Պօյաճըգիւղի մէջ, 25 Հոկտեմբեր 2026, Կիրակի, Գիւտ Խաչի Տօնին Ս. Պատարագ մատոյց Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ։ Արարողութեանց մասնակցեցան Թաղային Խորհուրդի անդամներն ու ուխտաւոր հաւատացեալներ։
Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Հայր Սուրբը քարոզեց՝ անդրադառնալով Գիւտ Խաչի տօնի խորհուրդին եւ մասնաւորաբար շեշտելով Հեղինէ թագուհիի հաւատքի ամուր ու օրինակելի կեցուածքը։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց Աստուծոյ փառք տալու համար ընձեռուած առիթները լաւագոյնս օգտագործելու եւ իրենց հաւատքի կեանքին մէջ Խաչին հրաշագործ զօրութիւնը զգալու։
Իր խօսքի ընթացքին Հայր Սուրբը իր գնահատանքն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց նաեւ բոլոր նուիրեալներուն՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ աշխատասիրութեան համար, որոնց շնորհիւ մեր աղօթքի տունը կը շարունակէ մնալ պայծառ ու հոգեւոր կեանքով լեցուն։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ յայտնի երաժիշտ Շահան Արծրունիի, ինչպէս նաեւ զանազան բարերարներուն։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1038257585900988&set=a.135021036224652

