նորին Ամենապատուութեան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին մերազն ժողովուրդէ նօսրացած թաղի գողտրիկ եկեղեցւոյ ի նպաստ իրենց աշխատանքներուն մասին եւ զանազան հարցերու կապակցութեամբ շօշափեցին Պատրիարք Հօր գաղափարները։
Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց հիւրերը եւ լսեց տրուած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ գնահատեց վարչայիններու ջանքը մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու համար, խոստացաւ նախագահել 28 Նոյեմբեր, Շաբաթ առաւօտեան անուան տօնախմբութեան, իսկ յաջորդ առաւօտ պիտի հանդիսապետէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան: Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց՝ եկեղեցանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1447951837541377&set=a.388050840198154

