İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍԻԶԻԻ ՄԷՋ ԶԱՆԱԶԱՆ ՎԱՅՐԵՐԷ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ՄԻԱՑԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՅՆ ՅՈՅՍԻՆ ՄԷՋ

Ասիզիի մէջ եռօրեայ բանախօսութիւնները, հանդիպումներն ու բարեկամական զրոյցները վերջին օրը իրենց տեղը զիջեցան խաղաղութեան համար աղօթքներուն։ Զանազան կրօններու ներկայացուցիչները առանձին վայրերու մէջ, իրենց աւանդութիւններուն համաձայն կ՚աղօթէին, բայց բոլորին մաղթանքը նոյնն էր՝ պատերազմները վերջ գտնեն, ցաւերը մեղմանան եւ գալիք սերունդները կարենան խաղաղութեան մէջ ապրիլ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս, 27 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ մասնակցեցաւ Ասիզիի Մայր Տաճարին մէջ կատարուած աղօթքին։ Կարտինալ Քուրթ Քոխի նախագահած արարողութեան ընթացքին խօսք առին Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Կարտինալ Մաթթէօ Զուփփի։ Աղօթքը մաս կը կազմէր Սենթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ «Անզէն եւ զինաթափող խաղաղութիւն» խորագրով կազմակերպուած Խաղաղութեան միջազգային հանդիպման վերջին օրուան յայտագրին։

Աղօթքներէն ետք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Տաճարի հրապարակը եկող մասնակիցները ստեղծեցին հանդիպման թերեւս ամենագեղեցիկ տեսարաններէն մէկը։ Քիչ առաջ տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր լեզուներով աղօթող մարդիկ այժմ կողք կողքի էին։ Իւրաքանչիւրը եկած էր իր հաւատքով ու իր աւանդութեամբ, իսկ հրապարակին վրայ բոլորը կը բաժնէին խաղաղութեան նոյն կարօտը։

Փակման հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին տեսաուղերձը, քանի որ ան անձամբ չէր կրցած Ասիզի գալ։ Երբ պատերազմներու զոհերուն յիշատակին համար յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ, ամբողջ հրապարակը լռեց։ Երեք օրէ ի վեր խաղաղութեան մասին արտասանուած բոլոր խօսքերը այդ պահուն հանդիպեցան զոհուածներուն եւ անոնց ետեւ մնացածներուն ցաւին։

Այդ լռութենէն ծնող պատասխանատուութիւնը դէպի ապագայ երկարեցաւ, երբ կրօնական առաջնորդներուն ստորագրած խաղաղութեան հասարակաց հռչակագիրը յանձնուեցաւ երեխաներուն։ Առաջնորդները գալիք սերունդներուն ուղղուած իրենց պատգամը կը դնէին երեխաներուն ձեռքերուն մէջ՝ այն մաղթանքով, որ խաղաղութիւնը մնայուն ներկայութիւն դառնայ անոնց կեանքին մէջ։ Ապա մասնակիցները բացին իրենց պաստառները, որոնց վրայ տարբեր լեզուներով գրուած էր «խաղաղութիւն»։ Հրապարակը կրկին խօսք առաւ. բառերը տարբեր էին, մաղթանքը՝ նոյնը։

Հանդիսութեան աւարտին կրօնական առաջնորդները հրապարակին վրայ վառեցին խաղաղութեան մոմերը։ Երեխաներուն ձեռքերուն մէջ գտնուող հռչակագրին եւ մասնակիցներուն բարձրացուցած պաստառներուն այժմ կ՚ընկերանային այդ փոքրիկ լոյսերը։ Փակման հանդիսութենէն յիշողութեան մէջ մնացող պատկերն ալ այս էր՝ տարբեր հաւատքներու պատկանող մարդիկ, կողք կողքի, միասին վառ կը պահէին խաղաղութեան լոյսը եւ յոյսը։

1986ի Ասիզիի պատմական հանդիպման քառասնամեակին առթիւ կազմակերպուած այս երեք օրերուն ընթացքին, մեր Հոգեւոր Պետը մասնակցեցաւ զանազան յայտագիրներու եւ բանախօսեց քրիստոնէական միութեան նուիրուած նիստին։ Փակման հանդիսութեան Նորին Ամենապատուութիւնը եւս միացաւ խաղաղութեան այս հասարակաց կոչին։ Ասիզիի հանդիպումը աւարտեցաւ, իսկ հոն հաստատուած բարեկամութիւններն ու խաղաղութեան համար տրուած խոստումը կենդանի պահելու պատասխանատուութիւնը մասնակիցներուն հետ տարածուեցաւ աշխարհի տարբեր անկիւնները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad