İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԻՍՏԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի առաւօտ, Ասիզիի Խաղաղութեան միջազգային հանդիպման ծիրէն ներս մասնակցեցաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան նուիրուած նիստին։

Ժամը 09.30-ին, Քոլլէ տել Փարատիզոյի Չիմապուէ սրահին մէջ տեղի ունեցած «Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութիւնը՝ Արեւելքէն դէպի համաշխարհայնացած աշխարհ» խորագրով նիստը վարեց Սենթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմփալիացցօ։ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի, Մարսէյլի Արքեպիսկոպոս եւ Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համաժողովի նախագահ Կարտինալ Ժան-Մարք Աւելինի, ինչպէս նաեւ Սենթ Էճիտիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտիի բանախօսութիւնները տարբեր կողմերէ լուսաբանեցին Պատրիարքութեան պատմական ժառանգութիւնն ու արդի աշխարհի մէջ անոր ծառայութիւնը։

Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան 35ամեակին զուգադիպող այս հանդիպումը համախմբեց տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ առիթ ընձեռելով աւելի մօտէն ծանօթանալու Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան՝ երկխօսութեան եւ քրիստոնէական միութեան ի նպաստ տարած աշխատանքներուն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad