Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Հոկտեմբեր 2026, Շաբաթ միջօրէին Հռոմ մեկնեցաւ, մասնակցելու համար խաղաղութեան համաժողովին եւ միջեկեղեցական աղօթքին։ Համաքրիստոնէական չափանիշով նշանակալից այս միջոցառումները կազմակերպուած է Ն.Ս.Տ. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի հովանաւորութեամբ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող Սէնթ Էճիտիօ համայնքի կազմակերպութեամբ։ Պատրիարք Հօր, որպէս գաւազանակիր կ՚ուղեկցի Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։
ԱՍԻԶԻԻ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Նորին Ամենապատուութիւնը, 25 Հոկտեմբեր 2026, Կիրակի, Սենթ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած Խաղաղութեան միջազգային հանդիպման ծիրէն ներս, մասնակցեցաւ Իտալիոյ Պասթիա Ումպրա քաղաքի ՈւմպրիաՖիէրէ կեդրոնին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։
Շուրջ չորս հազար հոգիներու մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագը գլխաւորեց Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Քինշասայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ֆրիտոլին Ամբոնկօ Պեսունկու։
Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը առիթ ունեցաւ զրուցելու Կարտինալ Ամբոնկոյի հետ։
Իսկ 25–27 Հոկտեմբեր թուականներուն «Անզէն եւ զինաթափող խաղաղութիւն» խորագրով տեղի ունեցող հանդիպումը կը նշէ 1986ին Ասիզիի մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան համար աղօթքի պատմական օրուան քառասնամեակը։ Հանդիպումը կը համախմբէ տարբեր եկեղեցիներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մշակութային ու հանրային կեանքի դէմքեր՝ երկխօսութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան նպաստելու նպատակով։
Մեր Հոգեւոր Պետը Աթոռ կը վերադառնայ 28 Հոկտեմբեր, Չորեքշաբթի իրիկուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

