İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՍՏՂԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 98-րդ ընդհանուր ժողովը վերջերս գումարուեցաւ Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Քառօրեայ ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ 98-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ։ Սա բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ քանի միեւնոյն ժամանակ նշուեցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակը։ Յոբելենական բնոյթ ստացաւ 98-րդ ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին վերարժեւորուեցաւ միութեան 120 տարիներու ազգաշէն ծառայութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ՀԲԸՄ-ի լուսահոգի հիմնադիրներու տեսլականը վերարծարծուեցաւ եւ անոր ժառանգութեան նկատմամբ գիտակցութիւնն ու միասնականութեան ոգին նոր թռիչք ստացաւ՝ մանաւանդ, որ շուրջ 700 անդամներ, համակիրներ եւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին քառօրեայ ծրագրին։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեանի պաշտօնավարութեան շրջանին գումարուած առաջին ընդհանուր ժողովն էր այս մէկը: Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցի ընդհանուր ժողովի սկիզբին հրապարակուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատգամը, զոր ընթերցեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեան։ Ընդհանուր ժողովին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան։

Քառօրեայ աշխատանքը ընթացաւ զանազան հանդիպումներով, խորհրդաժողովներով եւ ընկերամշակութային ձեռնարկներով։ Մոնրէալի հայաբնակ արուարձաններէն Սեն-Լորանի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցան հիմնական աշխատանքները։ ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղի ղեկավար Շահէ Թանաշեան եւ գործակից ընկերները բացառիկ ջանք գործադրած էին՝ կազմակերպչական աշխատանքները անթերիօրէն իրականացնելու համար։ Ուրախալի էր, որ այդ աշխատանքներուն արդիւնքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի կեդրոնէն ներս գումարուած ընդհանուր ժողովը տեղեկացուց՝ միութեան անցեալ երկու տարիներու գործունէութեան տեղեկագիրները։

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան հիմնական քանի մը առանցքներու շուրջ։ Այսպէս, անկախ եւ հզօր Հայաստանի տեսլականը, ուռճացող սփիւռքի երեւոյթը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու կիզակէտին էին։ ՀԲԸՄ-ի կողմէ հերթական անգամ այս ուղղութիւններով յանձնառութիւնը թարմացուեցաւ: Ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդգծուեցաւ, որ միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ՝ հայութիւնը համախմբելու եւ խտրականութիւնն ու պառակտումը կանխելու յանձնառութիւններուն։

Ընդհանուր ժողովը առիթ դարձաւ նաեւ յանձնելու ՀԲԸՄ-ի աւանդական մրցանակները։

Սեմ Սիմոնեան, որ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 8-րդ նախագահն է, իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ կառոյցը իր տեսակէտէ կը համարուի հայութեան հիւսիսային աստղը։ Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ, պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին հատուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակին ձօնուած յոբելենական կարկանդակը։

98-րդ ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան՝ աշխատանոցային ձեւաչափով զանազան քննարկումներ։ Զուգահեռաբար ընթացան ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու հաւաքը եւ «Ապրի» ֆորումը։ Այս վերջինը՝ «Ապրի-Արմենիա»ի կողմէ կազմակերպուած էր՝ «Հայաստան խաչմերուկի առջեւ. տարածաշրջան, հասանելիութիւն եւ թեքնոբանական նախաձեռնութիւն» խորագրին ներքեւ։ Քննարկումները իսկապէս շատ հետաքրքրական էին՝ մանաւանդ, որ շատ հեղինակաւոր ատենախօսներ ներգրաւուած էին ծրագրին։

Ի լրումն այս բոլորին, «Ութրըմոնթ» պատմական թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մեծ հանդիսութիւն մը, որու տպաւորութիւնը երկար ժամանակ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ թարմ կը մնայ։ «Համաշխարհային միասնականութեան ուժի տօնախմբութիւն» կոչուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին հանդէս եկան հայաշխարհէն բազում հեղինակաւոր արուեստագէտներ, որոնք իրենց կատարումներով արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն։

98-րդ ընդհանուր ժողովի աւարտին ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքը վերահաստատեց իր հետեւողականութիւնն ու վճռակամութիւնը, որպէսզի հայ իրականութեան տեսակէտէ իսկապէս ճակատագրական այս առաքելութիւնը շարունակուի ամուր հիմքերու վրայ եւ նոր ժամանակներու ոգիին համահունչ։

https://www.jamanak.com/content/1/5-11-2026/46890