Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Նոյեմբեր 2026, Երկուշաբթի, ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Մկրտիչ Արծիւեանի։
Խնամակալութեան անդամները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 22 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի մատաղօրհնութիւնը ու հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, հանդիսութեանց սեմին օրհնութիւնը ստացան Պատրիարք Հօր եւ արարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անոնք շեշտեցին Կեդրոնական Վարժարանի նիւթական նեղութիւնները եւ հարցերու կապակցութեամբ շօշափեցին Պատրիարք Հօր գաղափարները։
Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց հիւրերը եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ յոյս յայտնեց թէ՝ այս դժուարին օրերուն եւս, միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուէին բազում նեղութիւններ։ Այս առիթով մեր Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, եկեղեցանուէր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=1445673287769232&set=a.388050840198154
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

