İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՀ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Պատրիարքարան այցելեց

ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԷԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ 10-12 Նոյեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Պոլիս, երէկ, 10 Նոյեմբերին, այցելեց Հայոց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Արք. Մաշալեանի կողմէ։

Զարեհ Սինանեան յայտնեց, թէ Իսթանպուլ իր անդրանիկ այցելութեան առթիւ փափաքած էր մօտէն ծանօթանալ պոլսահայութեան հոգեւոր կեդրոնին եւ համայնքի դիմագրաւած խնդիրներուն։ Անոր կ’ընկերանային իր գրասենեակէն հայրենադարձներու համարկման վարչութեան պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան եւ նոյն վարչութեան Համարկման բաժնի պետ Նարինէ Կիւրեղեան, Պր. Սինանեանի ազգականը՝ Կարօ Համամճեան ու Պր. Հրաչ Քէչիեոլու։

Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Պոլսահայ մամուլը։ Ներկայ գտնուեցան թերթիս հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան, խմբագրապետուհի Նաիրա Մկրտչեան-Սիւզմէ եւ «Լոյս Թի-Վի»էն Էտկար Գէորգեան։

Զրոյցի ընթացքին Պատրիարք Հայրը ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայութեան կրթական, ընկերային եւ ժողովրդագրական վիճակին մասին։ Ան մասնաւորաբար կանգ առաւ համայնքի բնակչութեան նուազման, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւի անկումի եւ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ։ Ընդգծեց, որ պոլսահայութեան դարաւոր ժառանգութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է ի գին ամէն զոհողութեան, շարունակել հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իսթանպուլի մէջ առժամաբար բնակող հայաստանցի ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան հարցին։ Պատրիարք Հայրը բացատրեց, թէ պոլսահայ վարժարանները կը գործեն Լոզանի դաշնագրի դրութիւններուն համաձայն, մինչդեռ Հրանդ Տինք վարժարանը, պետական իշխանութիւններու արտօնութեամբ, կրթութեան հնարաւորութիւն կ’ընծայէ հայաստանցի երախաներուն։

Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարը իր կարգին նշեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը կը սահմանափակէ կարգ մը խնդիրներու լուծման կարելիութիւնները։

Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ գումարուած Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովին՝ շեշտելով, թէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։

Հայրենադարձութեան մասին խօսելով՝ Սինանեան բացատրեց, թէ Հայաստանի նպատակն է ստեղծել տնտեսական, կրթական եւ առողջապահական այնպիսի պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն թէ՛ Հայաստանի բնակչութեան երկրին մէջ մնալուն, թէ՛ սփիւռքահայերու վերադարձին։ Միաժամանակ ան շեշտեց որ հայրենադարձութիւնը չի նշանակեր աւանդական հայկական գաղթօճախներու վերացում, քանի որ անոնք պատմական եւ ազգային անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնեն։

Հանդիպման կարեւոր նիւթերէն մէկն ալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն էր։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, թէ երկու երկիրներու միջեւ մերձեցումը պիտի յանգի սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի զարգացման եւ տարածքաշրջանի կայունութեան տեսակէտէ։

Զարեհ Սինանեան ի պատասխան Պատրիարք Հօր տեսակէտին, ըսաւ որ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը դրացի երկիրներու հետ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատելն է։ Այս առթիւ ան ուշագրաւ արտայայտութիւն մը ունեցաւ. «Մեզի կը հարցնեն՝ Թուրքիոյ հետ եղբայրութի՞ւն կ’ուզէք։ Մենք կը պատասխանենք՝ կ’ուզենք դրացնութիւն ընել»։ Ան աւելցուց նաեւ, թէ Հայաստան իր զարգացման համար ընտրած է եւրոպական ուղեգիծը եւ իր ապագան կը տեսնէ Եւրոմիութեան կազմէն ներս։ Այս ուղղութիւնը, ըստ իրեն, չի նշանակեր այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզում, այլ՝ սեփական շահերու եւ առաջնահերթութիւններու հիման վրայ անկախ քաղաքականութիւն վարելու ձգտում։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ պատմական հայկական եկեղեցիներու պահպանութեան, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութեան եւ հայ ու թուրք ժողովուրդներու դարաւոր համակեցութեան։

Սինանեան յայտնեց նաեւ, թէ իր ծնողները Պարտիզակցի են եւ Պոլիս այցելութեան վերջին օրը կը նախատեսէ այցելել Պարտիզակ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անմիջական մթնոլորտի մէջ կարծիքներ փոխանակելու պոլսահայութեան ներկայի, Հայաստանի հետ կապերու եւ ապագայ գործակցութեան կարելիութիւններու շուրջ։

Զարեհ Սինանեանի Պոլիս այցելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 12 Նոյեմբեր։ Պաշտօնական ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ համայնքային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ։

https://www.normarmara.com/111126lu.html